ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ԴԱՓՆԵԿԻՐՆԵՐԸ

Հինգ տա­րիէ ի վեր «Թէ­քէեան կեդ­րոն» հիմ­նադ­րա­մը կը կազ­մա­կեր­պէ գի­տե­լիք­նե­րու մրցոյթ՝ «Թէ­քէեա­նա­կան ո­ղիմ­պիա­կան», ո­րուն կը մաս­նակ­ցին Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի Վա­հան Թէ­քէեա­նի ա­նուան դպրոց­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը։ Տա­րուէ տա­րի ձեռ­նար­կը ա­ւե­լի մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն կը յա­ռա­ջաց­նէ ու կ՚ընդ­լայ­նէ իր ծա­ւալ­նե­րը։ Այս տա­րի ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան ե­րեք ա­նուա­նա­կար­գով՝ «Թուա­բա­նու­թիւն», «Հա­յոց լե­զու եւ գ­րա­կա­նու­թիւն» եւ «Անգ­լե­րէն լե­զու»։ Ինչ­պէս «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան տե­ղե­կա­ցու­ցին Թէ­քէեան կեդ­րո­նէն, հիմ­նադ­րա­մը նպա­տակ ու­նի ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րու գծով խթա­նել եւ խրա­խու­սել հա­յոց եւ օ­տար լե­զու­նե­րու, հայ գրա­կա­նու­թեան, ինչ­պէս նաեւ բնա­գի­տա­կան ա­ռար­կա­նե­րու ի­մա­ցու­թիւ­նը, ա­ռողջ մրցակ­ցու­թեան պայ­ման­նե­րու մէջ հնա­րա­ւո­րու­թիւն տալ ա­շա­կերտ­նե­րուն դրսե­ւո­րել ի­րենց գի­տե­լիք­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ծա­նօ­թա­նալ տար­բեր մար­զե­րէ ներս բնա­կող ի­րենց հա­սա­կա­կից­նե­րու հետ։

Թէ­քէեա­նա­կան հին­գե­րորդ ո­ղիմ­պիա­կա­նը, ո­րուն մաս­նակ­ցած են Ե­րե­ւա­նի, Կիւմ­րիի, Ստե­փա­նա­ւա­նի, Կար­բիի եւ Բեր­ձո­րի Վա­հան Թէ­քէեա­նի ա­նուան դպրոց­նե­րու ու­թե­րորդ դա­սա­րան­նե­րու թի­ւով եօ­թա­նա­սուն ա­շա­կերտ­ներ, տե­ղի ու­նե­ցած է Թէ­քեան կեդ­րո­նին մէջ։ Եւ մինչ մաս­նա­գի­տա­կան յանձ­նա­խում­բը կ՚ամ­փո­փէ մրոյց­թի ար­դիւնք­նե­րը, հիմ­նադ­րա­մը մի­ջո­ցառ­ման բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն կազ­մա­կեր­պած է հիւ­րա­սի­րու­թիւն եւ մշա­կու­թա­յին ծրա­գիր։ Այս ան­գամ ա­նոնք այ­ցե­լած են Ե­րե­ւա­նի Պա­տա­նի հան­դի­սա­տե­սի թատ­րոն, ուր դի­տած են «Շխոնց Միհ­րան» ներ­կա­յա­ցու­մը։

Այ­նու­հե­տեւ մի­ջո­ցա­ռու­մը կրկին տե­ղա­փո­խուած է Թէ­քէեան կեդ­րոն, ուր տե­ղի ու­նե­ցած է մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ու յայ­տա­րա­րուած են դափ­նե­կիր ա­շա­կերտ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը։ Սա­կայն պէտք է նշել, որ չեն ե­ղած պար­տուող­ներ, քա­նի որ բո­լոր մաս­նա­կից­ներն ալ հիմ­նադ­րա­մի կող­մէ ար­ժա­նա­ցած են խրա­խու­սա­կան մրցա­նակ­նե­րու։ Մի­ջո­ցառ­ման ներ­կայ գտնուած են Ար­ցա­խէն եւ Հա­յաս­տա­նէն հիւ­րեր։

Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին հիւ­րերն ու ո­ղիմ­պիա­կա­նի մաս­նա­կից­նե­րը ող­ջու­նած են «Թէ­քէեան կեդ­րոն» հիմ­նադ­րա­մի տնօ­րէն Ար­մէն Ծու­լի­կեան։ Ան շնոր­հա­ւո­րե­լով դափ­նե­կիր­նե­րը՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս շեշ­տած է, որ ա­ւան­դա­կան դար­ձած են Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ գոր­ծող Վա­հան Թէ­քէեա­նի ա­նուան հինգ դպրոց­նե­րու եւ Թէ­քէեան կեդ­րո­նի փո­խա­դարձ կա­պե­րը, եւ ար­դէն կա­յա­ցած է թէ­քէեա­նա­կան խում­բը, որ միաս­նա­կան նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ կ՚ար­ձա­նագ­րէ, ո­րով­հե­տեւ մէ­կուն յա­ջո­ղու­թիւնն ու յաղ­թա­նա­կը՝ բո­լո­րի յա­ջո­ղու­թիւնն ու հպար­տու­թիւնն է։ Ծու­լի­կեան խո­րին ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նած է նաեւ հիմ­նադ­րա­մի հո­վա­նա­ւոր­նե­րուն, նուի­րա­տու­նե­րուն, հո­գա­բար­ձու­նե­րուն, ո­րոնց օ­ժան­դա­կու­թեան եւ ու­շադ­րու­թեան շնոր­հիւ ի­րա­կա­նու­թիւն կը դառ­նայ բո­լոր ծրագ­րե­րը։ Ծու­լի­կեան ա­ռանձ­նա­յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է մրցոյ­թի յանձ­նա­խում­բին։

Այ­նու­հե­տեւ ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան յանձ­նա­խում­բը, ո­րու կազ­մին մէջ էին Ուս­մունք վար­ժա­րա­նի փոխ-տնօ­րէն Ա. Ա­ւե­տի­սեան (հա­յոց լե­զու եւ գրա­կա­նու­թիւն), Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Ա. Մար­գա­րեան (անգ­լե­րէն լե­զու) եւ Դե­րե­նիկ Տէ­միր­ճեա­նի ա­նուան թիւ 139 դպրո­ցի ու­սուց­չու­հի Ա. Գէոր­գեա­նը (թուա­բա­նու­թիւն), մաս­նա­գի­տա­կան կար­ծիք ար­տա­յայ­տած եւ գո­վա­սա­նագ­րեր, պա­տուոյ գրեր եւ մրցա­նակ­ներ յանձ­նած են բարձր յա­ռաջ­դի­մու­թիւն դրսե­ւո­րած ա­շա­կերտ­նե­րուն։ Շնոր­հա­ւո­րե­լով զա­նոնք՝ յանձ­նա­խում­բը կա­րե­ւո­րած է ուս­ու­մը եւ գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նած է, որ Թէ­քէեան դպրոց­նե­րը ու­նին բա­նի­մաց, խե­լա­ցի ա­շա­կերտ­ներ, ո­րոնք կը ձգտին նոր գի­տե­լիք­ներ ձեռք բե­րել եւ նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ նուա­ճել։ Բարձր գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցած են նաեւ ու­սու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնց ա­մե­նօ­րեայ տքնա­ջան ու բա­րե­խիղճ աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ ա­շա­կերտ­նե­րը նոր ձեռք­բե­րում­ներ ար­ձա­նագ­րած են։

Մի­ջո­ցառ­ման ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կած են նաեւ Ար­ցա­խի Վա­հան Թէ­քեա­նի ա­նուան թիւ 1 դպրո­ցի տնօ­րէն Ա­նա­հիտ Քո­սա­կեան, որ յա­նուն թէ­քէեան­ցի­նե­րուն շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է հիմ­նադ­րա­մի դպրոց­նե­րուն ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու եւ նմա­նա­տիպ ծրագ­րեր ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար, քան­զի ա­նոնք կը նպաս­տեն հայ դպրու­թեան ու նոր սե­րուն­դի դաս­տիա­րա­կու­թեան։

Միւս կող­մէ, Թէ­քէեան կեդ­րո­նին մէջ տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւ­նը շա­րու­նա­կուած է հա­մեր­գա­յին ծրագ­րով, որ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են Ուս­մունք վար­ժա­րա­նի տա­ղան­դա­շատ սա­նե­րը։

Շաբաթ, Յունիս 27, 2015