ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Յու­նիս 28-Յու­լիս 5 թուականներու միջեւ, Ար­ցա­խի մէջ 4-րդ­ ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պո­ւի դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան «Տնջրէ» մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նը, ո­րուն կը մաս­նակ­ցին պա­տա­նի կա­տա­րող­ներ աշ­խար­հի տասն­մէկ եր­կիր­նե­րէ՝ Ի­տա­լիա­յէն, Սլո­վե­նիա­յէն, Պոս­նա­յէն, Ֆին­լան­տա­յէն, Շո­ւէ­տէն, Լե­հաս­տա­նէն, Լիթ­վիա­յէն, Սին­կա­փու­րէն, Հո­լան­տա­յէն, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թե­նէն եւ Ար­ցա­խէն:

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Մ­­շա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րու նա­խա­րա­րու­թեան փո­խան­ցու­մով` փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս մաս­նա­կից­նե­րը հան­դէս կու գան ան­հա­տա­կան կա­տա­րում­նե­րով, խում­բե­րու մէջ եւ նո­ւա­գա­խում­բի հետ: Փա­ռա­տօ­նա­յին հա­մերգ­նե­րը պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւին Ստե­փա­նա­կերտ, Շու­շի, Մար­տա­կերտ, Բեր­ձոր, Ճար­տար քա­ղաք­նե­րուն մէջ: Փա­ռա­տօ­նի օ­րե­րուն Գեր­մա­նիա­յէն, Ի­տա­լիա­յէն, Ֆին­լան­տա­յէն ու Հո­լան­տա­յէն հրա­ւի­րո­ւած հան­րա­ծա­նօթ դա­սա­տու­նե­րու կող­մէ կը տրո­ւին դաշ­նա­մու­րի, ջու­թա­կի եւ քլա­րի­նէ­թի վար­պե­տու­թեան դա­սեր:

«Տնջրէ» փա­ռա­տօ­նի նպա­տակն է Ար­ցա­խի մէջ խթա­նել դա­սա­կան ե­րաժըշ-տա­րո­ւես­տի զար­գա­ցու­մը, ար­ցախ­ցի ե­րի­տա­սարդ ե­րա­ժիշտ­նե­րը հա­ղոր­դա­կից դարձ­նել հա­մաշ­խար­հա­յին կա­տա­րո­ղա­կան ա­րո­ւես­տի լա­ւա­գոյն ա­ւան­դոյթ­նե­րուն, նպաս­տել տար­բեր եր­կիր­նե­րու ե­րա­ժիշտ­նե­րու հետ մշա­կու­թա­յին կա­պե­րու հաս­տատ­ման:

«Տնջրէ» փա­ռա­տօ­նի խորհր­դա­նի­շը Ար­ցա­խի Մար­տու­նի շրջա­նի Սխտո­րա­շէն գիւ­ղին մէջ գտնո­ւող պատ­մա­կան Սօ­սի (Ղա­րա­բա­ղի բար­բա­ռով` տնջրէ) 2000-ա­մեայ  ծառն է: «Տնջրէ» փա­ռա­տօ­նը ա­ռա­ջին ան­գամ կազ­մա­կեր­պո­ւած է 2010 թո­ւա­կա­նին, այ­նու­հե­տեւ՝ 2011 եւ 2013 թո­ւա­կան­նե­րուն։

Փա­ռա­տօ­նի կազ­մա­կերպիչն է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Մ­­շա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րու նա­խա­րա­րու­թիւ­նը: «Տնջրէ» 4-րդ ­մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի հո­վա­նա­ւոր­ներն են «Բէյզ մե­թըլս», «Վալ­լեքս», «Ֆլո­րենս», «Ռեյպ­սիտ», «Ռո­սիա» եւ «Ա­րա­րար-Գո­հար» ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը:

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2015