ԹՐՔԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐԸ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԵՆ ՈՒՂԻՂ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
Նախագահ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցը վերջին օրերուն թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ալ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Համայնքային շրջանակները ջերմօրէն ողջունեցին երկու ղեկավարներուն միջեւ հաստատուած ուղիղ երկխօսութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընկերային ցանցերու վրայ ամփոփ գրառումով մը հանդէս եկաւ հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ։ Ողջունելով երկու ղեկավարներու երկխօսութիւնը՝ Ամեն. Ս.
Պատրիարք Հայրը զայն նկատած է բարեդէպ, արտայայտելով իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը, նաեւ աւելցնելով բարեմաղթութիւնները։ Ըստ Նորին Ամենապատուութեան, այս
զրոյցը խաղաղութեան յոյսերը ծաղկեցուցած է ու տօնական նուէր մը կը համարուի, երբ աշխարհ վրդովուած է պատերազմի լուրերով։ «Աղօթող եմ, որ թող շահին դիւանագիտութեան խաղաղարար միջոցները ու ոչ թէ զէնքերը, պատերազմներն ու մահերը։ Կը մաղթեմ, որ այս հեռախօսազրոյցը առիթ դառնայ, որպէսզի բարեկամութեան նոր էջ մը բանայ հայ-թրքական հազարամեայ յարաբերութիւններուն մէջ», նշուած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գրառման մէջ։
Մեր համայնքէն բազմաթիւ անհատներ եւս ընկերային ցանցերու վրայ գրառումներով ողջունած են այս իրադարձութիւնը՝ մինչ համայնքային հաստատութիւններն ալ արձագանգած են ջերմօրէն։ Թէ՛ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) եւ թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը հանդէս եկան յայտարարութիւններով, որոնք լայն արձագանգ գտան նաեւ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներուն մէջ։ Յարակից սիւնակներուն մէջ նոյնութեամբ կարդալ՝ հրապարակուած այդ յայտարարութիւններու թրքերէն բնագրերը։