ԱՆԹՈՆԻՕ ԿՈՒԹԵՐԵՍԻ ԿՈՉԸ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես կոչ ուղղեց, որպէսզի անյապաղ սկսի Ուքրայնայի վերականգնումը։ Իր խօսքով՝ այդ գործընթացը երկար պիտի տեւէ, ուստի պէտք է սկսիլ հիմա։

«Մենք հիմք կը պատրաստենք կարեւորագոյն ենթակառուցուածքներու վերակառուցման եւ վերականգնման համար», ըսաւ Կութերես եւ աւելցուց, որ ՄԱԿ Ուքրայնայէ ներս շուրջ 9 միլիոն մարդու օգնութիւն կը ցուցաբերէ՝ իր միջազգային գործընկերներուն հետ։ «Մենք նաեւ կ՚աշխատինք Ուքրայնայի կառավարութեան հետ՝ չպայթած զինամթերքի, ականներու եւ քասթեթային զինամթերքի սպառնալիքին դէմ պայքարելու համար», նշեց ընդհանուր քարտուղարը։

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ միջազգային հանրութիւնը ամիսներէ ի վեր փուշի վրայ է։ Մինչ մարդասիրական խնդիրները կը խորանան, զուգահեռաբար կը վերաձեւաւորուին միջազգային նոր հաւասարակշռութիւններ։ Պարէնի տագնապի վտանգը լրջօրէն ուրուագծուած է հորիզոնին վրայ։ Արեւմուտքի յառաջատար լծակները կը պնդեն, որ պատժամիջոցներուն բերումով Ռուսաստան արդէն չի կրնար «Իսքանտէր» հրթիռներ արտադրել։ Մոսկուայի բանբերներն ալ ստեղծուած իրավիճակին մէջ կը պնդեն, որ Արեւմուտքը շահ կը տեսնէ այս պատերազմի ձգձգման մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 6, 2022