ԼԻԲԱՆԱՆ. ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԷՆ ԱՌԱՋ ԴԺՈՒԱՐ ՕՐԵՐ

Վերջին օրերուն Լիբանանի մէջ առկայ տագնապներուն մասին վերլուծութիւնները բնաւ յուսադրիչ չեն։ Խօսքը կը վերաբերի մասնաւորապէս «Շարք ալ Աուսաթ» պարբերականին, որ կիսով չափ կը համարուի Սէուտական Արաբիոյ խօսափողը։ Թերթը, որ կը տպագրուի Լոնտոնի մէջ, օրերս ուշագրաւ նիւթեր հրապարակած է Լիբանանէ ներս տնտեսական-ընկերային տագնապներուն մասին՝ նշելով, որ այս օրերուն անգամ մը եւս գլուխ ցցող ընկերային խնդիրները՝ հացի, վառելանիւթի, դեղօրայքի կամ ջուրի ու ելեկտրականութեան, աւելիով պիտի սրին ու երկիրը տանին քաոսային դրութեան մը։

Յստակ է, որ այս օրերուն Լիբանանի քաղաքական կեանքի առանցքը կը դառնայ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, հետեւաբար նաեւ նոր կառավարութեան մը կազմութեան խնդրին շուրջ, սակայն միամտութիւն է կարծել կամ նոյնիսկ ակնկալել, որ որեւէ կառավարութիւն, նոյնիսկ եթէ այն կազմուի «համերաշխութեան» մը հիմքերով, կը կարողանայ երկարաժամկէտ լուծումներ բերել վիրաւոր Լիբանանին։

Ներկայ պահու դրութեամբ Լիբանանի տագնապներու «սանձը» կամ այդ տագնապներուն ուղղութիւն տուող ճանապարհները կամ ցնցումները չեն գտնուիր Լիբանանի մէջ։ Այս մէկը անշուշտ նորութիւն չէ, բայց եւ այնպէս, եթէ հաշուի առնենք տնտեսապէս քայքայուած, հիմնական պէտքերէ զրկուած, անասելիօրէն արժեզրկուած թղթադրամով երկիրը կարիքն ունի արմատական լուծումներու։ Եւ այդ լուծումները անկարելի է, որ ըլլան երկրին մէջ «եփուող» լուծումներ։

Նոյն շրջագիծին մէջ երէկ կարեւոր հրապարակում մը կատարած էր Լիբանանի «Ալ Ախպար» պարբերականը, որ ներկայի պատկերը նկարելէ անդին նաեւ գրած էր, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, բայց յատկապէս Սէուտական Արաբիա, միտում ունին, նպատակ ունին քնացնել «Լիբանանեան թնճուկ»ը։

Թղթածրար մը, որուն մէջ կայ բազմապիսի կողմերու շահագրգռուածութիւնը, դժբախտաբար, առաջուան հմայքն ու գրաւչութիւնը։ Լիբանանը դարձած է բեռ, իսկ լիբանանցիք դարձած են կիսով չափ արհեսականօրէն ստեղծուած տագնապին վառելանիւթն ու պենզինը։ Անոնք չունին հաց, ջուր, ելեկտրականութիւն եւ վառելանիւթ, սակայն էին եւ դեռ ալ են «պենզին»՝ ներքին օրակարգի արտաքին հմայքով խնդրին մէջ, որ տարբեր առիթներով ալ մկրտուած է «Լիբանանեան թղթածրար» անունով։ Ու այստեղ ուշագրաւը այն է, որ ի հեճուկս վաղ ականներու պատկերին, այսօր Լիբանանը դադրած է Մերձաւոր Արեւելքի խնդիրներու լուծման մեծ տարրալուծարանը դառնալու իր կարեւոր դերէն։ Բոլորը «կը խաղան» Լիբանանի մէջ, բոլոր իրարու նամակներ կը փոխանցնեն, բոլորը անոր գետիններուն վրայ արիւնով, մահով, թմրեցուցիչով եւ դրամ լուալու գործարքներով կը զբաղին, բայց երբ հարցը վերաբերի այդ երկրին մէջ «տանելի» վիճակ մը ստեղծելու, բոլորը կը լքեն ու կը հեռանան։ Այդ հեռացումին հետ ալ դարձեալ իր տխուր ճակատագրին, իր ահին ու մեծ կորուստին դէմ յանդիման կը մնայ լիբանանցի շարքային քաղաքացին, որ կը մեռնի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի ցնցումէն, կամ Թրիփոլիի մահուան ափերէն խոյս չի կրնար տալ ու կը մեռնի անոր սեւ ջուրերուն մէջ ընկղող նաւակներու խորտակումէն։ Բոլորը կը մեռնին այդ քաոսին մէջ, իսկ իշխանաւորները, որոնք իրենց աթոռներուն, բեմադրական հաշիւներուն ու կեղծ ընդդիմութիւն-իշխանութիւն խաղին մէջ են, դարձեալ կը պահուըտին իրենց գործած մեղքերու բոցերուն մէջ։

Անցնող օրերուն բաւական «ուժեղ» կրակի վրայ դրուեցաւ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան խնդիրը։ Ինչպէս նախօրօք ալ գրած էինք, պարզ կը դառնար նոր վարչապետին անունը եւ ան՝ Նեժիպ Միքաթին կարեւոր բանակցութիւններե առաջ կը տանէր՝ կազմելու համար բոլոր կողմերէն ընդունելի կառավարական դահլիճ մը։

Նախքան այդ բանակցութիւններուն անցնիլը, արդէն իսկ աւելի քան պարզ էր, որ երկրի նախագահն ու վերջինիս առաջնորդած քաղաքական ուժը՝ «Ազգային ազատ հոսանք»ը բաւական դժուարին պայմաններ պիտի դնէր վարչապետ Միքաթիի դիմաց ու պիտի փորձէր ամէն ինչ ընել, որպէսզի կառավարութենէն ստանար առիւծի բաժինը։ Միքաթի, որ այսօր կը ներկայացնէ երկրի սիւննի համայնքի շահերը, բնականօրէն պիտի ընդդիմանար, որուն հետեւանքով մինչեւ այս պահը նոր կառավարութեան կազմութիւնը կը յամենայ։ Տակաւին քիչ չէ թիւը այն վերլուծաբաններուն, որոնք կարծիք յայտնած են, թէ մասնաւորապէս շրջանային պայմաններու լոյսին տակ լիբանանցիք պիտի զրկուին նոր կառավարութիւն մը ունենալու բախտաւորութենէն։ Կառավարութիւնը, որուն կազմութեան անհամբեր կը սպասեն, ճիշդ է, պիտի չկարենայ երկրին առջեւ ցցուած այդքան տարողունակ հիմնահարցերը լուծել, բայց եւ այնպէս, այս ժամանակներուն համար պիտի կարողանայ Լիբանանի ներքին ապահովական անդորրը պահպանել, նաեւ ճիգեր գործադրել, որպէսզի ներքաղաքական համայնապատկերին մէջ առկայ տարակարծութիւնները կամ նոյնիսկ թշնամութիւնները արտայայտուին բացառապէս քաղաքական միջոցներով։ Այստեղ հարկ է նաեւ փակագիծ մը բանալ ու խօսիլ Միքաթիի վայելած արտաքին նեցուկին մասին։ Նախքան Միքաթիի իշխանութեան ժամանակաշրջանը, Լիբանանի մէջ սիւննի գլխաւոր խաղացողը կը համարուէր Սաատ Հարիրին, որ ինչ-ինչ պայմաններով ստիպուած եղաւ առժամաբար հեռանալ քաղաքական կեանքէն։

Հարիրի, որ ընտրութիւններու նախաշեմին կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ, ոչ մէկ առիթով ըսաւ, թէ իր հեռացումը վերջնական է, յոյս մը ձգելով իր հազարաւոր համակիրներուն մօտ, որոնցմէ շատեր մասնակից չդարձան (անոր իսկ յորդորով) անցեալ մայիսին Պէյրութի մէջ կայացած ընտրութիւններուն։ Այդ փուլէն առաջ Հարիրի կը վայելէր անմնացորդ նեցուկը Սէուտական Արաբիոյ, որ այսօր պարզապէս միայն հեռուէն կը հետեւի զարգացումներուն եւ ըստ կարգ մը գիտակ աղբիւրներու, ներկայ փուլին որոշած է լիբանանեան մեծ խաղին ներկայանալ՝ իբրեւ հետեւող եւ իբրեւ դիտորդ։ Բացի այս փաստէն, անշուշտ, պէտք է յստակեցնել, որ այսօր «Լիբանանեան թղթածրար»ով հետաքրքրուող կամ այդ թղթածրարին համար բաւարար ճիգեր կատարող կողմերն են Ֆրանսան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները։ Այս դիտանկիւնէն ալ յստակ է արդէն, որ Միքաթին կը համարուի «ֆրանսացիներու մարդ»ը։

Ահա, այս տիպի կշիռներու հետ գործ ունին լիբանանցիք ու պահ մը պատկերացուցէք, որ ինչպէս պիտի լուծուին Լիբանանի հարցերը, եթէ այդ երկրին նեցուկ համարուող կամ այդ երկրին մէջ իրարու դէմ անդուլ պայքար յայտարարած երկու քաղաքական բեւեռ-կողմերը անհաշտ են իրարու հանդէպ, հետեւաբար նաեւ տեղ կը գտնեն բախումներ հրահրելու համար։ Կայ հաւաքական թշնամի մը, որ չես գիտեր ե՛րբ կրնայ հարուածել փոքրիկ Լիբանանը, իսկ անոր հասարակութեան մէջ ամէն օր իր գլուխը վեր հանող ախտերը կամաց-կամաց մանր թելերով կը մանեն մեծ կորուստներու թանձր սարդոստայնները։

Լիբանանը կը մտնէ նոր քաոսներու փուլ մը, առաւելապէս աւելի ցաւոտ, աւելի ցաւագին ու աւելիով մտահոգիչ պարզ այն պատճառով, որ անոր տագնապներուն տուն-տեղ տուող երկիրները եւ տէրութիւնները տակաւին չեն որոշած ինչպէ՛ս կռուիլ այն հրէշներուն դէմ, որոնք մինչեւ երէկ կը համարուէին սպիտակ հրեշտակներ։

Ու այս բովին, այս ամենակուլ պայմաններուն ու մեծ հարցականներուն ներքոյ նոյն Լիբանանը կը պատրաստուի նախագահական ընտրութիւններու օրակարգին, որ ներկայացուած պատկերին մէջ ամէն պարագայի ցոյց կու տայ, թէ կրնայ իրականութիւն դառնալ նաեւ մեծ ցնցումներու որոտներուն տակ։

Մինչ այդ, յստակ է, որ այսօր առկայ վիճակները՝ սովամերձ վիճակը, հացի, ջուրի, ելեկտրականութեան, դեղի ու պենզինի տագնապները դեռ պիտի շարունակուին, մինչեւ որ «հոգատարութեան» վերարկուն իրենց ուսերուն կրող երկիրները պահ մը որոշեն կաթիլ մը յոյս եւ գոնէ ժամանակաւոր լուծումներու բանալին դուրս բերել գրաւի դրուած մեծ արկղէն, որուն դուրսի երանգները սեւ են, իսկ խորքային երանգը միշտ կարմիրն է, սարսափ տուող եւ վրէժներու մէջէն սնունդ առնող։

Ուրեմն, լուծումներու փուլը դեռ պիտի յետաձգուի, ապահով կերպով մեզի յուշելով, որ ինչ ալ ըլլան գողգոթաները, Լիբանանը մեռնող տեսակ չէ ու ան պիտի ապրի եւ գոյատեւէ։

Սպասենք այդ գոյատեւումի յոյսին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2022