ԵՍ ՅՈՎՍԷՓՆ ԵՄ, ՀԱ՛ՅՐ

Ես Յովսէփն եմ, հա՛յր,
Եղբայրներս զիս չեն սիրեր,
Իրենց մէջ ինծի չեն ուզեր, հա՛յր:

Կը թշնամանան եւ խիճերով ու 
Խօսքերով կը հարուածեն: 
Կ՚ուզեն մեռնիմ, որ գովեն զիս:

Փակեցին, առանց ինծի, տանդ դուռը:
Վտարեցին զիս պարտէզէն:

Խաղողս թունաւորեցին, հա՛յր:

Խաղերս քանդեցին, հա՛յր:

Երբ զեփիւռը փչեց եւ 
Խաղաց մազերուս հետ,
Նախանձեցան եւ բարկացան քեզմէ: 

Ի՞նչ ըրիր իրենց, հա՛յր:

Թիթեռները ուսերուս վրայ թառեցան
Եւ հասկերուն վրայ խոնարհեցան,
Թռչունը ափերուս վրայ թառեցաւ:

Ես ի՞նչ ըրի, հա՛յր:
Ինչո՞ւ ես:

Դուն Յովսէփ կոչեցիր զիս,
Իսկ իրենք՝ հորը նետեցին
Եւ աղուէսը մեղադրեցին:

Աղուէսը եղբայրներէս գթասիրտ է... հա՛յր:

Արդեօք մէկու մը վրայ բարկացա՞յ, 
Երբ ըսի, 
Թէ տեսայ տասնմէկ մոլորակները,
Արեւը եւ լուսինը:

Տեսայ զանոնք ինծի խոնարհած:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 5, 2022