ՔԱՋԱԼԵՐԱՆՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը վերջին տարիներուն բազմաբնոյթ ծրագրեր կեանքի կոչելով միշտ կը ձգտի խրախուսել մեր մատղաշ սերունդը։ Մշակութային ծրագրերու հովանաւորութենէն սկսեալ, մինչեւ համալսարանական երիտասարդներու համար տրուած կրթաթոշակները՝ բազմաթիւ առանցքներու շուրջ կը գործադրուին ջանքեր, որոնք գնահատանքի կ՚արժանանան համայնքային շրջանակներուն կողմէ։ Այս ամբողջին մէջ Օրթագիւղի ընտանիքը առանձնապէս կը կարեւորէ համալսարանական երիտասարդներուն համար յատկացուած կրթաթոշակները։ Սա մեր երիտասարդութեան պատրաստութեան եւ իր իտէալներու ճանապարհով ընթացքին տեսակէտէ կարեւոր աշխատանք մըն է եւ այս ուղղութեամբ Օրթագիւղի ընտանիքին կողմէ բերուած նպաստը անտարակոյս ունի շատ կարեւոր նշանակութիւն։
Թէ՛ Օրթագիւղի ընտանիքը եւ թէ ընդհանրապէս մեր համայնքը այդ երիտասարդութեան վրայ մեծ յոյս դրած են՝ մեր ապագայ հաւաքական կեանքի արդիւնաւէտ ու թարմ ուժերով յառաջ մղուելուն տեսանկիւնէն։
2014-2015 կրթական շրջանի աւարտին, շաբաթավերջին, Օրթագիւղի ընտանիքը մասնաւոր հանդիսութիւն մը կազմակերպեց՝ իր կրթաթոշակառու համալսարանականներուն համար։ Այս առթիւ բազմատասնեակ համալսարանականներ համախմբուեցան Օրթագիւղի մէջ, ուր իրենց համար կազմակերպուած հաւաքոյթը ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Յայտագրի առաջին բաժինը գործադրուեցաւ Թարգմանչաց վարժարանին մէջ, ուրկէ բոլորը անցան թաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ ի վերջոյ յարակից սրահը։ Ներկայ էին Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզ եւ իր ընկերները, վարժարանի տնօրէն Արաս Տելիճէ եւ Օրթագիւղի ընտանիքէն այլ զանազան դէմքեր։ Հանդիսութեան բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Թալին Պէրպէրեան։ Ապա ելոյթներ ունեցան Իսքէնտէր Շահինկէօզ, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Արաս Տելիճէ եւ Արթիւր Պաղտասարեան։ Համալսարանականներուն անունով ալ արտայայտուեցաւ Արթիւր Գափլան։ Համալսարանականներուն այս առթիւ կոչ ուղղուեցաւ, որպէսզի անոնք անպայման մասնակցութիւն բերեն համայնքային կեանքին, ներկայացնեն նորանոր ծրագրեր եւ ինքզինքնին չսահմանափակեն նպաստընկալի դիրքի մէջ։ Մասնաւորապէս Իսքէնտէր Շահինկէօզ ընդգծեց, թէ մեծապէս կը կարեւորեն նոր սերունդին գաղափարները ու կ՚ուզեն օգտուիլ երիտասարդներու հորիզոններէն։
Այս հաւաքոյթին ընթացքին, որպէս խորհրդանշական կերպար՝ երիտասարդները հաղորդ դարձան նաեւ երախտաշատ ու անմոռանալի ազգային գործիչի մը՝ հոգելոյս Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի կեանքին ու գործունէութեան։ Արդարեւ, Օրթագիւղի մէջ բնակած Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի օրինակը իսկապէս ուսումնասիրելի է մեր այսօրուան սերունդներուն տեսակէտէ։ Երիտասարդներն ալ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի կեանքին վերաբերեալ պատրաստուած պարքովիզիոնի ցուցադրութեան։
Աւելի վերջ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ անոնք մէկտեղուելով տեսան Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանէ մնացած զանազան իրեղէններ եւ զգեստներ։ Աւանդատունէն դուրս բերուած այդ զգեստներուն եւ իրեղէններուն վրայ տղաքը հետաքրքրութեամբ տեսան յիշատակարանները, որոնց մէջ շեշտուած էին Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի ներդրած ջանքերը։ Օրթագիւղցիները այս հանգրուանին շեշտեցին, որ մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայեն այդ բոլորի խնամքին նկատմամբ։
Աւելի վերջ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որ առիթ հանդիսացաւ ջերմ զրոյցի եւ կրթաթոշակառու երիտասարդներուն յուշանուէրներ ալ յանձնուեցան Օրթագիւղի ընտանիքին կողմէ։