ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի, այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ ատենապետութեան պաշտօնը ստանձնած է Մուրատ Չաքան։ Անոնք կը շարունակեն թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ապագային մասին ծրագրեր մշակել։ Այս ուղղութեամբ սկսած են արդէն տարեկան մատաղօրհնութեան աշխատանքներուն։ Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուի Դեկտեմբերի 6-ին, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ապա պիտի սարքուի սիրոյ սեղան ի նպաստ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Մուրատ Չաքանը եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց թաղականներուն, իրենց եկեղեցանուէր եւ կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։