ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԱՅՑԸ ԿՐՆԱՅ ԼԻՑՔԱԹԱՓՄԱՆ ՄԸ ԱՌԻԹ ՀԱՆԴԻՍԱՆԱԼ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը Փա­րի­զի մէջ Ան­թի­լիա­սի դա­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը մեկ­նա­բա­նեց նաեւ հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն։ Իր հա­մոզ­մամբ, Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քին՝ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան վե­րա­դար­ձուի­լը պի­տի նպաս­տէ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րե­կա­մու­թեան։ Քա­ղա­քա­կան եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան հան­գա­մանք­նե­րուն եր­կար անդ­րա­դառ­նա­լէ վերջ՝ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս այս բա­րե­կա­մու­թեան պատ­գա­մը փո­խան­ցե­լով իր խօս­քին մէջ մտցուց հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն մը, մա­նա­ւանդ հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դէ մը ակն­կա­լուա­ծին տե­սան­կիւ­նէն։

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցին շուրջ հայ­կա­կան կող­մին ընդ­հա­նուր վե­րա­բեր­մուն­քը կա­րե­լի է դի­տար­կել եր­կու  հիմ­նա­կան ա­ռանց­քի շուրջ։ Ա­ռա­ջի­նը՝ հար­ցի ախ­տա­ճա­նաչ­ման ա­ռանցքն է, ո­րու պա­րա­գա­յին լիա­կա­տար ներ­քին հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը գո­յա­ցած է հայ­կա­կան կող­մին մօտ։ Այ­սինքն, ձե­ւա­-ւորուած է այն հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րա­րը, թէ ապ­րուա­ծը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մըն էր, պէտք է ո­րա­կուի ըստ այդմ ու պէտք է ճանչ­ցուի ու­րիշ­նե­րու կող­մէ։ Նոյն հի­ման վրայ, բո­լո­րո­վին ալ պա­տա­հա­կան չէ, որ այս կտրուած­քով նուա­զա­գոյն ար­ձա­գանգ մը կայ թրքա­կան կող­մէն։ Այ­սինքն, հայ­կա­կան կող­մը բա­ւա­րա­րուի կամ ոչ, Թուր­քիոյ մէջ ծնունդ ա­ռած է հո­սանք մը հա­սա­րա­կա­կան գետ­նի վրայ՝ որ­պէս­զի ապ­րուած­նե­րը ո­րա­կուին ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ Որ­քան որ ալ շատ յա­ճախ ո­րա­կուի ժխտո­ղա­կան՝ պե­տա­կան մա­կար­դա­կի վրայ եւս քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը մեղ­մա­ցուի կամ կը ճկու­նա­ցուի ո­րոշ չա­փով։

Երկ­րոր­դը՝ հար­ցի բուժ­ման ա­ռանցքն է, ո­րու պա­րա­գա­յին հայ­կա­կան կող­մին մօտ տե­սա­կէտ­նե­րը միան­շա­նակ չեն ակն­յայ­տօ­րէն։ Ո­մանք կ՚ակն­կա­լեն ճա­նա­չում, ո­մանք կը սպա­սեն նե­րո­ղու­թեան մը, ո­մանք ալ կը յու­սան հա­տու­ցում։ Այս բո­լո­րը ու­նին նաեւ են­թա­ճիւ­ղա­ւո­րում­ներ։ Ի լրումն այս բո­լո­րին, կան նաեւ շատ ա­ւե­լի ար­մա­տա­կան տրա­մադ­րու­թեամբ շրջա­նակ­ներ, ո­րոնք կը փոր­ձեն հար­ցը ա­ռըն­չա­կից դարձ­նել Թուր­քիոյ տա­րած­քային ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան հետ։ Այս ծայ­րա­յեղ պա­հանջ­նե­րը էա­կան խո­չըն­դոտ կը հան­դի­սա­նան խնդրի յաղ­թա­հար­ման ճա­նա­պար­հին՝ շատ յա­ճախ փա­կու­ղիի մատ­նե­լով հաշ­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը։ Հար­ցը եր­բեմն այն­պի­սի հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու կը հաս­նի, որ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ յար­գան­քի վե­րա­բե­րեալ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներն ան­գամ հե­ռու կը մնան Թուր­քիան գո­հաց­նե­լէ։ Մե­տայ­լի միւս ե­րե­սա­կին, ու­ժե­րու ներ­կայ յա­րա­բե­րակ­ցու­թեան լոյ­սին տակ, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ գործ­նա­կան տե­սան­կիւ­նէ Թուր­քիա մտա­հո­գուե­լու ո­չինչ ու­նի այդ պա­հանջ­նե­րուն բե­րու­մով, սա­կայն այդ ծայ­րա­յեղ մօ­տե­ցում­նե­րուն պատ­ճա­ռով, եր­բեմն նաեւ պատ­րուա­կով՝ ձեռն­պահ կը մնայ Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նո­նաց­նե­լու ուղ­ղեալ քայ­լե­րէ։

Ան­թի­լիա­սի դա­տա­կան դի­մու­մը, Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ ա­ռած քայ­լը՝ այս ա­ռանց­քին շուրջ կու գայ ստեղ­ծել նպաս­տա­ւոր կա­ցու­թիւն մը։ Դրա­կանը այն է, որ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի ներ­կայ ըն­թաց­քը կրնայ լից­քա­թափ­ման գե­տին մը պատ­րաս­տել հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ, ծայ­րա­յեղ պա­հանջ­նե­րուն՝ յաչս թրքա­կան կող­մին առ­թած ան­հանգս­տու­թեան յաղ­թա­հա­րու­մով։

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ ե­ղած է այդ ար­մա­տա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ջա­հա­կի­րը, հան­րա­յին կար­ծի­քին ներ­կա­յա­ցած է ան­զի­ջող դիր­քե­րէ։ Ինչ­պէս բա­զում նիւ­թե­րու պա­րա­գա­յին, այս հար­ցին շուրջ եւս գտնուած է նոյն գծին վրայ՝ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան հետ, ո­րու վե­րահս­կո­ղու­թեան ներ­քեւ կը գոր­ծէ վեր­ջին ա­ւե­լի քան վաթ­սուն տա­րուան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին։ Ցարդ, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի ճա­ռա­խօ­սա­կան ո­ճին մաս կը համա­րուէր ա­մէն ա­ռի­թով Թուր­քիան «ցե­ղաս­պան» ո­րա­կե­լը։

Այժմ այս բո­լո­րի պա­րա­գա­յին կը նկա­տուին դրա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ կամ շի­նիչ ճկու­նա­ցում­ներ։ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս սկսած է խօ­սիլ հայ եւ թուրք ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րե­կա­մու­թեան մա­սին։ Ան­թի­լիա­սի կող­մէ այդ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան լո­զուն­գին վե­րագ­րուած ի­մաստն ալ, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, այ­սօր կը սա­հի դէ­պի ա­ւե­լի ի­րա­տես դաշտ մը։ Այ­սինքն, ե­թէ մին­չեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լը պա­հան­ջա­տի­րու­թեան քա­րոզ­չու­թեամբ Ան­թի­լիաս կը փոր­ձէր ակ­նար­կել Թուր­քիոյ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան, ա­պա այ­սօր այդ նոյն պա­հանջ­նե­րուն վե­րագ­րուած ի­մաս­տը կ՚անց­նի ե­ղա­փո­խու­թե­նէ մը ու ակ­նար­կու­թիւ­նը կ՚եր­թայ դէ­պի ան­ցեա­լին Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան պատ­կա­նած կա­լուած­նե­րու սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւունքի վե­րա­դար­ձը։ Բնա­կա­նա­բար երկ­րի ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան շրջա­գի­ծը յստակ եւ ան­վի­ճե­լի է այս­տեղ։ Ներ­կա­յիս Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս սկսած է յղում­ներ ը­նել Լո­զա­նի դաշ­նագ­րին, որ կը հա­մա­րուի Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­դիր փաս­տա­թուղ­թը։ Այս հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նով է, որ մի­ջազ­գայ­նօ­րէն յստա­կե­ցուած են Թուր­քիոյ ար­դի սահ­ման­նե­րը։ Այս բո­լո­րը ան­կա­րե­լի է ար­հա­մար­հել ու վստա­հա­բար Ան­գա­րա­յի ու­շադ­րու­թե­նէն ալ չեն սպրդիր՝ այդ ալ 2015-ի մթնո­լոր­տին մէջ։

Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի պատ­գամ­նե­րը յայտ­նի կը դարձ­նեն, որ Ան­թի­լիաս են­թա­գե­տին մը գտած է՝ այ­սօ­րուան իրա­դ­րու­թեան, ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան շա­րու­նա­կե­լու հա­մար իր ճա­նա­պար­հը՝ հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ գոր­ծօն դառ­նա­լու եւ այդ­պէ­սով, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի հա­յա­թափ­ման ե­րե­ւոյ­թով պայ­մա­նա­ւո­րուած ցնցու­մին մէջ՝ հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու ան­թա­քոյց ձգտու­մով։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

(շար. 5)

Շաբաթ, Յունիս 27, 2015