ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՊԱՀԱՆՋՈՒՄ

Ե­րե­ւա­նի Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ նստա­ցոյ­ցով սկսած ու Բաղ­րա­մեա­նի վրայ ժո­ղովր­դա­յին ցոյ­ցով շա­րու­նա­կուող «Ո՛չ թա­լա­նին» խմբա­կին կող­մէ նա­խա­ձեռ­նուած բո­ղո­քի շար­ժու­մը օ­րէ օր թափ կը ստա­նայ Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Ե­րէկ ի­րի­կուն Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ ցու­ցա­րար­նե­րու թի­ւը ակն­յայ­տօ­րէն ա­ճած էր։ Ոս­տի­կա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն Վա­լե­րի Օ­սի­պեան ցոյ­ցը ղե­կա­վա­րող­նե­րուն փո­խան­ցեց, որ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ըստ ի­րեն ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­քը ա­նօ­րի­նա­կան է այդ վայ­րին մէջ, ոս­տի­կան­նե­րը մի­ջամ­տել պի­տի չփոր­ձեն։

«Ո՛չ թա­լա­նին» նա­խա­ձեռ­նող­նե­րը յայ­տա­րա­րե­ցին, որ ցոյ­ցին միա­ցած են Չա­րեն­ցա­ւա­նէն ինք­նա­շարժ­նե­րու թա­փօ­րով Ե­րե­ւան հա­սած մար­դիկ։ Ցոյ­ցին միա­ցած են նաեւ փո­խադ­րա­կառ­քե­րով Ե­րե­ւան հա­սած հրազ­դան­ցի­ներ։ Զօ­րակ­ցա­կան ցոյ­ցեր եւ նստա­ցոյ­ցեր տե­ղի կ՚ու­նե­նան նաեւ Կիւմ­րիի, Սպի­տա­կի, Վա­նա­ձո­րի, Աշ­տա­րա­կի եւ Սի­սեա­նի մէջ։

Բաց աս­տի, ցու­ցա­րար­նե­րը նա­խորդ գի­շեր մեր­ժած էին Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ հան­դի­պե­լու ա­ռա­ջար­կը։ Ան այժմ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ կը գտնուի Պրիւք­սէլ։ Նստա­ցոյ­ցի նա­խա­ձեռ­նող­նե­րուն կար­ծի­քով, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը մէկ ճա­նա­պարհ ու­նին՝ չե­ղեալ յայ­տա­րա­րել ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կե­րու թան­կաց­ման ո­րո­շու­մը։

Նա­խորդ գի­շեր ցոյ­ցին միա­ցած եւ ոս­տի­կա­նու­թեան ու ցու­ցա­րար­նե­րու մի­ջեւ մարդ­կա­յին պատ­նէ­շի դեր ստանձ­նած են Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն պատ­գա­մա­ւոր­ներ, ա­րուես­տա­գէտ­ներ։

Ցու­ցա­րար­նե­րը կը բաժ­նեն նաեւ թռու­ցիկ­ներ, ուր կոչ կ՚ուղ­ղուի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն, որ­պէս­զի ա­նոնք ա­մէն օր ժա­մը 21.00-22.00-ի մի­ջեւ ան­ջա­տեն ի­րենց բնա­կա­րան­նե­րուն բո­լոր լոյ­սե­րը, ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեամբ աշ­խա­տող բո­լոր հա­մա­կար­գե­րը։ Թռու­ցի­կը, որ վեր­նագ­րուած է «Պայ­քա­րին միա­ցիր տու­նէն», կը յոր­դո­րէ ժո­ղո­վուր­դին տնա­յին կեն­ցա­ղա­յին ի­րե­րով պատշ­գամ­նե­րէն մեծ աղ­մուկ ստեղ­ծել՝ «շե­րե­փով, զուռ­նա-դհո­լով, սու­լի­չով, կաթ­սա­նե­րով»։ «Սա պի­տի ըլ­լայ նշան մը, թէ բո­լո­րը կը միա­նան այս պայ­քա­րին», գրուած է թռու­ցի­կին վրայ։

Միւս կող­մէ, լրագ­րո­ղա­կան եօթ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հէն կը պա­հան­ջեն հա­շիւ տալ երկ­րի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն՝ ցու­ցա­րար­նե­րու ու լրագ­րող­նե­րու նկատ­մամբ ի­րա­կա­նա­ցուած բռնու­թիւն­նե­րու եւ ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կին վե­րա­բե­րեալ։ Յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ստո­րագ­րած են երկ­րի յա­ռա­ջա­տար լրագ­րո­ղա­կան միու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց կար­գին են Ե­րե­ւա­նի Մա­մու­լի ա­կում­բը, Խօս­քի ա­զա­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան կո­մի­տէն ե­ւայլն։

Հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը կա­տա­րուած­նե­րը քննա­դա­տեց նաեւ «Հիւ­մըն ռայթ ուոչ» ի­րա­ւա­պաշտ­պան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը։ «Ե­թէ նոյ­նիսկ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ցոյ­ցը ար­տօ­նուած չէր, սա չ՚ար­դա­րաց­ներ առ­հա­սա­րակ խա­ղաղ ցու­ցա­րար­նե­րու եւ ձեռ­նար­կը լու­սա­բա­նող լրագ­րող­նե­րու դէմ ֆի­զի­քա­կան բռնու­թիւն­նե­րը», յայ­տա­րա­րեց կազ­մա­կեր­պու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Կէոր­կի Կո­կիա։

Խորհր­դա­րա­նի Հայ ազ­գա­յին գոնկ­րէս խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Լե­ւոն Զու­րա­բեան նոյն­պէս անդ­րա­դար­ձաւ Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին լրագ­րող­նե­րու նկատ­մամբ կի­րա­ռուած բռնու­թիւն­նե­րուն։ Եւ­րո­պա­յի խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի ամ­պիո­նէն ան յայ­տա­րա­րեց, թէ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը դա­ժա­նօ­րէն յար­ձա­կած է ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կա­գի­նի բարձ­րաց­ման դէմ բո­ղո­քող խա­ղաղ ցու­ցա­րար­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը լու­սա­բա­նող լրագ­րող­նե­րուն վրայ։

Ե­րե­ւա­նի զար­գա­ցում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը հան­դէս ե­կան նաեւ Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­գա­հի մամ­լոյ խօս­նակ Տի­միթ­րի Փես­քով։ Ան յոյս յայտ­նեց, թէ Հա­յաս­տա­նի օ­րէնսդ­րու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ պի­տի գտնուին բո­լոր հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խան­նե­րը։

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2015