ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

 Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը վեր­ջին օ­րե­րուն իր յար­կէն ներս հիւ­րըն­կա­լեց եր­կու դես­պան­ներ, մին հրա­ժեշ­տի, իսկ միւ­սը բա­րի գա­լուս­տի առ­թիւ։

Այս­պէս, Ե­րե­ւա­նի մօտ Գեր­մա­նիոյ դես­պան Ռայ­նէր Մո­րէլ, որ կ՚ա­ւար­տէ իր դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ, այ­ցե­լեց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։

Հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը գո­հու­նա­կու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ Մայր Ա­թո­ռի եւ դես­պա­նա­տան մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած սերտ կա­պե­րուն, ինչ­պէս նաեւ կա­րե­ւո­րեց հայ-գեր­մա­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման ուղ­ղեալ դես­պա­նին ջան­քե­րը։

Խօ­սե­լով Գեր­մա­նիոյ խորհրդա­րա­նին կող­մէ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման խնդրին մա­սին, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը յոյս յայտ­նեց, որ շա­րու­նա­կուող քննար­կում­նե­րը ու­նե­նան դրա­կան հան­գու­ցա­լու­ծում։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ընդգ­ծեց, թէ Գեր­մա­նիոյ կող­մէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չումն ու դա­տա­պար­տու­մը օ­րի­նակ պի­տի ծա­ռա­յէ այլ պե­տու­թիւն­նե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­մար՝ նպաս­տե­լով նաեւ մարդ­կա­յին կեան­քի մէջ նման ող­բեր­գու­թիւն­նե­րու կան­խար­գի­լու­մը։

Իր հեր­թին դես­պան Մո­րէլ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին՝ ջերմ վե­րա­բեր­մուն­քի եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար։

Իսկ Ե­րե­ւա­նի մօտ Ար­ժան­թի­նի նո­րան­շա­նակ դես­պան Կոն­զա­լօ Ուր­լիօ­լա­պեի­տիա փու­թաց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, փափ­կա­վա­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տա­լու հա­մար Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին։

Նշա­նակ­ման առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րե­լով դես­պա­նը՝ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը գո­հու­նա­կու­թեամբ խօ­սե­ցաւ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ առ­կայ բա­րե­կա­մա­կան ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ դէ­պի Ար­ժան­թին կա­տա­րած իր հո­վուա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն մա­սին։

Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբու­թիւ­նը գնա­հա­տան­քով նշեց, որ Մեծ ե­ղեռ­նէն մա­զա­պուրծ բա­զում հա­յոր­դի­ներ կայք հաս­տա­տած են Ար­ժան­թի­նի հիւ­րըն­կալ երկ­րին մէջ եւ այ­սօր ալ կը շա­րու­նա­կեն վա­յե­լել Ար­ժան­թի­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու հո­գա­տար վե­րա­բեր­մուն­քը։

Դես­պա­նը իր հեր­թին հա­ւաս­տիա­ցուց, որ պի­տի ջա­նայ ըստ ա­մե­նայ­նի զօ­րաց­նել եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ առ­կայ բա­րե­կա­մու­թիւնն ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Անդ­րա­դառ­նա­լով Ար­ժան­թի­նի հայ հա­մայն­քին՝ դես­պա­նը ընդգ­ծեց, որ ըն­դու­նուած, սի­րուած ու գնա­հա­տուած է ան՝ իր ազ­նուու­թեան ու աշ­խա­տա­սի­րու­թեան, երկ­րի զար­գաց­ման ու ամ­րապնդ­ման բե­րած կա­րե­ւոր նպաս­տին շնոր­հիւ։

Հան­դիպ­ման ա­ւար­տին Նո­րին Սրբու­թիւ­նը իր բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը ուղ­ղեց դես­պա­նին՝ ար­դիւ­նա­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան մաղ­թե­լով ի­րեն Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Հան­դիպ­ման ներ­կայ էր նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2015