«ՊԱՏԵՐԱԶՄ»
Նորութիւն մը չէ, որ կը բացայայտեմ: Հաւանաբար այս տողերը շատերուն տափակ «հնութիւններ» թուին կամ ըլլան: Բայց անպայման կ՚ուզեմ ըսել, թէ կ՚ապրինք 21-րդ դար, որ տակաւին իր քառորդին չհասած՝ արդէն մեզի ազգովին սկսած է կրկին անգամ համտեսել տալ եւ կամ ճանչցնել՝ տառապանքն ու սարսափը, ահն ու մահը, աւերակն ու ջարդը եւ նոյնիսկ՝ պատերազմն ու կոտորածը:
Աշխարհը հիւանդ է: Ատելութիւն կայ ամէն տեղ, ան ալ՝ կոյր ատելութիւն, որուն մէջ տրամաբանութիւնը չ՚ապրիր: Չկայ, որովհետեւ մեր ապրած դարը իր սեւ դուռը բացած է մեր առջեւ, արիւնոտ եւ վախազդու:
Կարճ խօսքով, աշխարհը տակն ու վրայ է: Պատերազմ, կռիւ ու մահ կայ ամէն կողմ:
Վկա՛յ պատկերասփիւռներէն, մամուլէն, «ֆէյսպուք»էն ահազանգող լուրերը: Սարսափելի՛ է: Բայց ամենէն սարսափելին այն է, որ մարդկութեան կեանքին հետ մեր կեանքն ալ ներքնապէս սկսած է հիւծել մեր ազգին մարմինը:
Ըսի, չէ՞, ամէն կողմ պատերազմ կայ: Ատելութիւն: Հիւսիս, հարաւ, Ափրիկէ, Եւրոպա, Ասիա, Միջին Արեւելք: Կը լսենք: Կը դիտենք: Կը տեսնենք: Կը կարդանք: Կը վախնանք: Կ՚ափսոսանք եւ կը սարսափինք եւ ֆիզիքապէս ու հոգեպէս կը մաշինք:
Բայց այս պայմաններուն մէջ, եկէք, միշտ չտխրինք, որովհետեւ, ինչպէս ողորմած հայրս միշտ կրկնած էր, թէ՝ «Քանի գայլը կայ, ուրեմն ոչխարը միշտ զոհ պիտի ըլլայ»: Այս մէկուն համոզուինք ու ըստ այնմ մեր կեանքը դասաւորենք ու ապրինք:
Տողերուս սկիզբը յիշեցի, որ աշխարհ պատերազմներով սկսած է զբաղիլ, բայց չըսի, որ մեր տան մէջ ալ այդ «պատերազմ» ըս-ւածը կայ եւ ան ալ՝ «ծանր» տեսակը: Այո՛, մեր տան մէջ: Մի՛ զարմանաք: Թէեւ այս մասին թերթերը բան մը չգրեցին, ո՛չ ալ «թիվի»ներէն լսեցիք, եւ կամ «ֆէյսպուք»երու վրայ կարդացիք, բայց ըսածներս իրականութիւն ըլլալէ չեն դադրիր:
Հոգ չէ. ես կը տեղեկացնեմ, թէ այս պատերազմը, որուն մասին կը խօսիմ, պաշտօնապէս յայտարարուած էր այս ամրան կիսուն: Ճի՛շդ տաք օրերու սկիզբին: Նաեւ անմեղօրէն յիշեմ, որ շաբաթներէ ի վեր Գալիֆորնիոյ վրայ, գիշեր թէ ցերեկ, երկինքէն «կրակ կը թափի»: Տաք ու տօթ արեւ: Ամէն կողմէ բողոք՝ դէպի երկինք:
Ու տակաւին մտքիս մէջ թարմ է, թէ ինչպէ՛ս այդ օր, պարզ երեկոյ էր, եւ դուրսը ծոյլ ու տաք քամի մը կար, ու ես մեր բակը խոր ընթերցումով զբաղած պահուս յանկարծ կնոջս պոռչտուքը լսեցի, որ կու գար ներսէն, իր սենեակէն, նոյնիսկ՝ մեր քովի դրացիներու ականջները խլացնելու աստիճան:
-Ո՞ւր ես, մա՛րդ, շո՛ւտ հասիր, եկո՛ւր, հիմա կարդալու ժամանա՞կը գտար:
Կռահեցի: Ի տես այս անօրինակ ու անժամանակ տագնապին՝ դարձեալ միտքս լեցուեցաւ վախով մը: Մտովի ըսի, որ այս տան մէջ ինծի համար հանգիստ նստիլ չկայ: Վազեցի իր մօտ:
-Տե՛ս,- ըսաւ սարսափած աչքերով,- ա՛յս էր պակաս, մեր տան մէջ մրջիւն՝ լսուա՞ծ է. ի՞նչ կեցած ես, բա՛ն մը ըրէ:
Անբնական կացութեան իբրեւ հետեւանք՝ կը պոռար, կը բացագանչէր: Թերեւս՝ վախէն: Ի՞նչ պէտք էր ընէի, չէի գիտեր: Ես ալ շուարած էի: Աւելի ճիշդ՝ իր պոռչտուքէն ծնունդ առած վախէս շուարած էի: Իսկապէս, նախ կարծեցի, որ ծանր «բան» մը, «հեռու ըլլայ» այնպէս բան մը… Միտքս ծուռ տեղերը գնաց: Բայց, փա՛ռք Աստուծոյ, ինք բան մը չունէր, ողջ էր եւ միայն մրջիւնի խնդիր մը կար չլուծուած:
Նայեցայ չորս կողմս: Երեք չորս մրջիւն, դէպի պարտէզ նայող մեր պատուհանին եզերքը, անհոգ կը պտըտէին: Ասոնք էին աղմուկին պատճառը: Խնդիր «հանողները»: Երանի ինծի պէս մրջիւններն ալ արագ մը լսած ըլլային կնոջս պոռչտուքը, արդէն իրենց սարսափէն խոյս պիտի տային ինքնաբերաբար:
Ժպիտ մը ինկաւ դէմքիս վրայ: «Այ՞ս էր, կնի՛կ», ըսի մտովի, ասոր համա՞ր էր, որ զիս անհանգիստ ըրիր: Ու փորձեցի ես զիս զսպել: Շուտով լաթ մը առնելով՝ սկսայ ճզմել այդ «անպիտան անաստուածները», որոնք օրուան այս ժամուն սարսափեցուցած էին խեղճ կողակիցս:
-Սատկեցո՛ւր, բոլորն ալ,- հրահանգեց կինս՝ ռազմադաշտին վրայ հսկող զօրավարի մը նման: Հնազանդեցայ: Միւս կողմէ՝ աչքիս ծայրովը տեսայ, որ մրջիւններէն մէկը դուրս խոյս կու տար «խելայեղօրէն»: Լաւ է, ըսի, ազատեցանք: Անմիջապէս «դիակ-ները» հաւաքեցի ու շիտակ աղբաման…
Ապա հերոսական արարք մը կատարողի մը նման դարձայ կնոջս, աչքերովս հասկցուցի, թէ եղածը անկապ ու անիմաստ տագնապ մըն էր եւ այդքան աղմուկ անիմաստ էր: Մէկ խօսքով, եղածը հանգիստ ու խաղաղ լճակին մէջ, փոքր ալիք մը:
-Մի՛ մտահոգուիր, կնի՛կ, ամէն բան «օ քէյ» է,- ըսի հնազանդ զինուորի նման, որ իր պաշտօնը կատարած էր խղճմտօրէն, եւ որ կ՚ուզէր վայրկեան առաջ «ռազմադաշտէն» տուն դառնալ:
Կամաց մը հեռացայ: Հաստատօրէն ստեղ-ծըւած սարսափը մնաց ետեւ, ու խաղաղութիւնը կրկին անգամ տիրեց: Ներքին հաշտութեամբ մը գիրքս վերցնելով՝ փորձեցի ընթերցումս շարունակել: Քաջ Նազարը յիշեցնողի մը նման այդ գիշեր հանգիստ քնացայ: Մեծ հերոս մըն էի: Մի՛շտ հնազանդ:
Առաւօտուն, սակայն, անբնական կացութեան մը իբրեւ նոր հետեւանք՝ այդ խաղաղութիւն ըսուածը յանկարծ սուտ դարձաւ:
Կրկին պոռչտուք եւ աղմուկ: Կրկին անգամ կնոջս հոգին պաշարուած էր նախկին երկիւղով ու կսկիծի նման բան մը կը հոսէր սրտէն: Միայն լացը պակաս էր: Դարձեալ ներքին պրկում մը կար: Վազեցի դէպքին վայրը, աւելի ճիշդ՝ աղմուկին ուղղութեամբ:
Աստուա՛ծ իմ, հարիւրաւոր մրջիւններ կարծես խօսքերնին մէկ ըրած, անկանոն շարքերով կարծես ցոյցի կամ բողոքի եկած էին եւ նոյն տեղը հաւաքուած էին:
-Քեզի կ՛ըսեմ՝ ձեռքէդ բան չի գար, չես հաւատար. ահա՛, տե՛ս, այս ի՞նչ է: Հասի՛ր, բան մը ըրէ՛, ի՜նչ կեցած ես ու կը դիտես: Ասանկ պաղապուր մարդ չեմ տեսած: Հայտէ՛, շարժէ՛:
Կնոջս ջղայնութիւնը հաստատապէս հասած էր իր գագաթնակէտին: Կը հաւատայի, որ այդ վայրկեանին ինծի համար լռելը լաւագոյն ելքն էր: Ուստի… Բայց ներքնապէս վիրաւորուած էի: Կրնայի ջղայնութենէս «պայթիլ»: Սակայն դարձեալ կացութիւնը մեղմացնելու համար ինքզինքս զսպելով՝ ըսի.
-Ա՜յ կնիկ, ասոնք բոլորն ալ երէկուան «զոհուածներուն» հարազատները ըլլալու են. բոլորն ալ հաւաքուած՝ եկած են, անոնց յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուելու: Բան մը չկայ հիմա կ՚երթա՛ն, սա թոռնիկներուդ թափած կարկանդակի, շաքարի եւ շոքոլայի փշրանքները իբրեւ հոգեճաշ վերցնելէ ետք կ՚0երթան, հոգ մի՛ ըներ:
Այսքան: Կատակեցի: Յանկարծ կինս ինծի դառնալով՝ երեսիս նայեցաւ: Վերէն վար զիս չափեց: Զգացի, որ դաժան գաղափարի մը լոյսը կար դէմքին վրայ:
-Հիմա ապուշ կատակի ատե՞ն է,- ըսաւ արագ մը, առաւել յուզուած ձայնով:
Իրապէս, որ լուռ երկչոտութիւն մը կար մէջը: Անզուսպ ցանկութիւն մը՝ ոչնչացնելու այս բոլոր մրջիւնները: Ուստի, առանց իր հրահանգին սպասելու, վազեցի «կարաժ», մեր կանգառը: Շուտով վերցուցի քիմիական զէնքը՝ այդ «Ռայտ» կոչուած մրջիւններ բնաջնջող դեղը ու վերադարձայ դէպքին վայրը:
Խե՜ղճ մրջիւններ: Տակաւին կը շարունակէին իրենց իրարանցում հապճեպ վազքը: Անկանոն ցոյցի իսկական պատկերը: Կնոջս հրահանգին հնազանդեցայ: Չարութեան դեւը ներսս սողաց ու «զէնքս» կեդրոնացնելով խումբին վրայ՝ սկսայ յարձակումիս: Ան-խընա՛յ: Աջ-ձախ: Անձայն կոտորած: Երեւոյթը գեղեցիկ չէր: Անհամար զոհեր՝ քանի մը վայրկեաններու մէջ: Ի՞նչ ընէի: Այդպէս էր հրամանը:
-Հոս փչէ՛, հոն փչէ՛, շատ փչէ՛, տե՛ս, տե՛ս դուրս կը վազեն, յարձակէ, փչէ՛ դեղը…
Ինք գլխուս վրայ կեցած՝ կը հրահանգէր: Իր արտասանած բառերը մերկ էին եւ դաւադրաբար՝ չար, բայց ինծի համար՝ պարզապէս բառերու հեղեղ մը:
Մինչ ես իմ «ջարդարար» արարքիս մէջ էի, իսկ ինք սովորական աղօթքի նման արագ-արագ բառեր կ՚արտասանէր ու գետինը կը սրբէր: Հապա՞ ես, մի՛ հարցնէք. այդ վայրկեանին՝ իսկապէս մրջիւններուն համար ջարդարար Սուլթան Համիտ մը: Մեղքի զգացումը կ՛ապրէի, չեմ գիտեր՝ ինչո՛ւ: Իսկական «կոտորած»-ի մը հեղինակը:
Ու կրկին անգամ կացութիւնը մեղմացնելու համար, կնոջս դառնալով, անմեղօրէն ըսի, թէ այսօր երթանք եւ մողէզ մը գնենք, չէ՞ որ այս կենդանիները մրջիւններով կը սնանին: Այս ձեւով մեր գործը կը դիւրանայ: Ու ամէնէն լաւը՝ մրջիւններուն անհետացման «մեղքը» մողէզին վիզը կը մնայ, փոխանակ իմինիս:
Ճիշդ էր, որ ես իրենց համար բռնակալ մը կամ բարբարոս մըն էի, բայց այդ մէկը իմ կամքովս չէր: Ես պարզապէս հնազանդ զինուոր մըն էի: Բայց ո՞վ կը հասկնայ: Ո՞վ պիտի յիշէ այս կազմակերպուած ջարդը:
Կատակս «չստացուեց», չեղաւ: Մինչ ես իմ ջարդարարի դերիս մէջն էի, աչքիս ծայրովը նշմարեցի, թէ ինչպէ՛ս կնոջս յօնքերուն վրայէն լարում մը կը սահէր: Ինքն իր աչքերովը բաներ մը կ՛ուզէր հասկցնել: Անոր համար երբեք չփորձեցի իր կողմը դառնալ: Իր կարգին ջղային, գետին նետելէ ետք ձեռքի աղտոտ լաթը, «ճակատամարտէն» հեռացաւ: Մրջիւններուն չնահանջող կամքը զիս աւելի «կը կատղեցնէր»: Գիտէի, որ ձախողութեանս պարագային ամօթով պիտի մնայի եւ օրերով նախատինքի նման իր յանկերգը պիտի լսէի:
Յանկարծ, չեմ գիտեր՝ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս, յիշեցի արաբ հզօր խալիֆայ Սալահէտտինի մէկ խօսքը՝ ուղղուած իր զաւկին.
– Տղա՛ս, զգուշացի՛ր արիւն թափելէ, որովհետեւ թափուած արիւնը չի քնանար, կը բարձրանայ, կը յորդի, կը հեղեղի եւ կը խեղդէ:
Լա՛ւ որ մրջիւնները անարիւն են. ինքզինքս համոզեցի:
Ու այսպէս ամբողջ շաբաթը մրջիւններու «ետեւէն վազեցի». թոռնիկ խաղցնելու տեղ, այս տարիքիս, մրջիւն «խաղցուցի»: Է՜հ, աշխարհ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ