ՄՇԱԿՈՅԹՆԵՐԸ ՈՂՋԱԳՈՒՐՈՒԵՑԱՆ ԱՂԹԱՄԱՐ ԿՂԶԻԻ ՎՐԱՅ

Դաշ­նա­կա­հար Տիգ­րան Հա­մա­սեան եւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին երգ­չա­խում­բը նա­խըն­թաց ի­րի­կուն պատ­մա­կան հա­մերգ մը սար­քե­ցին Վա­նայ լճի Աղ­թա­մար կղզիի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ զան­գա­կա­տան ներ­քոյ։ Հա­մեր­գի ներ­կա­նե­րուն կար­գին գտնուած է նաեւ տա­ղան­դա­ւոր գրիչ մը Եք­թա Քո­փան, որ իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը այ­սօր հրա­պա­րա­կած էր «Րա­տի­քալ» օ­րա­թեր­թին մէջ։

Յօ­դուա­ծը կը ներ­կա­յաց­նենք ստո­րեւ.-

Կա­րե­լի՞ է հա­շուե­փա­կի են­թար­կել 1915-ը։

Կա­րե­լի՞ է ա­ռե­րե­սուիլ 1915-ին հետ։

Կա­րե­լի՞ է քա­լել պատ­մու­թեան դէմ՝ ա­ռա՛նց ա­նուշ ա­ծա­կան­նե­րու ա­պա­ւի­նե­լու եւ ա­ռա՛նց զայն շրջան­ցե­լու։

Եր­կու հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րը կրնա՞ն նա­յիլ ի­րա­րու աչ­քե­րու մէջ։

Ա­ռանց «ով որ աչ­քը նախ փա­կէ՝ կը կորսնց­նէ» ը­սող քա­ղա­քա­գէտ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան, կրնա՞ն հան­դի­պիլ կա­մուր­ջի մը վրայ ու փաթ­թուիլ ի­րա­րու։

Այդ կա­մուր­ջը պի­տի կա­ռու­ցուի ա­րուես­տի մի­ջո­ցով։

Ար­տօ­նել կամ ոչ…

Կը մտա­ծեմ այս բա­նե­րը, երբ ա­մէն ան­գա­մուն Տիգ­րան Հա­մա­սեան, գրե­թէ պաշ­տա­մունք կա­տա­րե­լու նման, կը հա­կի իր դաշ­նա­մու­րին վրայ։

Վա­նի մէջ ենք՝ դառ­նա­լու հա­մար մէկ մաս­նի­կը Տիգ­րան Հա­մա­սեա­նի դէ­պի իր ար­մատ­նե­րը կա­տա­րած ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան։

«Լոյս ի լու­սոյ» խո­րագ­րուած եւ հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը մեկ­նա­բա­նած հա­մեր­գա­շա­րին Թուր­քիոյ երկ­րորդ փու­լը կա­յա­ցաւ Աղ­թա­մար կղզիի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Այս­պէ­սով Կար­սի Ա­նիի ա­ւե­րակ­նե­րուն մէջ կա­յա­ցած հա­մեր­գէն ետք Հա­մա­սեան քայլ մը եւս նե­տեց իր ե­րա­զանք­նե­րու ճա­նա­պար­հին։

Նախ մտա­ծում­նե­րու մէջ խո­րա­սու­զուե­ցանք, երբ ա­րե­ւը կը գտնուէր ճիշդ զե­նի­թին, իսկ մենք՝ վե­րա­նո­րո­գու­մը ա­ւար­տած ե­կե­ղեց­ւոյ զո­վու­թեան մէջ։ «Ա՛լ խա­ղա­ղու­թիւն եւ եղ­բայ­րու­թիւն կ՚ու­զենք» նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րը դար­ձան մեր ու­ղե­ղին մէջ, ո­րոնք օ­րուան ըն­թաց­քին հնչած էին Վա­նի մէջ։ Հա­մա­սեա­նի այս նա­խա­գի­ծը նշա­նահր­թիռ մըն է, որ ցոյց կու տայ, թէ կա­րե­լի է ի­րա­կա­նա­նայ այս մաղ­թան­քը։

«Լոյս ի լու­սոյ» ուխ­տի նա­խա­գիծ մըն է, ո­րու ըն­թաց­քին Տիգ­րան Հա­մա­սեան ընդ­հա­նուր առ­մամբ հա­րիւր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ հա­մերգ­ներ պի­տի սար­քէ, Թուր­քիոյ, Հա­յաս­տա­նի, Վրաս­տա­նի, Լի­բա­նա­նի, Ֆրան­սա­յի, Պել­ժիոյ, Զուի­ցե­րիոյ, Չե­խիոյ, Անգ­լիոյ, Գեր­մա­նիոյ, Լիւք­սեմ­պուր­կի, Ռու­սաս­տա­նի եւ ԱՄՆ-ի մէջ։ Այս հա­մեր­գա­շա­րի ըն­թաց­քին վար­պետ դաշ­նա­կա­հա­րին կ՚ըն­կե­րա­նայ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին երգ­չա­խում­բը՝ Յա­րու­թիւն Թո­փի­կեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ։ Հա­մա­սեան մին­չեւ Յու­նիս 30-ը հա­մերգ­ներ պի­տի սար­քէ Թուր­քիոյ տար­բեր քա­ղաք­նե­րուն մէջ։ Վեր­ջին կա­յա­նը պի­տի ըլ­լայ Պո­լի­սը, ուր 30 Յու­նիս Ե­րեք­շաբ­թի, Ա­յա Ի­րի­նիի թան­գա­րա­նին մէջ պի­տի ի­րա­կա­նա­նայ իր հա­մեր­գը, Իս­թան­պու­լի 22-րդ ճա­զի փա­ռա­տօ­նի շրջագ­ծով։

Յու­լիս 1-ին, Չո­րեք­շաբ­թի ի­րի­կուն ալ, իր ե­ռեա­կով ան պի­տի բարձ­րա­նայ «Ճե­մալ Ռե­շիտ Ռէյ»ի բե­մին վրայ։ Այս հա­մեր­գի ա­ռանց­քին պի­տի ըլ­լայ Ռո­թեր­տա­մի աշ­խար­հահռ­չակ «Նորտ Սի» ճա­զի փա­ռա­տօ­նին «Փոլ Ա­քըթ» մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցած «Մոք­րութ» ալ­պո­մը, ո­րու մե­ղե­դի­ներն ու նո­րա­րար հնչիւն­նե­րը պէտք է ան­պայ­ման ունկնդ­րուին ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն կող­մէ։ Ճա­զի սի­րա­հար­նե­րուն հա­մար հե­տե­ւեալ կեր­պով կրնամ հա­մա­ռօ­տել կա­ցու­թիւ­նը. այդ գի­շեր բե­մին վրայ պի­տի ըլ­լայ Տիգ­րան Հա­մա­սեան, ո­րուն Հար­պի Հան­քոք ը­սած է, թէ «Ա՛լ ու­սու­ցիչս դուն ես», Պրէտ Մեհ­տաու եւ Չիք Քո­րէա­յի նման ա­ռաս­պե­լա­կան ա­նուն­ներն ալ ար­ժա­նա­ցու­ցած են մեծ գնա­հա­տանք­նե­րու։

Այ­սինքն ու­նիք եր­կու հա­մերգ­ներ, զորս ան­պայ­ման պէտք է ար­ձա­նագ­րէք ձեր ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցին վրայ։

Սա­կայն մենք վե­րա­դառ­նանք Վա­նի, Աղ­թա­մար կղզիի հա­մեր­գին։

Կղզի հա­սանք ի­րիկ­նա­յին ժա­մե­րուն՝ ջեր­մօ­րէն դի­մա­ւո­րուե­լէ, կա­պոյտ եւ դե­ղին աչ­քեր ու­նե­ցող փի­սիկ­նե­րը սի­րե­լէ, Հիւս­րեւ փա­շա­յի հա­մա­լի­րին մէջ ցե­րե­կա­յին ճա­շով մը մենք մեզ շփաց­նե­լէ ետք։

Բա­րե­բախ­տա­բար չզգա­ցինք 30 աս­տի­ճա­նի հաս­նող ջեր­մու­թիւ­նը, Կին ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Տենկ­պէժ Կա­զի­նի եւ «Տեն­կէ Մէյ­ման Էր­պա­նէ» հա­մոյ­թի ե­րի­տա­սարդ ան­դամ­նե­րու հետ մեր ու­նե­ցած զուար­ճա­լի զրոյ­ցին շնոր­հիւ։

«Ա­նա­տո­լու քիւլ­թիւր»ի նա­խագ­ծի հա­մա­կար­գող Թա­մար Նալ­ճը, որ այս հա­մերգ­նե­րու Թուր­քիոյ փու­լին կ՚օ­ժան­դա­կէ Հա­մա­սեա­նին, խան­դա­վա­ռու­թեամբ կը պատ­մէր Ա­նիի հա­մեր­գը. «Հա­յոց Ա­նիի մէջ ու­նե­ցած ան­ցեա­լին տե­սա­կէ­տէն շատ կա­րե­ւոր եւ զգա­ցում­նե­րով բեռ­նա­ւոր հա­մերգ մըն էր։ Մէկ կող­մէ ալ այս հա­մեր­գա­շա­րին վա­ւե­րագ­րա­կա­նը կը նկա­րա­հանուի, ինչ որ դար­ձեալ խան­դա­վա­ռիչ է»։­

Երբ ա­րե­ւը թե­թե­ւօ­րէն կը մա­րէր, լսուե­ցան ա­ռա­ջին ձայ­նա­նիշ­նե­րը։ Հա­մա­սեան, որ շատ ան­գամ ինք­զինք կը յանձ­նէր երգ­չա­խում­բին, կա­տա­րո­ղա­կա­նու­թեան ըն­թաց­քին եր­բեմն կը շրջի Քէթ Ճե­րը­թի մե­ղե­դի­նե­րուն, եր­բեմն ալ տափս­թէ­փի հա­րուած­նե­րուն վրայ։ Ար­դէն իր ա­րուես­տի ընդգր­կուն բնոյ­թին պատ­ճա­ռով է, որ Հա­մա­սեան կը նկա­տուի մեր ժա­մա­նակ­նե­րու կա­րե­ւո­րա­գոյն ճա­զի դաշ­նա­կա­հար­նե­րէն մէ­կը։ 1987-ին ծնած ե­րա­ժիշ­տը իր ման­կու­թեան մտիկ ը­րած է «Լետ Զե­փե­լին», «Պլէք Սա­պատ», «Տիփ Փէօր­փըլ», «Քուին», «Նա­զա­րէթ»ի նման ե­րաժշ­տա­խում­բեր, ներշն­չուած է 19-րդ եւ 20-րդ դա­րե­րու հայ եւ ռուս բա­նաս­տեղծ­նե­րէն, ինչ­պէս նաեւ իր յօ­րի­նում­նե­րը կա­տա­րե­լու ժա­մա­նակ օգտ­նուած է հայ­կա­կան ե­րաժշտու­թեան լե­զուէն։ Այս բո­լո­րը գիտ­նալ ան­շուշտ գա­ղա­փար մը կու տայ իր ընդգր­կուն ա­րուես­տին հան­գա­մանք­նե­րուն մա­սին։ Ե­թէ այս մէ­կը բաւ չէ, փո­խան­ցեմ Հա­մա­սեա­նի հե­տե­ւեալ խօս­քը. «Ա­մե­նա­մեծ ե­րա­զանքս է որ­պէս կի­թա­ռա­հար մաս կազ­մել թրաշ­մե­թա­լի խում­բի մը։ Ե­թէ գիտ­նամ, որ քա­նի մը տա­րուան ըն­թաց­քին պի­տի դառ­նամ կա­տա­րեալ կի­թա­ռա­հար մը, այս պա­հուն իսկ կը ձգէի դաշ­նա­մու­րը եւ կը սկսէի կի­թառ սոր­վե­լու»։ Պահ մը երբ ա­ւան­դա­կան ե­րաժշտու­թեան մէջ տե­ղադ­րեց «Պլէք Սա­պատ»ի մե­ղե­դի­նե­րը, հասկ­ցայ, որ այդ խօս­քե­րը չէ ար­տա­սա­նած կա­տա­կի հա­մար։

Երբ ա­րե­ւը դէ­պի մայ­րա­մուտ կը յա­ռա­ջա­նար, կը խո­րա­նա­յին նաեւ մեր ապ­րում­նե­րը։ Ճա­զի փա­ռա­տօ­նի վա­րիչ Փե­լին Օփ­ճին իր գլխու տա­տա­նում­նե­րով կը հե­տե­ւէր երգ­չա­խում­բի ա­ւան­դա­կան ե­րաժշ­տու­թեան, ոտ­քե­րովն ալ՝ Հա­մա­սեա­նի թէ՛ մեղմ, թէ ան­կիւ­նա­ւոր ռիթ­մե­րուն։ Ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կը պա­տած էր մար­դու ըն­կա­լու­մը նախ զա­տո­րո­շող ա­պա միաց­նող ե­րաժշ­տու­թիւն մը։ Դար­ձեալ ա­րուեստն էր, որ ի­րա­կա­նու­թեան կը վե­րա­ծէր դժուա­րի­նը։ Զա­տո­րո­շում­նե­րը կը յստա­կա­նա­յին, այս­պէ­սով կը դիւ­րա­նար նաեւ միա­ցում­նե­րը։ Ինչ­քան որ ալ ո­մանք ու­զեն կամ չու­զեն…

Հա­մեր­գի ա­ւար­տին ճե­պազ­րոյց մը ու­նե­ցանք Տիգ­րան Հա­մա­սեա­նի հետ։ Հան­դարտ, նոյ­նիսկ գրե­թէ ամչ­կոտ նա­խա­դա­սու­թիւն­ներ կը կազ­մէր ան­ձը, որ քիչ ա­ռաջ դեռ հա­մար­ձակ ստեղ­ծում­ներ կը կա­տա­րէր դաշ­նա­մու­րին վրայ։ Զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին մեր քո­վէն ան­ցաւ քիւրտ մօ­րա­քոյր մը, որ պահք կը բռնէր եւ իր գլու­խը ծած­կած էր՝ ը­սե­լով, թէ այս մէկն ալ ա­նոնց սրբու­թիւնն է, պէտք է յար­գա­լից ըլ­լալ։

Ի­րա­րու աչ­քե­րու մէջ նա­յե­ցանք, երբ Աղ­թա­մար կղզին կը թո­ղէինք մեր ե­տին։ Մեր շու­քե­րը ին­կան լի­ճին վրայ։ Յայտ­նի չէր, թէ ո՛ր մէկ շու­քը ո՛ր մէկ ժո­ղո­վուր­դին կը պատ­կա­նէր։ Ա­նոնք ի­րա­րու ձու­լուե­ցան ջու­րին մէջ։

Այդ կա­մուր­ջը ստեղ­ծուե­ցաւ։ Ա­րուես­տով։

Ու­զեն կամ չու­զե­ն…

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2015