ՄԻՋՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Վա­գըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր խոր­հուր­դին մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տոց. Տքթ. Թո­րոս Ալ­ճա­նի ա­տե­նա­պե­տու­թեամբ Ս. Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի «Պի­լէք» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ փոք­րա­մաս­նու­թեանց հա­մայնք­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու երկ­րորդ ժո­ղո­վը։ Ա­ռա­ջի­նը տե­ղի ու­նե­ցած էր «Ռում­վա­տէր»ի մէջ, Փետ­րուա­րին, ո­րու ըն­թաց­քին ո­րոշուած էր, որ նա­խորդ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ Լա­քի Վին­կա­սի շրջա­նին սկիզբ դրուած կա­ռոյ­ցը ա՛լ ա­ւե­լի յա­ռաջ տա­րուի ու վե­րա­ծուի ու­րոյն հաս­տա­տու­թեան մը։ Ա­ռա­ջին ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին առ­նուած ո­րո­շում­նե­րը վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կե­լու եւ կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քը տես­նե­լու նպա­տա­կով է, որ կա­յա­ցաւ վեր­ջին ժո­ղո­վը, ո­րու ըն­թաց­քին քննարկ­ման ա­ռար­կայ դար­ձան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի պաշ­տօ­նին սահ­ման­նե­րը, խորհր­դան­շա­նը, Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան կող­մէ ե­րեք տա­րի ժամ­կէ­տով ձրիա­բար կա­ռոյ­ցին տրա­մադ­րուած «Քէյ փլա­զա»ի գրա­սե­նեա­կին ծա­նօ­թա­ցումն ու պիւտ­ճէի գնա­հա­տու­մը եւ հուսկ Յու­լի­սի 6-ին փոք­րա­մաս­նու­թեանց կող­մէ միաս­նա­բար կազ­մա­կեր­պե­լի իֆ­թա­րի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։

Ժո­ղո­վի ար­դիւն­քին Փոք­րա­մաս­նու­թեանց վա­գըֆ­նե­րու ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւ­նը որ­պէս կա­ռոյց, իր ցարդ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով գոր­ծա­ծած խորհր­դան­շա­նով, ար­ժա­նա­ցած է բո­լոր հա­մայնք­նե­րու նե­ցու­կին, բա­ցի հրէա­կա­նէ, որ որ­պէս սկզբունք դէմ կե­ցած է ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի պաշ­տօ­նի մը որ­պէս կա­ռոյց ստեղծ­ման։

Գա­լով գրա­սե­նեա­կի ծրագ­րին, յոյն հա­մայն­քը չէ ըն­դու­նած՝ ե­րեք տա­րի վերջ պիւտ­ճէին յա­ւե­լեալ բեռ մը դառ­նա­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը աչ­քի առ­ջեւ ու­նե­նա­լով։ Իսկ հրէա­կան եւ ա­սո­րա­կան հա­մայնք­նե­րը հար­ցու­ցած են, թէ ե­րեք տա­րի անց ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ վարձ­քին ար­ժէ­քը։ ՎԱ­ՏԻՓ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Յա­րու­թիւն Շան­լը յայտ­նած է, թէ մեծ բեռ մը պի­տի չըլ­լայ, քա­նի որ Գա­րա­կէօ­զեա­նի խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը խոս­տա­ցած է իր օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը տրա­մադ­րել նաեւ ե­րեք տա­րի վերջ, նոր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի մը ժա­մա­նակ եւս։ Հա­կա­ռակ այս բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն այս նիւ­թին շուրջ ո­րո­շում մը չէ կա­յա­ցուած։

Հուսկ Թո­րոս Ալ­ճան յայտ­նած է, թէ ինք միայն պար­տա­ւոր է գոր­ծադ­րե­լու առ­նուած ո­րո­շում­նե­րը, ա­ռանց ի­րա­ւունք ու­նե­նա­լու խօ­սիլ ո­րե­ւէ հա­մայն­քի ա­նու­նով։ Եր­կու նիւ­թե­րուն շուրջ ալ վերջ­նա­կան ո­րո­շում մը քա­նի որ կա­յա­ցած չէ, հարկ ե­ղած է ջնջել ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան կա­ռոյ­ցի վե­րա­ծուե­լու ուղ­ղու­թեամբ առ­նուած քայ­լե­րը։

Ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցած են հայ­կա­կան, յու­նա­կան, հրէա­կան, ա­սո­րա­կան, ղպտիա­կան, պուլ­կա­րա­կան եւ վրա­ցա­կան հա­մայնք­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Շաբաթ, Յունիս 27, 2015