«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Շու­տով պի­տի սկսի Ե­րե­ւա­նի «Ոս­կէ ծի­րան» մի­ջազ­գա­յին 12-րդ շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նը։ Այս առ­թիւ Ե­րե­ւա­նի մէջ սարքուե­ցաւ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ «Ոս­կէ ծի­րան»ի մի­ջազ­գա­յին կա­պե­րու բաժ­նի ղե­կա­վար Տա­թե­ւիկ Մա­նու­կեան այս առ­թիւ յայտ­նեց, թէ փա­ռա­տօ­նը այս տա­րի յար­գան­քի տուրք պի­տի մա­տու­ցէ հայ շար­ժա­րուես­տի վար­պետ­նե­րուն։

Ա­մէն տա­րի փա­ռա­տօ­նը ու­շադ­րու­թիւն կը դարձնէ շար­ժարուես­տի հայ ա­նուա­նի գոր­ծիչ­նե­րուն։ Այս տա­րի եւս յար­գան­քի տուրք պի­տի մա­տու­ցուի Հեն­րիկ Մա­լեա­նին՝ 90-րդ, Հեն­րիկ Մար­գա­րեա­նին՝ 90-րդ եւ Լե­ւոն Ա­թո­յեան­ցին՝ 85-րդ յո­բե­լեան­նե­րուն առ­թիւ։ Պի­տի ներ­կա­յա­ցուին անոնց ժա­պա­ւէն­նե­րը։ Այս­պէս, փա­ռա­տօ­նի ըն­թաց­քին պի­տի ցու­ցադ­րուին Մա­լեա­նի «Կտոր մը եր­կինք», Մար­գա­րեա­նի «Տէր­տէ­րին ուխ­տը» եւ Ա­թո­յեան­ցի «Ավ­տո­յի մե­քե­նան» ժա­պա­ւէն­նե­րը։

Ե­րե­ւա­նեան «Ոս­կէ ծի­րան» մի­ջազ­գա­յին 12-րդ փա­ռա­տօ­նը հե­տաքրք­րա­կան եւ իւ­րա­յա­տուկ շար­ժան­կար­ներ պի­տի ներ­կա­յաց­նէ շար­ժան­կա­րի սի­րա­հար­նե­րուն: Փա­ռա­տօ­նը այս տա­րի 1600 յայտ ստա­ցած է 105 երկ­րէ:

Ընտ­րուած 76 շար­ժան­կար­նե­րէն 12­-ը պի­տի մրցին փա­ռա­տօ­նի «Մի­ջազ­գա­յին խա­ղար­կա­յին», 13-ը՝ «Մի­ջազ­գա­յին վա­ւե­րագ­րա­կան», 17-ը՝ «Հայ­կա­կան հա­մայ­նա­պատ­կեր» եւ 34-ը՝ «Կո­րիզ» կարճ շար­ժան­կար­նե­րու մրցու­թա­յին ծրա­գր­­ե­րով:

Փա­ռա­տօ­նի մրցու­թա­յին եւ ար­տամր­ցու­թա­յին ծրա­գր­­երն ու ընտ­րուած շար­ժան­կար­նե­ր են.

«Հայ­կա­կան հա­մայ­նա­պատ­կեր»

«Ոս­կէ ծի­րան» մի­ջազ­գա­յին շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նի ծ­­րա­գր­­ե­րու հա­մադ­րող, շար­ժան­կա­րի քննա­դատ Րաֆ­ֆի Մով­սի­սեա­նի խօս­քով` այս տա­րուան մրցոյ­թին ընդգր­կուած է 18 շար­ժան­կար: «Ներ­կա­յա­ցուած էր 90 ֆիլմ: Հայ­կա­կան հա­մայ­նա­պատ­կե­րին մէջ ընդգր­կուած են հայ բե­մադ­րիչ­նե­րու եր­կա­րա­ժամ­կէտ, կար­ճա­ժամ­կէտ, վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն­ներ: Պի­տի տրուի ե­րեք մրցա­նակ՝ լա­ւա­գոյն եր­կա­րա­ժամ­կէտ, լա­ւա­գոյն կար­ճա­ժամ­կէտ եւ լա­ւա­գոյն վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն­նե­րուն», ը­սած է Րաֆ­ֆի Մով­սի­սեան: Ա­նոր խօս­քով` մրցոյ­թի այս տա­րուան շար­ժան­կար­նե­րը հնա­րա­ւոր պի­տի ըլ­լայ դի­տել նո­րա­բաց «Հա­յաս­տան» շար­ժան­կար-թա­տե­րաս­րա­հին մէջ՝ լա­ւա­գոյն ո­րա­կով: «Հայ­կա­կան հա­մայ­նա­պատ­կեր» մրցոյ­թին ընդգր­կուած են նաեւ Կա­րին Յով­հան­նի­սեա­նի եւ Ա­լէք Մու­հի­պեա­նի «1915», Ա­րամ Շահ­պա­զեա­նի «Մոս­կուիչ, իմ սէր» շար­ժան­կար­նե­րը:

«Կո­րիզ» կարճաժամկէտ շար­ժան­կար­նե­րու մրցոյթ

«Կո­րիզ» ծրա­գ­­րի պա­տաս­խա­նա­տու Վար­դան Յա­կո­բեա­նի խօս­քով՝ հին­գե­րորդ ան­գամ ի­րա­կա­նա­ցուող մրցոյ­թը տա­րուէ տա­րի ա­ւե­լի մեծ թափ կը ստա­նայ: «Այս ձե­ւա­չա­փը բա­ւա­կա­նին ըն­դու­նուած է, բայց ոչ բո­լոր փա­ռա­տօն­նե­րու ըն­թաց­քին կար­ճա­ժամ­կէտ ֆիլ­մե­րու ծրա­գիր կայ: Սկզբնա­կան շրջա­նին բազ­միցս կը դի­մէինք գոր­ծըն­կեր­նե­րուն, որ­պէս­զի ժա­պա­ւէն­ներ ու­ղար­կեն, իսկ այս տա­րի ինք­նա­բե­րա­բար 750 ֆիլմ ե­կած է: Ա­սոնց­մէ ընտ­րուած է 34 ֆիլմ է, ո­րոնք պի­տի պայ­քա­րին մրցոյ­թի ըն­թաց­քին: Մէկ հայ­կա­կան ֆիլմ կայ` Տա­թեւ Յա­կո­բեա­նի «Օ­տա­րը»», նշած է ան:

Վա­ւե­րագ­րա­կան շար­ժան­կար­նե­րու մրցոյթ

Վա­ւե­րագ­րա­կան շար­ժան­կար­նե­րու ա­նուա­նա­կար­գի պա­տաս­խա­նա­տու, «Ոս­կէ ծի­րան» Ե­րե­ւա­նի մի­ջազ­գա­յին շար­ժան­կար­նե­րու փա­ռա­տօ­նի փոխ-տ­­նօ­րէն Ա­րա Խան­ճեա­նի խօս­քով՝ ներ­կա­յա­ցուած 620 շար­ժան­կար­նե­րէն ընտ­րուած է 13­-ը: «Պայ­քար, բո­ղոք, փա­խուստ, մե­նու­թիւն, տա­րա­տե­սակ միտ­քէր, սէր.. Չեմ գի­տեմ ին­չու՝ ա­ւե­լի շատ ֆիլ­մեր կան ծո­վու եւ ով­կիա­նո­սի մա­սին: Այս տա­րուան մրցոյ­թին, ու­րա­խա­ցու­ցիչ է, որ հայ­կա­կան ֆիլմ կայ՝ Ար­ման Ե­րի­ցեա­նի «Մէկ, եր­կու, ե­րեք»ը, ո­ր Հա­յաս­տա­նի, Գեր­մա­նիո­յ եւ Նոր­վե­կիո­յ հա­մա­տեղ ար­տադ­րու­թեան ար­դիւնք է», տե­ղե­կա­ցու­ցած է ան:

Խա­ղար­կա­յին մրցոյթ

Ըստ Խա­ղար­կա­յին մրցոյ­թի պա­տաս­խա­նա­տու Ար­թուր Վար­դի­կեա­նի՝ մրցու­թա­յին ծրա­գի­րը ստա­ցած է 300 մաս­նակ­ցու­թեան յայտ, որ բա­ւա­կան շատ է: «Ան­ցեալ տա­րի 200 ֆիլմ ու­ղար­կուած էր: Ընտ­րուած է 12 ֆիլմ՝ աշ­խար­հի տար­բեր մա­սե­րէն: Ըն­կե­րա­յին, նե­րանձ­նա­յին խնդիր­ներ, սէր եւ այլ թե­մա­ներ նե­րա­ռող ֆիլ­մեր են», նշած է ան:

Ար­տամր­ցու­թա­յին ծրա­գր­եր

«Ոս­կէ ծի­րան» փառատօնի մի­ջազ­գա­յին կա­պե­րու բա­ժնի ղե­կա­վար Տա­թե­ւիկ Մա­նու­կեա­նի համաձայն, ար­տամր­ցու­թա­յին ծրա­գր­ե­րը կը կազ­մեն փա­ռա­տօ­նի կա­րե­ւո­րա­գոյն մա­սը: «Փա­ռա­տօ­նը պի­տի սկսի Ռո­պէր Կէ­տի­կեա­նի՝ Քան­նի յա­տուկ ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րու շար­քին մէջ ընդգր­կուած «Խենթ պատ­մու­թիւն» ֆիլ­մի ցու­ցադ­րու­թեամբ: Փակ­ման ֆիլմն է Հա­մօ Բեգ­նա­զա­րեա­նի «Նա­մու­ս­»ը», նշած է Տա­թե­ւիկ Մա­նու­կեան: Ըստ Մա­-նու­կեա­նի՝ «Ե­րե­ւա­նեան փրէօ-միէր­ներ» ծրա­գ­­րով պի­տի ներ­կա­յա­ցուին Պեր­լի­նի, Քան­նի եւ այլ փա­ռա­տօ­նե­րու մրցա­նա­կա­կիր շար­ժան­կար­նե­րը: Բա­ցի այդ, եր­կու յա­տուկ ծրա­գիր պի­տի նուի­րուի 100-ա­մեա­կին: «Ոս­կէ ծի­րան» մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նը Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ա­մե­նա­մեծ մշա­կու­թա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն մէկն է: Հիմ­նուած է 2004 թուա­կա­նին՝ «Ոս­կէ ծի­րան» շար­ժան­կա­րի զար­գաց­ման հիմ­նադ­րա­մի, Շար­ժան­կա­րա­գէտ­նե­րու եւ շար­ժան­կա­րի լ­­րագ­րող­նե­րու հայ­կա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան կող­մէ:

«Ոս­կէ ծի­րան»ի հիմ­նա­դիր­ներն են փա­ռա­տօ­նի գլխա­ւոր տնօ­րէն բե­մադ­րիչ Յա­րու­թիւն Խա­չատ­րեա­ն, ծրա­գր­­ե­րու տնօ­րէն, շար­ժան­կա­րի քննա­դատ Մի­քա­յէլ Ստամ­պոլ­ցեա­ն եւ գե­ղա­րուես­տա­կան տնօ­րէն, շար­ժան­կա­րի քննա­դատ Սու­սան­նա Յա­րու­թիւ­նեա­ն: «Քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու ու մշա­կոյթ­նե­րու խաչ­մե­րուկ». այս նշա­նա­բա­նով կը գոր­ծէ «Ոս­կէ ծի­րան» մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նը՝ իր հիմ­նադ­րու­թեան պա­հէն ի վեր: Փա­ռա­տօ­նը ա­մէն տա­րի շար­ժան­կա­րի ա­րուես­տի սի­րա­հար­նե­րու ու­շադ­րու­թեան կը ներ­կա­յաց­նէ 120­150 շար­ժան­կար` մրցու­թա­յին եւ ար­տամր­ցու­թա­յին տար­բեր ծրա­գր­­ե­րով:

 

 

 

 

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2015