ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԴԵՌ ԿԸ ՅԱՄԱՌԻ
Ելեկտրականութեան սակագինի բարձրացման դէմ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ցոյցները կը շարունակուին նոյն ուժգնութեամբ։ Ցուցարարները ամբողջապէս փակած են Բաղրամեան պողոտան։ Հակառակ երէկ տեղացող տեղատարափ անձրեւին, բազմաթիւ երիտասարդներէ ալ բաղկացած հանրութիւնը կը շարունակէ տէր կանգնիլ իր դատին։ Երէկ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարեց, թէ խորհրդակցելով Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, հիմնաւորուած կը համարէ սակագինին բարձրացումը։ Ան կոչ ըրաւ ցուցարարներուն, որպէսզի բանան փողոցը։
Ցոյցերու կազմակերպիչ «Ո՛չ թալանին» կազմակերպութեան անդամ Վաղինակ Շուշանեան որպէս պատասխան Աբրահամեանի խօսքին ըսաւ, թէ ատոնք «առհասարակ նշանակութիւն չունին» իրենց համար։
Հարկ է տեղեկացնել, թէ հակառակ կատարուած բողոքներուն, Հայաստանի Հանրային ծառայութեանց յանձնաժողովը ելեկտրականութեան սակագինը բարձրացուցած էր գրեթէ 7 դրամով։ Երկրի մը մէջ ուր աղքատութեան աստիճանը կը հասնի 32 տոկոսի, դժգոհութիւն յառաջ կը բերէ այս որոշումը, մանաւանդ որ վերջին երեք տարիներուն կատարուած բարձրացումներով ընդհանուր առմամբ 60 տոկոսի կը հասնի կատարուած բարձրացումը։ Այս սակագինը սովետական նախկին երկիրներու մէջ ամենաբարձրն է։ Մանաւանդ որ, Հայաստան ինքնաբաւ է ելեկտրականութեան առումով եւ ինք կ՚արտադրէ իր հոսանքը։ Հայաստանի ելեկտրականութիւնը հսկող ընկերութիւնը ռուսական կազմակերպութիւն մըն է, որու բարձրաստիճան ղեկավարները միլիոնաւոր դրամ արժողութեամբ ինքնաշարժներով եւ յարկաբաժնի վարձքերով կը բնակին Երեւանի մէջ եւ այս բոլորը մեծ ընդվզում կը յառաջացնէ հասարակութեան մօտ։