ԱՆԳԼԻՈՅ ԹԵՄԻՆ՝ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան նշանակուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ թեմակալ առաջնորդ, ազատուելով Արթիկի թեմակալ առաջնորդի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէնի պաշտօններէն։
Սրբազան Հայրը ծնած է 1976-ին, Արմաւիրի Ոսկեհատ գիւղին մէջ։ Կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն միջնակարգ դպրոցէն, Սեւանի Վազգէնեան դպրանոցէն եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէն ներս։ Ան ուսանած է նաեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Պոսսէի Միջեկեղեցական դպրոցին եւ Դանիոյ Առհուս քաղաքի Տիակոնալ դպրոցին մէջ՝ ուսումնասիրելով ընկերային աստուածաբանութիւն։
Տ. Մեսրոպ Արք. Գրիգորեանի ձեռամբ 2000 թուականին ձեռնադրուած է սարկաւագ։ 2001 թուականին պաշտպանած է «Դրուագներ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատմութենէն» նիւթով։ 2001 թուականին Տ. Ոսկան Արք. Գալփաքեանի ձեռամբ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ։
2002-2004 թուականներուն ուսանած է Մոսկուայի Հոգեւոր ակադեմիոյ մէջ՝ ստանալով Աստուածաբանական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան։ 2006 թուականին պաշտպանած է «Էքիւմենիզմը 20-րդ դարուն եւ Հայ Եկեղեցին» խորագրեալ վարդապետական իր թեզը եւ մասնաւոր վարդապետութեան չորս աստիճանները ստացած է Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի ձեռամբ, Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ։ 2010-ին Վեհափառ Հայրապետի կողմէ ձեռնադրուած է եպիսկոպոս։
Մինչ այդ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն նշանակուեցաւ Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան։