ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԸ
Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Տիգրան Գէորգեան այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։ Ան յայտնեց, որ Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպի Շաբաթ, Յուլիսի 4-ին, Ս. Երկոտասան Առաքելոցն Քրիստոսի եւ Պօղոսի՝ երեքտասաներորդ Առաքելոյն տօնին։ Սոյն տօնախմբութեան առթիւ կատարելի կրօնական հանդիսութեանց համար խնդրեց Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին ու կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց թաղային խորհուրդի անդամներուն, իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։