ԳՈՄՔԻ ՎԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ՔԱՅԼԵՐ
Սասուն գտնուող 1500-ամեայ պատմութեան տէր Գոմքի Ս. Պետրոս վանական համալիրը արձանագրուեցաւ պետականօրէն։ Արձանագրութիւնը իրականացուց Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Տիարպաքըրի Մշակոյթի եւ բնական ժառանգութեան պահպանման տարածքային կեդրոնը։ Տարածքը զբօսաշրջութեան առումով աւելի գրաւիչ դարձնելու նպատակով որոշուեցաւ վերականգնել եկեղեցին եւ յարակից հայկական գերեզմաննոցը։ 305 սենեակէ բաղկացած վանական համալիրը վերջին շրջանին տեղացիներու կողմէ կ՚օգտագործուէր որպէս ախոռ։ Կառոյցը լեցուած էր աղբով։ Վանական համալիրի համար տարիներ շարունակ պայքար մղող Սասունի, Պիթլիսի, Մուշի, Վանի եւ Պոլսոյ հայերու ընկերային օգնութեան, համերաշխութեան մշակութային միութեան ղեկավար Ազիզ Տաղճը յայտարարեց, թէ իրենք պիտի շարունակեն պայքարը հայերուն պատկանող պատմական եկեղեցւոյ, վանական համալիրի եւ յարակից բոլոր կառոյցներուն համար։