ԵՌԱԿՈՂՄ ՆՈՐ ՁԵՒԱՉԱՓ
Թուրքիա-Ատրպէյճան թանտեմը հետզհետէ կը բարձրացնէ իր ձգողականութիւնը՝ ծնունդ տալով տարածաշրջանային զանազան եռակողմանի ձեւաչափերու։ Թուրքիա-Ատրպէյճան-Վրաստան, Թուրքիա-Ատրպէյճան-Իրան եւ այլ օրինակներէ վերջ այժմ եռակողմանի համագործակցութեան խորացման հեռանկարներ կը հասուննան Թուրքիա-Էօզպեքիստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ։ Երէկ, Թաշքենթի մէջ տեղի ունեցաւ այս նոր ձեւաչափին ներգրաւուած երկիրներու արտաքին գործոց, առեւտուրի եւ հաղորդակցութեան նախարարներուն հանդիպումը։ Այս առաջին շփումի հիւրընկալ երկիրն էր Էօզպեքիստան։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Թուրքիոյ միւս նախարարները Թաշքենթի մէջ մասնակցեցան Էօզպեքիստանի Արտաքին գործոց նախարար Վլատիմիր Նորովի, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ միւս նախարարներուն հետ ժողովի մը։ Մեւլիւտ Չավուշօղլու Թաշքենթի մէջ հիւրընկալուեցաւ նաեւ Էօզպեքիստանի նախագահ Շեւքեթ Միրզիյոյեւի կողմէ։ Բաց աստի, նախարար Չավուշօղլու առանձնազրոյց մըն ալ ունեցաւ էօզպեք պաշտօնակցին հետ։
Անգարայի աղբիւրներու հաղորդումներով, եռակողմանի այս նոր ձեւաչափին մէջ որդեգրուած է մասնակից երեք երկիրներու հասարակաց օրակարգի նիւթերուն շուրջ համակարգում ապահովել եւ համագործակցութիւնը խորացնել։ Այս ամբողջին մէջ առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Կասպից ծովու անցքով արեւելք-արեւմուտք միջին նրբանցքը։
Նախարարները երէկ ստորագրեցին նաեւ Թաշքենթի հռչակագիրը, որ միտուած է թրքական աշխարհէ ներս բարեկեցութեան բարձրացման եւ համագործակցութեան ամրապնդման։