ԷՍԱԵԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԻՆ ԻՐԵՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍՈՎ ՄԸ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տից հան­դէ­սը կա­յա­ցաւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան։ Հան­դի­սա­ւոր ընթ­րի­քին ներ­կայ էին Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­մայն­քի Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ա­բիկ Հայ­րա­պե­տեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Շիշ­լիի փոխ-քա­ղա­քա­պետ Վազ­գէն Պա­րըն, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տու­թե­նէն խորհր­դա­կան Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, Է­սաեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Սաթ­նիկ Նշան, նա­խակր­թու­թեան բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի Առ­լին Ե­շիլ­թէ­փէ, ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ծնող­ներ, հրա­ւի­րեալ­ներ։ Օ­րուան խօս­նակ­ներն էին Թի­նա Տէ­միր­ճի եւ Ար­տա Ճում­կա­զէ­րօղ­լու։ Հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան տնօ­րէ­նու­հի Սա­թե­նիկ Նշան, շրջա­նա­ւարտ սա­ներ Գա­րին Չա­քան, Ռի­թա Սա­րըօղ­լու եւ Էր­լին Ե­շիլ­չի­մէն։ Ա­շա­կեր­տա­կան երգ­չա­խում­բը, ե­րաժշ­տու­թեան ու­սու­ցիչ Յա­կոբ Մա­մի­կո­նեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ տոհ­միկ եր­գե­րու շա­րան մը ներ­կա­յա­ցուց, ինչ­պէս նաեւ եր­գեց վար­ժա­րա­նին քայ­լեր­գը՝ «Ող­ջոյն տա­ճար»ը։ Ա­ռաջ­նու­թեան մրցա­նա­կը յանձնուե­ցաւ Գա­րին Չա­քա­նին։ Ներ­կա­նե­րը «Հայ­լայֆ» հա­մոյ­թի ե­րաժշ­տու­թեամբ ապ­րե­ցան հա­ճե­լի պա­հեր։ Ճաշ­կե­րոյ­թի ըն­թաց­քին ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան։ Կար­կան­դա­կի կտրուելու պա­հը ե­ղաւ գա­գաթ­նա­յին կէ­տը եւ շրջա­նա­ւարտ­նե­րը յու­զում­նա­խառն մթնո­լոր­տի մը մէջ հրա­ժեշտ տուին ի­րենց սիրելի վար­ժա­րա­նին։

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2015