ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏՈՒԿ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի մէջ ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի բարձրացման հարցին բերումով բռնկած հակազդեցութեան ալիքը արդէն թեւակոխած է իններորդ օրը։ «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան կողմէ բարձրացուած բողոքի ալիքը առանձնայատուկ կացութիւն մը ստեղծած է երկրէն ներս։ Երեւանի Բաղրամեան պողոտային եւ Ազատութեան հրապարակին վրայ կը շարունակուին ցոյցերը, ցուցարարները կը գիշերեն փողոցը եւ այս բոլորը կը շարունակեն բնորոշել Հայաստանի քաղաքական օրակարգը։
Թէ՛ իշխանութիւնները եւ թէ ընդդիմութիւնը երիտասարդական այս շարժման նկատմամբ կը ցուցաբերեն շատ զգոյշ եւ նախանձախնդիր վերաբերմունք։ Առանց չափազանցութեան, Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը կանգնած է փորձաքարի մը առջեւ։ Բոլորը կը գիտակցին, որ այս փուլէն առանց ծայրայեղութիւններու դուրս գալը ճակատագրական նշանակութիւն պիտի ունենայ երկրին համար։
Այս պայմաններուն ներքեւ իշխանութիւններուն կողմէ ալ կը փոխանցուին հաւասարակշռուած եւ պատասխանատու պատգամներ։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ շաբաթավերջին կատարուած շինիչ յայտարարութիւններէն վերջ երէկ ալ Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան արտայայտուեցաւ նման ոճով։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Բաղրամեան պողոտային վրայ ցուցարար երիտասարդներու հետ զրուցելու ընթացքին ան տեղեկացուց, թէ ոստիկանութիւնը չի պատրաստուիր ցրուել այս ցոյցը։ «Դուք շատ լաւ գիտէք, որ ոստիկանութիւնը շատ ուժեղ է։ Երիտասարդութիւնը մեր ապագան է, իսկ ապագան չեն սպաններ», ըսաւ Գասպարեան եւ աւելցուց, թէ ոստիկանութիւնը չի պատրաստուիր կոտորել երիտասարդը։
Մինչ այդ, ըստ «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամներէն Մաքսիմ Սարգսեանի յայտարարութիւններուն, այսօր իրենք պիտի կազմակերպեն մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին պիտի ներկայացնեն իրենց հետագայ գործողութիւններուն ծրագիրը։