Կիրակի 11, Մայիս 2025
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԻՒԱՆԱԴԻՏՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՍՏԱՑԱՆ ԻՐԵՆՑ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐԸ
Հայաստանի Դիւանագիտութեան դպրոցի 2022 թուականի շրջանաւարտները նախընթաց օր հանդիսաւոր արարողութեամբ ստացան իրենց վկայականները։ Հաւաքոյթին մասնակցեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի շրջանային նախագահ Ապտուլլահ Շահիտին, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը կ՚այցելէր Երեւան։ Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։
Հայաստանի Դիւանագիտութեան դպրոցը հիմնադրուած օրէն ի վեր կը գործէ երկրի Արտաքին գործոց նախարարութեան հովանիին ներքեւ։
Շաբաթ, Յուլիս 30, 2022