ՎԱՏ ՑԱՒ ԿԱՄ ՍԻՖԻԼԻՍ

ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՍ

ԺԱՌԱՆԳԱԿԱՆ ՍԻՖԻԼԻՍ

Դ. ԱՐԱՏԱՒՈՐ ԾՆՈՒՆԴ ԿԱՄ ՎԱՏԱՃՈՒՄ

Այստեղ մենք այն բազմաթիւ արատաւորութիւններուն ու հրէշաւորութիւններուն մասին պիտի խօսինք, որ յաճախ սիֆիլիսոտներուն երեխաները կ՚ունենան:

Լաւ հասկնանք, թէ ատիկա ի՛նչ է:

Մինչեւ հիմա կը խօսէինք սիֆիլիսոտի ժառանգներու այն հիւանդութիւններուն մասին, որոնք նոյն են, ինչ որ ստացական սիֆիլիսինը: Երեխաները կարծես ուղղակի ծնողներէն վարակուած են եւ նոյն նշանները ունին իրենց մարմինին վրայ, ինչ որ առհասարակ ունին վատ ցաւով վարակուածները:

Բայց բազմաթիւ դէպքերու պարագային երեխան իր վրան ո՛չ մէկ նշան ունի, ո՛չ մէկ բիծ կաշիին վրայ, ո՛չ մէկ խոց թաղանթներուն վրայ, մէկ խօսքով, ո՛չ մէկ հիւանդութիւն, որ առհասարակ սիֆիլիսոտներուն վրայ կը նկատուի: Սակայն, այդ երեխան ուրիշներուն նման չէ: Լաւ զննեցէ՛ք անոր մարմինը եւ անոր մէջ որեւէ մէկ անկանոնութիւն կը գտնէք. կամ գլուխը չափազանց մեծ է, կամ ոսկորները ծուռ ու մուռ են, կամ մատները կարճ ու երկար, կամ աչքերը ուրիշ տեսակ, ցաւոտ, կամ ականջներն ու ատամները օտարոտի…։ Ինչէ՞ն կը յառաջանան այս բոլորը: Ի՞նչն է պատճառը, որ պակասաւոր երեխաները շատ աւելի յաճախ կը պատահին սիֆիլիսոտներու ընտանիքներուն մէջ, քան առողջներուն:

Ասիկա վատասերումն է:

Միայն սիֆիլիսը չէ, որ այսպէս կը նսեմացնէ եւ կ՚այլանդակէ սերունդները: Մենք ուրիշ տեղ մը խօսած ենք սերունդի վատասերումին մասին ծնողներու զանազան հիւանդութիւններէն1, այն է, ալկոհոլիզմ (գինեմոլութիւն), թոքախտ, ջղայնութիւն, ազգակցական ամուսնութիւն: Այս վերջին հիւանդներուն սերունդներն ալ վատասերուած կը ծնին, այսինքն՝ թուլակազմ, արատաւոր, կեանքին անընդունակ եւ հազար ու մէկ տեսակ հիւանդութիւններու եւ տկարութիւններու ենթարկուած:

Ի՞նչն է այս վատասերումին սկզբնական եւ հիմնական պատճառը: Ի՞նչու համար սիֆիլիսոտին զաւակը, որ առողջ ծնած էր, կամաց-կամաց կը հալի ու կը մաշի եւ թոյլ եւ անընդունակ էակ մը կը դառնայ: Ինչէ՞ն է, որ ան այսքան արատներու տէր կը դառնայ, այսքան տանջանքներ կը կրէ իր կարճ կեանքին մէջ:

Բացատրենք ատիկա եւ անցնինք արատներուն եւ հրէշաւորութիւններուն:

Սիֆիլիսին թոյնը այնքան զօրաւոր է, որ մեր մարմինին բոլոր անկիւնները կը մտնէ եւ հիւանդոտ դրութեան մը մէջ կը նետէ մարդուն կազմուածքին ամէն մէկ թելը: Վատասերուած մարդուն միսն ալ այն չէ, ջիղերն ալ այն չեն, սեռական գործարաններն ալ այն չեն, ինչ՝ առողջինը: Սերմը, որ ծնունդ կու տայ զաւակի սաղմին մօր արգանդին մէջ, կը կորսնցնէ իր զօրութիւնն ու ոյժը: Անշուշտ, այդպիսի մարդու սերունդն ալ չի՛ կրնար ըլլալ այն, ինչ՝ առողջինը:

Մենք տակաւին չենք գիտեր, թէ ի՛նչ են այն փոփոխութիւնները, որոնք այդքան կը տկարացնեն մարդուն ոյժերը: Սակայն, հարիւրաւոր բժիշկներու կատարած հետազօտութիւնները, դիտումները, ցոյց կու տան, թէ հիւանդութեան թոյնին ազդեցութեան տակ բան մը կը փոխուի սիֆիլիսոտի սեռական ոյժին մէջ: Եւ այդ «բանի մը» փոփոխութեան հետեւանքը վատասերուած սերունդ կ՚ըլլայ:

Այսպէս, ուրեմն, վատ ցաւը միւս թունաւորութիւններուն հետ միասին (գինեմոլութիւն, թոքախտ, եւ այլն) կը վատաշրջէ հիւանդներուն մարմիններուն հիւթերը:

Հիմա խօսինք այդ ժառանգական վատասերումին մասին:

Սակայն, հի՛մա կը խնդրենք ընթերցողէն չմոռնալ հետեւեալը.

1. Այն բոլոր արատները, որոնք պիտի նկարագրենք, կը պատահին նոյնպէս եւ թոքախտաւորներու եւ արբեցողներու սերունդներուն, եւ՝

2. Ո՛չ բոլոր սիֆիլիսոտներու զաւակները այդ արատները կ՚ունենան եւ սիֆիլիսոտի ո՛չ բոլոր զաւակները կ՚ունենան այդ արատները: Ասոնցմէ շատերը [առողջ] կը ծնին եւ առողջակազմ կը մնան:

Ժառանգական սիֆիլիսոտներուն կարելի է երեք կարգի բաժնել.

1. Այնպիսիներ, որոնց մարմինին որեւէ մէկ մասը միայն հիւանդոտ կամ արատաւոր է (օր. գլուխ, ատամներ, անդամներ, եւ այլն), - մասնաւոր վատաճումը:

2. Այնպիսիներ, որոնք ամբողջ մարմինով վատասերուած եւ պակասաւոր են, - ընդհանուր վատաճումը կամ վատասերումը:

3. Հրէշներ:

1. ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՎԱՏԱՃՈՒՄԸ

Ա. ԳԱՆԿԻ ԱՆԿԱՆՈՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ամբողջ գանկը (գլուխը) կամ չափազանց փոքր կ՚ըլլայ, կամ չափազանց մեծ:

Երբեմն երեխաներ կը ծնին, որոնց գլուխը փոքրիկ նարինջի մը կամ խնձորի մը չափ է: Ասոնք փոքր-գլխանիներն են:

Մեծ գլխանիներ ալ կան: Շատերը տեսած կ՚ըլլան մեծ գլխանի երեխաներ, որոնք հազիւ կը կարողանան իրենց ահաւոր գլուխը ուսերուն վրայ պահել: Երբեմն ընտանիքին բոլոր երեխաները այդ տձեւութիւնը ունին:

Գլուխը կրնայ նաեւ սովորական մեծութիւն ունենալ, բայց լաւ զննեցէք եւ գլուխին վրայ զանազան անկանոնութիւններ կը գտնէք, ան կամ երկար-սօլիկ է ու սրածայր, կամ տափակ կամ կողքերը դուրս եկած կամ ներս գացած, կամ որեւէ մէկ տեղը փոս ինկած, եւ այլն: Յաճախ ալ գլուխը անսովոր մեծութիւն եւ փոքրութիւն ունի, եւ տձեւ է:

Երեխայ կայ, որուն գլուխը կարծէք զնդանի մէջ դրուած ըլլայ, սեղմուած ըլլայ կողմերէն եւ տափակցած: Այսպիսի երեխաներու քունքի ոսկորները ներս սեղմուած են եւ փոս ինկած, որմէ ճակատին ոսկորը տափակած է եւ դուրս ինկած ալքարի կատարին նման:

Ասոնք են գանգի վրայ նկատուած վատաճումներն ու այլանդակութիւնները:

Դէմքին վրայ նոյնպէս բազմաթիւ անկանոնութիւններ կը նկատուին:

Անոր երկու մասերը հաւասար չեն եւ երկու կողմերը միանման չեն. մէկ կողմը աւելի երկար է եւ աւելի լայն, քան միւսը: Այսպիսի մարդիկ իսկապէս երկու երեսանի են:

Բ. ԳԼՈՒԽԻ ՋՐԳՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ժառանգական սիֆիլիսոտ երեխաներուն մէջ երբեմն կը պատահի ուղեղի այս սարսափելի հիւանդութիւնը: Ահագին գլուխը ջուրով լեցուած, որ կը սեղմէ-կը ճնշէ ուղեղը եւ մահ կը յառաջացնէ:

Գ. ԱՏԱՄՆԵՐՈՒ ՎԱՏԱՃՈՒՄԸ

Ատամներուն վատաճումը բազմաթիւ ձեւեր կ՚ընդունի: Նախ՝ ատամները շատ ուշ դուրս կու գան, 10-15 ամիսներու ընթացքին միայն, երբեմն ալ աւելի եւս ուշ: Ապա ասոնք կամ չափազանց մանր կ՚ըլլան (ատամներու սնկայնութիւն) կամ չափազանց մեծ (ատամներու հրէշաւորութիւն) կամ խառն, մանր ու մեծ:

Երկրորդ այլանդակութիւնը այն է, որ ատամները չափազանց անկանոն դարսուած կ՚ըլլան լինտերուն մէջ: Ետեւ-առջեւ կ՚ըլլան, շատերը բոլորովին դուրս չեն գար, կամ վերի ու տակի շարանները իրար չեն համապատասխաներ, այնպէս որ բերանը փակած ատեն անոնք իրար չեն դպնար, այլ՝ վերինը առաջ կ՚իյնայ, իսկ տակինը՝ ետեւ: Այդ պարագային ծամելն ալ անշուշտ կը դժուարանայ:

Երրորդ. ատամներուն ձեւը այլանդակ կ՚ըլլայ. օրինակ, ատամին կտրող մասը վիզէն աւելի նեղ է, եւ այլն: Ի վերջոյ, անոնք հիւանդոտ կ՚ըլլան, ծուռ-մուռ, եզերքները ջարդուած եւ կերուած, երբեմն սղոցի նման քերթ-քերթ, իրենց վրայի փայլուն էմալը փճացած, եւ նմանօրինակ վնասներով:

Երբեմն այս վնասները այնքան բնորոշ են, որ հմուտ բժիշկը, միայն ատամները զննելով, կը կարողանայ իմանալ, որ այդ երեխային ծնողները սիֆիլիս ունեցած են:

Աւելցնենք նաեւ այն, որ կամաց-կամաց լաւ ատամներն ալ շուտով կը փճանան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 6

Վաղարշապատ


1 Տե՛ս մեր «Ամուսնութիւն» գիրքը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 4, 2022