ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԻՖԹԱՐԻ ՃԱՇ
Մխիթարեան վարժարանի պարտէզին մէջ երէկ սարքուեցաւ իֆթարի ճաշկերոյթ մը։ Ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Իսթանպուլի երեսփոխան Կարապետ Փայլան, Կրթութեան նախարարութեան մասնաւոր վարժարաններու ընդհանուր տնօրէն Էօմէր Ֆարուք Ելքէնճի, Մխիթարեան միաբանութենէն Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Եուսուֆ Սաղ, Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, Հ. Աբրահամ Վրդ. Ֆրատեան, Իսթանպուլի փոխ-կուսակալ Եուսուֆ Զիյա Քարաճաեւ, Շիշլիի գաւառապետ Սալիհ Ըշըք, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու, Խնամատար մարմնի ատենապետ Տքթ. Արման Գամար եւ իր ընկերները, տնօրէնուհիներ՝ Եւա Օրագեան, Էլտա Գարակէօզեան ու Քաթիա Վարկը, կրթական մշակներ եւ այլ հիւրեր։ Այս առթիւ արտայայտուեցան Գերապայծառը, Ֆարուք Ելքէնճի, Պերճ Մենզիլճիօղլու, Եւա Օրագեան, Եուսուֆ Սաղ եւ այլք։ Դրական պատգամներ փոխանցուեցան նաեւ հիւրերուն կողմէ, ինչ որ համահունչ էր տիրող հոգեւոր մթնոլորտին։