ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆԸ

Հայ Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռաջ­նորդ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Ներ­սէս Պետ­րոս ԺԹ. Թար­մ­ունիի վախ­ճան­ման կա­պակ­ցու­թեամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ցա­ւակ­ցա­գիր մը յղեց Հռո­մի Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Պա­պին։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը, յա­նուն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բա­նու­թեան եւ Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դին, յայտ­նեց իր վշտակ­ցու­թիւ­նը նաեւ Հայ Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ընդգծեց հան­գու­ցեա­լի եր­կար տա­րի­նե­րու նուի­րեալ ծա­ռա­յու­թիւ­նը՝ ի խնդիր Քրիս­տո­սի ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թեան ար­դիւ­նա­ւոր­ման։

Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ա­ղօթք բարձ­րա­ցուց, որ Տէ­րը երկ­նա­յին հան­գիստ շնոր­հէ վախ­ճա­նեալ Հո­գե­ւոր Տի­րոջ, ինչ­պէս նաեւ Ս. Հոգ­ւոյ մխի­թա­րու­թիւն՝ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն։

Հոգեւոր Տիրոջ վախճանման առիթով Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ալ երէկ յետմիջօրէին այցելեց Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանին եւ յայտնեց իր ցաւակցութիւնները։ Սրբազան Հայրը ցաւակցական նամակ մը ուղարկեց նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ Տ. Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեանին եւ յանուն Պատրիարքական Աթոռին, Կրօնական Ժողովի, հոգեւորականաց դասու եւ հաւատացեալներու յայտնեց իր ցաւակցութիւնը։

Շաբաթ, Յունիս 27, 2015