ԱՊԱԳԱՅԱՏԵՍԻԼ ՍՓԻՒՌՔԸ

Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ, փրոֆ. Արա Սայեղի ստորագրութեամբ կը կարդանք։

*

Երեւանի մէջ այս տարուան յունիսի երկրորդ կէսին լոյս տեսաւ գաղափարական, մասնագիտական թէ յարանուանական իրենց պատկանելիութիւններէն անկախ, հոյլ մը՝ աշխարհով մէկ ցրուած, բայց անխտիր նոյն ցաւոտ մտահոգութեամբ, հարուստ ազգային կամ համայնքային կենսափորձով, մասնագիտական հմտութեամբ, բեղուն փորձառութեամբ սփիւռքահայ՝ գիտական կառոյցներու եւ այլազան բնագաւառներու մէջ ազդեցիկ դերակատարութեամբ քսան  մտաւորականներու կողմէ առաջարկուած լրջամիտ ծրագիրներու հատընտիր մը, որ կը բաղկանայ 150 էջէ։ «Գործնական ծրագիր. ընկալուածէն դէպի ապագայատեսիլ սփիւռք՝ ի՞նչ բարեփոխել եւ ինչպէ՞ս վերակազմակերպել» խորագրուած է հատորը:

«2022-ը՝ Սփիւռքի տարի» Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ հռչակումը յանձնառու եւ պարտաւորիչ համարելով՝ յունուարի վերջին օրերուն գործնական ծրագրի մը մտայղացումն ու նախաձեռնութիւնը յառաջ բերած էր՝  2011-ին հիմնուած եւ մինչեւ օրս շուրջօրեայ սփռուող «www.radioayk.com» առցանց ձայնասփիւռի կայանի հիմնադիր ու հաղորդավարուհի Շաքէ Մանկասարեան: Գիրքին մեկենասն է Շաքէ եւ Մարք Կրոկըն ամոլը: Խմբագրական խորհուրդին մաս կը կազմէին՝ առակագիր Եզնիկ Բալայեան, գրողներ Գէորգ Պետիկեան, Ռուբէն Յովակիմեան, գեղանկարիչ Վիգէն Շարոյեան, իսկ հատորին խմբագրումը ստանձնած են փրոֆ. Արա Սայեղ եւ Շաքէ Մանկասարեան:

Իր գերյոգնած մարտահրաւէրներով հայկական սփիւռքը համաշխարհայնացումի քաշկռտուքին դիմաց անհաստատ, օրէ օր որակի սով մը ապրող, ինքնամաշումի իրավիճակէն, բեւեռացած խրամատներէն, ապագայի անորոշ հորիզոնէն դուրս բերելու համար զգաստացնող ահազանգի մը կը կարօտի, թմրութիւնը թօթափող անյետաձգելի ուժգին սթափումի մը պահանջը ունի: Արամ Ա. Կաթողիկոս այդ մարտակոչը խստաշունչ բարձրաձայնեց, վտանգներուն համար ահազանգեց եւ վերջապէս անկիւնադարձային հռչակագիրով մը ազդարարեց: Ուստի անմիջական ելքեր փնտռելու գործնական ռազմավարութեան խիստ պահանջի դիմաց ենք: Լոզունգներէ, տրտնջացող տրամաբանութենէ շատ հեռու, բուժելու կամքով եւ կարողութեամբ, գիտական հմտութեամբ տոգորուած, փորձառու եւ արհեստավարժ լրջախոհութեամբ գործելու ու մասնագիտացած ուղղութիւններով ընթանալու անյետաձգելի հրամայականին դէմ յանդիման ենք ազգովին:

Վերջին տասնամեակներուն տեղի ունեցած բոլոր շնորհակալ նախաձեռնութիւնները, համայնքային զանազան հանդիպումները, գաղութային խորհրդակցութիւնները, քննարկումները, խորհրդաժողովները, համագումարները, լսարանները եւ այլն, մնացին  ոչ-պարտադիր եւ անկախ, տեսական եւ անկաշկանդ պարունակի կամ մակարդակի վրայ: Նոյնիսկ մարտահրաւէրները, վերլուծումները եւ ահազանգող ալեկոծումները կարծես անհետացան, զգուշացնող տագնապները շոգիացան՝ մնալով միայն մամուլի էջերուն վրայ իբրեւ յիշատակելի եւ չգործադրուած  իրադարձութիւններ, անցուդարձեր:

Ուստի գործնական ծրագիրներ մէջտեղ բերելու համար խիզախութիւն մը պէտք չէր, միայն գործին նախաձեռնելու եւ մասնակցելու զօրեղ կամք ու իրագործելու հաստատակամ հաւատք պէտք էր: Այս հատորը այդ հաւատքի եւ գործելու ձեւաչափի վառ ապացոյցն է, հաւաքական աշխատանքի դրսեւորումին գործնական մէկ նմոյշը: Մէկ խօսքով, այս հատորին մէջ տեղ գտած են այլընտրանքային լուծումներ, ելքեր ու գործադրելի առաջարկներ, որոնք անհասցէ չմնացին:

Նման ծրագիրներու հատոր մը միասնական խտացուած ճիգերու արգասիքն է, փաստացի  հաստատում մըն է, որ հայկականին զուգահեռ՝ համահայկականին նախաձեռնելու, համահայկականը ծրագրելու եւ գործադրելու կամք, կարելիութիւններ եւ գործիքաւորում կարելի է որոնել: Բազմանշանակ եւ օրինակելի է նման անձնական նախաձեռնութեամբ ծնունդ առած եւ հաւաքական աշխատանքով աւարտած գործնական ծրագիրներու հատոր մը: Աշխատանք մը, որ պէտք էր ըլլար հայկական սփիւռքի աւանդական կառոյցներու, զանազան ղեկավար միաւորներու գործնական առաքելութիւնը, հեռատես ռազմավարութեան առաջնահերթութիւնը, գերագոյն նպատակը՝ մեր ներուժը համախմբելու, կամրջելու, շաղկապելու, ծրագրաւորելու, մասնագիտական հարթակներ ստեղծելու եւ միասնական համագործակցութիւնը ամրապնդելու, հայ մտաւորականներու փաղանգները համախմբելու գերանհրաժեշտ օրակարգերու հիմնական ծրագրերու շուրջ, որոնք կը կոչուին սփիւռքի գոյառումի գերխնդիրներ:

Գործնական ծրագիրներ առաջարկելու, մշակելու նախաձեռնութեան մը մասնակցիլը պիտի նշանակէր, որ սփիւռքի մէջ թէեւ քիչ, բայց կայ տակաւին գործնական, լաւատեսութեան լուսաշիթերու հաւատացող հոյլ մը, որ կը տառապի զօդելէ հայ մտաւորականները, կը տագնապի անոնց միջեւ ամրապնդելու համար շինիչ կապն ու կամուրջը, կը միտի  միասնականութեան հարթակներ ստեղծելու, անդրդուելի կամք ունի նոյն թիրախին ծառայելու՝ զօրակցութեան ձեռք երկարելով սփիւռքահայ միաւորները դրդելու, շահագրգռելու, միտք-մտքի կցելով մտախոհելու, միասնականութեան միախորհուրդ հոգին գործնականացնելու, բարձրահունչ մարտակոչերը լսելի դարձնելու, ահազանգային աղաղակ մը հնչեցնելու գերագոյն նպատակին՝ թէ՛ հայկական եւ թէ՛ համասփիւռքեան մեր կեանքին մէջ:

Հատորին մէջ յիշուած գործնական ծրագրերը կարելի է համարել համեստ ձեւաչափով լուսամուտներ, անոնց ընդմէջէն արտասփռող միտքերը ճաճանչող շողերու նման կարող են սփիւռքի հայապահպանութեան, հայակրթութեան, ազգային ունեցուածքներու կառավարումի, հայահաւաքի, բազմաշերտ վերակառուցումի, գիտական կեդրոններու, տեղեկագիտական, թուային եւ օժանդակ արհեստագիտութիւններու, ինքնութեան եւ այլ բաղադրիչ բնագաւառներու վրայ լոյս սփռել, մատչելի դարձնել:

Գիրքի կազմին վերջին էջին զետեղուած ծրագիրներու հիմնական միտքերը կը պարզաբանեն հատորին մէջ տեղ գտած ծրագրերու բանալի ուղղուածութիւնները, կը փոխանցեն լուծումներու յստակ մտապատկեր մը, կենսագործելի մտադաշտեր կը թելադրեն, բարեյուշութիւններու կը մղեն:

Համոզիչ եւ արդար է, որ մեր ազգային տեսական բարձրագոչ լոզունգները, որոնք ընդհանրապէս ժամանակի հոսանքին հետ խաբուսիկ կը դառնան, եթէ չգործնականացնենք, լալկան եւ տրտնջացող տրամաբանութեամբ ճապաղ ազգայնական եւ հրապարակային աղմկարար ճառերու կը վերածուին, մէկ խօսքով՝ ապաշնորհ քարոզչութիւններ եւ ընդհանրապէս խօսոյթներ կը մնան՝ մակերեսային տեսաբանութեամբ եւ մանաւանդ զգացական մօտեցումով համակուած, եթէ չգործնականացնենք այդ բոլորը իմաստալից ծրագիրներով:

Ապացոյց է նաեւ, որ նոր հայ սերունդի ջախջախիչ մասը անդրդուելի է, խուլ կը ձեւանայ այդ բոլորին դիմաց, որուն պատճառով ալ այդ բոլոր մարտահրաւէրները մնացած են միայն տեսական եւ հատուածական պարունակի մէջ: Ուստի գործնական նորարար ռազմավարութեամբ պէտք է զրուցել, համոզել մեր մտասեւեռումին կիզակէտը հանդիսացող նոր սերունդը: Խիստ կարիքը ունինք ժամանակակից գիտական, արհեստավարժ եւ հմուտ ճարտարապետումի՝ սփիւռքի մարտահրաւէրները տարրալուծելու, ելքեր գտնելու: Ճիշդ այդ մէկն է այս հատորին թիրախը եւ ուրեմն անոր մէջ տեղ գտած գործնական ծրագիրներուն ճշգրիտ հասցէն:

Աւելորդ չէ նշել, որ ներկայ հատորին մէջ ներկայացուած ծրագիրները վերջակէտ մը չեն սփիւռքահայ մարտահրաւէրներուն ելքեր որոնելու ճիգերուն ընդառաջ, հաւանաբար ամբողջական ալ չեն, սակայն իրապաշտ ըլլալու համար կրնան համոզիչ խթան հանդիսանալ, մտածելու թելադրիչ նշաձողեր ըլլալ նոր ծրագրերու լուսաբացի մը, օգտաշատ գաղափարներու շահեկան հորիզոններ յորդորելու: Կենսական է շեշտել, որ ներկայացուած մտորումներու, վերլուծումներու, ծրագիրներու աշխատակարգը կարելի է իր բնոյթով եզակի համարել, իսկ իր իմաստով՝ նախաձեռնութիւններու եւ ապագայ կարելի գործնական քայլեր իրականացնելու երթի սկզբնական ուղեցոյց մը:

Հաւաքական այս նախաձեռնութիւնը վառ օրինակ մըն է, որ տակաւին սփիւռքի մէջ ունինք գործնական ծրագիրներու հաւատացող ու աշխատանք չզլացող ապագայատեսիլ մտաւորականութիւն մը: Կը հաւատանք նաեւ, որ «Սփիւռքի տարի»ի հռչակագիրը յարմարագոյն գործի կոչնակն է, տալու պահը: Եւ հայը գիտէ, որ ազգաշէն գիտակցութեամբ տալը, նուիրաբերելը զրկանք չէ: Տալը հրճուանք է, երբ թիրախը հայ ազգի ընդհանրական եւ ապագայատեսիլ շահն է:

Շաբաթ, Յուլիս 30, 2022