ՊԱՐԷՆԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մինսքի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներու հաւաքին։ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ այս կազմակերպութիւնը կ՚անցնի համարկման ներուժի բացայայտման փուլ՝ ի շահ ընդհանուր տնտեսական տարածքի ստեղծման եւ կայուն տնտեսական աճի։ Մինսքի ելոյթին մէջ Փաշինեան շեշտեց, որ արդի տնտեսական մարտահրաւէրներու համատեսքէն ներս կարեւորագոյն խնդիրներէն մին կը դառնայ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու պարէնային անվտանգութեան ապահովուիլը։

Վարչապետը համոզուած է, թէ ԵՏՄ-ի անդամ երկիրները առաջին հերթին պէտք է համատեղ հիմքով հակազդեն առկայ ռիսքերուն՝ օգտագործելով փոխադարձ ընդունելի լուծումներ մշակելու ներուժը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2022