ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ
Միջին Արեւելք կամ Մերձաւոր Արեւելք կամ Եւրոպային ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենամօտիկ արեւելքը, աւելի Միջերկրականին արեւելեան ու հարաւ-արեւելեան ու մինչեւ Պարսկաստան ընդգրկուն աշխարհաքաղաքական տարածքին անունն է, նոյն ԱՄՆ-ին կողմէ ընհդհանրացուած: Արեւմտեան քաղաքական ու տեղ մըն ալ ընկերային եւ մշակութային մօտեցմամբ ու մտածելակերպով՝ Միջին Արեւելքը այն տարածքն է, ուր կ՚ուրուագծուին Իսրայէլը, արաբական աշխարհն ու Պարսկաստանը եւ անոնց կապերուն ու հակամարտութեան ընդմէջէն կազմուած անջրպետը:
Նոյնիսկ Պաղ պատերազմի շրջանին Սովետական մօտեցման մէջ ալ կար «Մերձաւոր Արեւելք» հասկացողութիւնը նոյն ռուսական (իմա Սովետական) քաղաքականութեան առանցքները կազմող: Եւ ինչքան ալ արեւելք չէր Սուրիան, Լիբանանը, Իսրայէլը, Եգիպտոսը նոյն Սովետական Միութեան համար, այդ ձեւով մը ամերիկեան մօտեցման նետուած դիմակայութիւն մըն էր եւ աշխարհը բաժանելու փորձ՝ Սովետական ազդեցութեան գօտիներու:
Արաբական ազգայնական թեւը հակառակ որ չ՚ընդունիր Միջին Արեւելք անուանումը եւ ատկէ բխած քաղաքական դասաւորումները, եւ հակառակ որ զայն կը համարէ Սուրիան, Լիբանանը, Յորդանանը, Իսրայէլը, Եգիպտոսը եւ Ծոցի երկիրները զուտ արաբական տարածք, կը մնայ Միջին Արեւելքը միջազգային քաղաքականութեան եւ երկիրներուն քով ոչ սոսկ արաբական: Օրինակ՝ Պարսկաստանը նորէն դէմ է այս մօտեցման եւ պարզ տարբերութեան մը մատնանշումով կրնանք յիշել, որ արաբներու կոչած «Արաբական ծոց» անուանումը պարսիկները կը կոչեն «Պարսկական ծոց»: Ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի ուրիշ երկիրներ ունին իրենց անուանումներն ու մօտեցումները ընդհանուր հարցերուն եւ անոնցմէ սեռած քաղաքական մանրամասնութիւններուն շուրջ նոյն շրջանին մէջ:
Հակառակ այս բոլորին, Միջին Արեւելք արտայայտութիւնը կամ քաղաքական անուանումը ամենատարածուածն է եւ հոս մենք ալ ակամայ կը գործածենք այդ մէկը, քանի ամերիկեան ներկայութիւնը շատ մեծ է այս տարածքին մէջ եւ ինքն է թելադրողը, Իսրայէլի հետ, թէ՛ անունը եւ թէ համեմատական քաղաքական իրադարձութիւններու տինամիզմը:
Հոս հարց մը ինքզինք կը պարզէ, ո՞ր երկիրը կը համարուի հիմնաքարը այսպէս կոչուած Միջին Արեւելքին. պարզ է, որ պատասխանը պիտի ըլլայ Իսրայէլը: Իսրայէլը Միջին Արեւելքի ամենահզօր ու զարգացած երկիրն է (առանց խորանալու հոս իրաւագիտութեան, միջազգային յարաբերութիւններուն եւ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան մէջ) եւ յստակ է, որ ամենազարգացածն ու զօրաւորը ամենաազդուն կ՚ըլլայ տարածքային քաղաքականութեանց ու դէպքերուն մէջ:
Միջինարեւելեան երկիրները բնականաբար ունին իրենց այսպէս կոչուած ստեղծողները, այսինքն ինչքան ալ իրաւացի համարենք արաբական դատը եւ արաբներու միացման երազանքները, նոյն Սուրիան, Լիբանանը, Յորդանանը, Իրաքը եւ Արաբական ծոցի երկիրները Անգլիայի եւ Ֆրանսայի ծրագրաւորումով ու անուանումներով յառաջացած երկիրներ են եւ հոս տեսակ մը հակասութիւն կայ նոյն այդ երկիրներու պետական ու ազգային բովանդակութեան ու արաբական միասնականութեան մը գաղաբար-ծրագիրին միջեւ: Որովհետեւ, եթէ օրինակ, Սուրիան կամ Լիբանանը կամ Յորդանանը... եւ այլն կը կառչին իրենց պետական կայացման ու ատկէ բխած իրենց երկիրներու բարօրութեան ու հզօրութեան կերտման, ակամայ եւ տրամաբանօրէն նոյն այդ երկիրները պէտք է երախտապարտ ըլլան Ֆրանսայի եւ Անգլիայի (որոնց արեւմտեան կոչումը ամբողջացաւ ԱՄՆ-ի յայտնւումով եւ աննախադէպօրէն միջազգային յարաբերութիւններու ղեկավարմամբ), որոնք ստեղծած են իրենց պետականութիւնները (ինչ որ կ՚ենթադրէ Ծոցի երկիրներու պէս դաշնակցութիւն նոյն արեւմուտքին հետ), իսկ եթէ երթան դիմակայութեան արեւմուտքին հետ, իրենց պետականութիւնները կասկածի տակ կը դնեն:
Բնականաբար հոս կ՚արժէ ընդգծել, որ Գանատայի, ԱՄՆ-ի, Աւստրալիայի պատմութիւնները ուրիշ բաներ կը յուշեն, բայց այդ երկիրները վերածուեցան զարգացած, ինքնաբաւ երկիրներու եւ թէեւ Անգլիան էր իրենց ստեղծողը, անոնք լրացուցին ու կատարելագործեցին այսպէս կոչուած անկլոսաքսոնիզմը եւ կազմեցին միասին Արեւմտեան պլոքը: Միջին Արեւելքի երկիրներուն համար բոլորովին ուրիշ պատկեր է եւ հոս կրօնական, դաւանանքային, էթնիք եւ ինքնութիւններու մեծ խնդիրներ կան, որոնք համադրելի, լուծելի ու շրջանցնուող չեն:
Միջին Արեւելքը պատմականօրէն եղած է մեծ կռուախնձոր՝ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ իր աշխարհագրական դիրքով։ Վերջին դարուն անոր մէջ յայտնաբերուած ահռելի բնական հարստութիւններով ան դարձած է աւելի նշանակալից տարածք: Այո, պատմականօրէն եղած են դարաշրջաններ, երբ մեծ կայսրութիւններու (ինչպէս արաբականներն ու պարսկականները) մայրաքաղաքները եղած են Միջին Արեւելքի մէջ, բայց վերջին հազարամեակին ան դարձած է ազդեցութեան գօտի եւ քաղաքական պատմութեան մրցակցութեան բեմ: Գիտական, վարչական, նոյնիսկ մշակութային համաշխարհային կեդրոնները եղած են Արեւմուտքն ու Ծայրագոյն Արեւելքը, հակառակ Ալեքսանդր Մակեդոնացիի ամենահետաքրքրական քայլին պատմութեան մէջ վերացնելու այսպէս կոչուած միջանկեալ արեւելքը, երկու (Ծայրագոյն Արեւելք եւ Եւրոպա) տարածքը մնացած է այսպէս կոչած ինքնադրսեւորուող:
Ներկայիս Միջին Արեւելքը մեծ բախումներու, խժդժութիւններու, պայքարներու եւ իրադարձութիւններու տարածք է, եւ գեր ու շրջանային պետութիւններու շահերը ահռելիօրէն կը բախին հոն եւ երկարատեւ կայունութիւն ներկայ կտրուածքով անկարելի է սպասել, քանի բոլոր կողմերն ալ ունին իրենց պատկերացուցած Միջին Արեւելքը եւ կը փորձեն անոր քարտէսի վերադասաւորմամբ հասնիլ իրենց նպատակներուն: Միջին Արեւելքը իր մեծ ժողովրդագրական եւ յետամնաց կառուցուածքով (բացի Տուպայիէն եւ Իսրայէլէն) վերջին քսան տարուան ընթացքին Եւրոպայի համար մեծ խնդիրներ յառաջացուց եւ ինչքան ալ այդ տեղի երկիրներուն կառավարութիւնները ձեւականօրէն ինքնաբաւութիւն ու անկախութիւն ուզեն կառուցել, պարզ է, որ ներկայ բաց ու թեքնոլոժիք աշխարհին մէջ անկարելի էր փակ միջինարեւելեան տարածք տեսնել կամ կառուցել։ Այս կէտին հարկ կայ յիշեցնելու, թէ Տուպային ամենաշատը օգտուեցաւ ու ճիշդ ընկալեց այսպէս կոչուած բացուածութեան կանոնները եւ ներկայ աշխարհին մէջ վերածուեցաւ մեծ կեդրոնններէն մէկուն:
Դժուար է կանխատեսել ապագան կամ կայուն ծրագիրներ մշակել՝ մանաւանդ Միջին Արեւելքի պէս յարափոփոխ, ընթացիկ հակամարտութիւններով լի տարածքի մը համար։ Սակայն, բան մը յստակ է, որ այդ տարածքէն ներս եղած զարգացումները փոխկապակցուած են միւս տարածքներու անվտանգութեան համար:
Ընդհանուր առմամբ Միջին Արեւելքը եղած է ու կը մնայ ամենահետաքրքական տարածքներէն մէկը եւ այդ տեղի իրադարձութիւնները հրատապ կրնան համարուիլ՝ քանի տակաւին կրօնական ու մշակութային մեծ կեդրոնները կան այդտեղ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
26 յունիս 2022