ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ

Հայկական Արցախի Բերձոր հատուածի վերջին իրադարձութիւնները խառնեցին ամբողջ օրակարգը։

Ճիշդ է, որ Բերձորի մէջ պատահած Ատրպէյճանի բացայայտ ոտնձգութիւնը նոր հարթութեան մը կը տանէր առկայ լարուածութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, մինչեւ այդ դէպքն ալ տարբեր առիթներով Պաքու ճիգ չէր խնայած «վառ» պահելու համար Ատրպէյճան-Արցախ շփման գիծերը, յաճախ ա՛լ աւելի հեռու երթալով՝ հարուածներ տալով Ատրպէյճան-Հայաստան սահմանային որոշ շրջաններուն։

Ուշագրաւ է, որ վերջին օրերու դէպքերը տեղի ունեցան՝ հազիւ շաբաթներ առաջ Թեհրանի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովի աւարտին։ Ի շարս այլ մեծ խնդիրներու, քննարկման նիւթ դարձած էին նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան հարցը, այդ խնդրի տարբեր առանցքները, բայց մանաւանդ՝ Սիւնիքի հատուածէն Ատրպէյճանին «յուսալի» անցք մը տալու «առաջարկը», որ, ըստ երեւոյթին, այդ օրերուն լսելի դարձած էր նախագահ Էրտողանի կողմէ։ Իրան, որ բաւական հատու պատասխան մը տուած էր Թուրքիոյ նախագահին՝ իր հոգեւոր առաջնորդ Խամանէյի բերնով։ Այս վերջինը ըսած էր, որ Հայաստան-Իրան սահմանային հատուածներուն վրայ որեւէ փոփոխութիւն բացարձակապէս մերժելի է։ Խամանէյ նաեւ «օրկանական» համարած էր Հայաստան-Իրան դարաւոր ճանապարհը ու մատնացոյց ալ ըրած՝ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու դարաւոր անցեալը, բարւոք ներկան, նաեւ յուսալի ապագան։

Այս վիճակը նոյնիսկ Հայաստանի մէջ անակնկալ համարուեցաւ՝ մանաւանդ, որ ղեկավարութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներ մինչեւ այսօր բազմաթիւ՝ նոյնիսկ վիրաւորական շեշտադրումներով, «վրան բաց» եւ անտեղի յայտարարութիւններ ըրած էին Իրանի հասցէին, որ Հարաւային Կովկասի կարեւոր դերակատարներէն մին է։ Եթէ տեղ մը Իրանի մօտեցումին խորքային պատճառները քննութեան տակ առնենք, նաեւ պիտի չբացառենք, որ Խամանէյի յայտարաութիւններուն մէջ կայ նաեւ Ռուսաստանի մօտեցումը։ Արդարեւ, զանազան առանցքներու պարագային՝ ներառեալ Հարաւային Կովկասը, Իրան երբեք չէ փորձած հանդէս գալ առանց ունենալու Ռուսաստանի համաձայնութիւնը։

Այստեղ շատ հարցեր կրնան ծագիլ, թէ Մոսկուա եթէ իսկապէս այդքան ջերմ ու հոգատար է Արցախի հիմնախնդրին վերաբերեալ, ապա ինչո՞ւ ռուս խաղաղապահ զօրքերը արագ միջամտութիւն չեն կատարեր ու «թեւեր առած» Պաքուի կողմէ ամէն առթիւ հրահրուած սադրանքները չեն խեղդեր իրենց սաղմին մէջ։ Ստեղծուած վիճակին մէջ նման հարցումներու օրակարգի վրայ գալը ինչ-որ առումով հասկնալի է։ Սակայն անբացատրելի կը մնան պատերազմէն ետք ստորագրուած եռակողմ համաձայնութենէն ի վեր Երեւանի բաւականին աղօտ եւ յաճախ ալ անհասկնալի տեսակէտները, որոնք կը շարունակուին։

Իշխանութիւնը պահելը (նոյնիսկ խեղուած, անուժ վիճակով, առանց ուժեղ բանակի, ոտնահարուած սահմաններով եւ մեծ անորոշութիւններով) ինչպէս երէկ, այսօր ալ թիւ մէկ խնդիրն է Հայաստանի գործող կառավարութեան, որ իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ անհասկնալի «թեքերում»ներով գերազանցեց (վատ առումով) Հայաստանի իրերայաջորդ բոլոր իշխանութիւնները։ Հեղ մը ռուսին ամբողջական հպատակութիւն յայտնելով, հեղ մը Եւրոպայէն նեցուկ պահանջելով, հեղ մը ամերիկացիներուն քծնելով, ապա ալ Անգարայի հետ «անսպասելի» խօսակցութեան մտնելով… Այս բոլոր ձեւաչափերուն մէջ Փաշինեան տապալած է։ Այդ տապալումը, սակայն, ոչինչ կը նշանակէ այն հասարակութեան համար, որ դժոխքի մէջ յայտնուած Հայաստանի վիճակը անտեսելով՝ ընդամէնը տարի մը եւ երկու ամիս առաջ Փաշինեանը դարձեալ նստեցուց իր կոտրուած աթոռին վրայ։

Այս բոլորը, անշուշտ, կրկնութիւն են, բայց էականը այդ չէ։ Էականը՝ Փաշինեանի եւ իր մտերիմ օղակին կողմէ ամէն առթիւ ցուցաբերուած անորոշութիւնն է, որ կը վկայէ երկու կարեւոր բանի մասին։

Ա.- Կա՛մ Փաշինեան եւ իր իշխանախումբը գիտեն, կամովին կ՚ընեն այն ինչ, որ կ՚ընեն եւ ատոր համար ալ ունին երեւելի եւ աներեւելի «ապահովութիւններ»։

Բ. Եւ կա՛մ ալ աւելի քան յստակ է, որ իրենց գլխաւորին առաջնորդութեամբ անոնք բոլորով ինկած են անորոշութեան ճահիճի մը մէջ, ուրկէ ալ ամէն մակարդակի թափահարում կատարելով կը փորձեն ընդամէնը ժամանակ շահիլ։ Անոնք ժամանակ շահիլ կ՚ուզեն այն ատեն, երբ Հայաստանի տնտեսութիւնը ամէն պահ աւելի ռիսքային կը դառնայ, դրամը «անբացատրելի» եւ նոյնիսկ անհիմն բարելաւում մը կ՚ունենայ, երբ երկրի տարածքին ամէն օր կը յայտնուին մեծ կամ փոքր, յաճախ ճնշող խնդիրներ եւ ամենակարեւորը՝ այս բոլորին առընթեր, Արցախի ու Հայաստանի սահմաններուն անձեռնմխելիութիւնը ապահովել հնարաւոր չ՚ըլլար։  Ի տես այս բոլորին, Պաքու աւելիով կը սրէ իր ախորժակները եւ կը խօսի «Իրեվան պիզիմտըր»ի ոճով։

Պաքուի բոլոր քայլերը հասկնալի են։ Ատրպէյճան ունի պատրաստակամ դաշնակից մը, յաղթական դուրս եկած է 44-օրեայ պատերազմէն ու ասոր համար ալ ունի ամէն առիթով աճող ախորժակ մը, որ զինք կը մղէ խօսելու, մտածելու եւ արտայայտուելու ո՛չ միայն Ատրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան ցամաքային անցքի մը կարեւորութեան մասին, այլեւ իր զօրքերը քանի մը կէտերու վրայ Հայաստանի տարածքէն ներս կը պահէ։

ԿՐԱԿՈՑՆԵՐԸ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐՈՒԱ՞Ծ

Աղաւնոյ, Սուս եւ Բերձոր։ Հայկական օրակարգին վրայ այս գիւղերուն անունները ուղենշային սկսան դառնալ այն պահուն, երբ մէկէ աւելի հարթակներու վրայ երեւելի սկսաւ դառնալ, որ հայկական այս գիւղաւանները պիտի դատարկուին եւ յանձնուին Ատրպէյճանին։ Իսկ այն ինչ, որ կատարուեցաւ օրեր առաջ, խորքին մէջ, աւելի վաղ գոյացած որոշ «պայմանաւորուածութիւններու» հետեւանքն էր։

Պաքու ընդհանուր դրութիւններուն հետեւելով կը փորձէ ամէն գնով իր հին-նոր նպատակներուն հասնիլ ու կը կատարէ «հատու» գործողութիւն մը, որու հետեւանքով ալ Արցախի Պաշտպանութեան բանակէն երեք զինուոր նահատակուեցաւ, 19 զինուոր ալ վիրաւորուեցաւ։ Երեւոյթը ինքնին ցաւալի վիճակ մը ստացաւ ու մեզ բոլորս նետեց 2020 թուականի 44-օրեայ աղէտալի պատերազմի սեւ յիշողութիւններուն գիրկը։

Այս բոլորին մէջ, անշուշտ, ամենէն մտահոգիչը եւ մեծ հարցումներու դուռ բացող խնդիրն է Բերձորի (Լաչին) միջանցքի ճակատագիրը։ Այս առումով արդէն իսկ շրջանառութեան մէջ մտած են բազմապիսի խօսակցութիւններ, ըստ որոնց, եթէ այդ մէկը անցնի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ, ապա Արցախն ալ, ինչպէս էր անցեալին, պիտի մտնէ Ատրպէյճանի աքցանին մէջ։ Սա, իր կարգին, պատճառ կրնայ դառնալ հայկական Ստեփանակերտի, նաեւ հարիւրաւոր շէնքերով զանազան շրջաններու ամբողջական հայաթափման։ Բաց աստի, կայ նաեւ տեսակէտ մը, թէ  նման իրավիճակներու մէջ մեղադրանքի մեծ առիթներ կան Հայաստանի իշխանութիւններուն դէմ, որոնք կը շարունակեն գաղտնի պահել այն համաձայնութիւնները, որոնք Ատրպէյճանի հետ գոյացած են եւ, անշուշտ, վայելած են Ռուսաստանի ամբողջական նեցուկն ու զօրակցութիւնը։

Հիմա հարց. Փաշինեան ինչո՞ւ եւ ընդհանրապէս ի՞նչ հիմքերով ուղղակի կրակ կը բանայ Մոսկուայի դէմ եւ եթէ այս բանը կ՚ընէ որոշ «հիմքերով» կամ վստահեցումներով, ապա չի՞ զգար, կամ չի՞ հասկնար, թէ Արեւմուտքը որեւէ պարագայի մէջ իր նաւերը պիտի չուղարկէ՝ մինակ մնացած Հայաստանին օժանդակելու, նեցուկ մը ցոյց տալու համար։

Կա՛մ եղածը պայմանաւորուածութիւններու ամբողջական ծրարի մը առանցքի վերջին ստորագրութիւններու իրականացումն է եւ կամ ալ կապուած է Ուքրայնայի պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած բարդագոյն վիճակին հետ, որուն համար Մոսկուա խելացիօրէն տուրք կու տայ նա՛խ Պաքուին, ապա Անգարային։ Ցաւալի է, որ ցայսօր Երեւանի մէջ կայ քաղաքական գնահատականներ տալու ստուար բանակ մը, որ տակաւին կը հաւատայ, որ Ռուսաստան կրնայ առանձինն ծրագիրներ մշակել, երաշխիքներ տալ, նաեւ պահել ու պահպանել այնպիսի վիճակ մը, որ կը բխի հայկական կողմի շահերէն։ Փոքր կէտ մըն է Արցախի հարցը Մոսկուային համար, որ ունի մեծ պայմանաւորուածութիւններ Անգարայի հետ ու այդ գծին վրայ գոյացած փոխադարձ համաձայնութիւնները աւելի քան բոցավառ երեւելի կը դառնան Սուրիոյ մէջ, հասնելով մինչեւ հեռաւոր Ուքրայնա։ Այս փաստն ալ հաշուի առնուած է թերեւս Փաշինեանին կողմէ, որուն ամենամեծ մեղքերէն պիտի ըլլայ առկայ վիճակներուն մասին ամբողջական անկեղծութեամբ հայ ժողովուրդին հետ չխօսիլը։

Երեւանցիներու մեծամասնութեան համար, ճիշդ է, որ Արցախի հիմնահարցը այս ժամանակներուն կը շարունակէ դասուիլ երկրորդ, երրորդ կամ նոյնիսկ չորրորդ աստիճանի։ Հաւանաբար այս դրուածքները իմանալով Փաշինեան կը շարունակէ իր հին, դատապարտելի ոճով։ Անոր այս օրերուն արձակուրդի մէջ գտնուիլն անգամ պէտք չէ նկատել սովորական պատահականութիւն։ Ամէն պարագայի, տարբեր առումներով մեծ ցաւի, կորուստներու, նահանջի եւ անկումի ականատեսը դարձած հայութիւնը այս փուլին ալ պիտի մտնէ առանց մեծ փոփոխութիւններու։

Հարցերու հարցը Երեւանի բնակիչներու կամ Հայաստանի քաղաքացիներու տեսակէտ-մօտեցումը չէ։ Հիմնականը Արցախի դիմանալ-չդիմանալու հարցն է։ Արդարեւ, Լաչինի միջանցքին չգոյանալով Արցախը պիտի թեւակոխէ աննախընթաց փուլ մը։ Այդ իրավիճակներուն դէմ դնելը պիտի դառնայ գոյութեան կամ որպէս ամբողջական հայկական գործօն՝ վերանալու կամ ապրելու իրական մարտահրաւէր։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2022