ԱԿՆՈՑՍ
Նստած եմ Երեւանի Քասքատին յարակից նստարաններէն մէկուն վրայ։ Կը սպասեմ աղջկաս եւ թոռանս գալուստին՝ որոնց հետ պայմանաւորուած եմ օրը անցընելու Երեւանի գունագեղ եւ տարահամ զբօսանքի վայրերուն մէջ։ Ըստ ժամանակակից մեզի հրամցուած «բարի եւ չար» սովորութեան, կը հանեմ ակնոցս եւ կը բանամ բջիջայինիս Դիմատետրի բաժինը։ Սպասումի րոպէներուն տաղտուկը փարատող միակ միջոց…։
Ահաւասիկ կու գան… աճապարանօք ոտքի կ՚ելլեմ ու միանալով իրենց կը սկսինք մեր հաճելի զբօսանքը տուն-թանգարաններու, աղմկոտ ճաշարաններու, մարդկային հոսքի կենսասէր երթին ընդմէջէն՝ յաճախ օգտուելով հայրենի վարորդներու հիւրընկալ սպասարկութենէն։
Արդէն ուշ գիշեր է եւ մենք ակամայ կը յիշենք տունդարձի պահը։ Պահանջը կը զգամ ակնոցիս, հեռախօսիս զանգին պատասխանելու համար։ Եւ յանկարծ կը յայտնաբերեմ, որ ակնոցս չկայ։ Փաստօրէն կորսնցուցած եմ զայն տեղ մը՝ այցելած վայրերուս մէջ։ Կորուստի վայրին հաւանականութիւնները բազմազան են, սակայն գտնելու յոյսը բոլորովին բացակայ։
Ակնոցս՝ իմ մտերիմ եւ հաւատարիմ ընկերակիցս, զոր տարիներ շարունակ եղած է բաց պատուհանս աշխարհին առաջ։ Տարիքային տկարութիւններէն ծնած ֆիզիքական թերացումները սրբագրող, այդ սառած զոյգ ապակիները, ամբողջ աշխարհ մը մօտեցնող առաքելութեան կոչուած են։ Այս մատչելի, դիւրաբեկ իրը, հոգեկան կամուրջ կը նետէ մեր եւ գիրքերու աշխարհին միջեւ։ Իրմով կը մերձենայ մեզի՝ մարդկային դարաւոր գնացքին բոլոր իրապատումը, անոր քաղաքակրթական սլացքը։ Ակնոցներով կը ճանչնանք ու կը բարեկամանանք գրական նուիրեալներուն, կը լուսաբանուինք գիտական նորութիւններով եւ կը վայելենք մարդկային ցեղին ստեղծագործական արգասիքը։ Մէկ խօսքով, այս փոքրիկ սառած իրը միջին տարիքը բոլորած սերունդներուն «լոյսի» հեռադիտակն է, աշխարհը մեզի ծանօթացնող ու պայծառացնող։ Ուստի, զարմանալի չէ որ տարիներու գործածութեան հետ, անձնական այդ անշունչ իրը հոգեկան մեր էութենէն բան մը առած ըլլայ եւ դառնայ առընչակից մեր բոլոր ոգեղէն ներշնչանքներուն։ Չէ՞ որ միասնաբար կը կարդանք գրադարաններու հունձքը, կը հմայուինք խօսքի ու մտքի գեղեցկութեամբ կամ կը հիասթափուինք անյաջող փորձի մը կատարումով։
Այս մտորումներով տոգորուած պահուս, աղջիկս կը զգայ տրամադրութեանս փշացումը ի տես ակնոցիս կորուստին։ Կը զգայ, թէ իմ մտաւոր եւ հոգեկան կեանքիս շունչ ներարկող իրը՝ կորսնցուցած եմ.
-Մամ, կ՚ուզե՞ս վերադառնանք Քասքատ եւ նստած տեղդ ստուգենք։
-Ի՞նչ կ՚ըսես հոգիս, տասն ժամեր անցած են այդ պահէն։ Յետոյ վստահ չեմ հոն թողած ըլլալուս, շատ տեղեր այցելեցինք։
Աղջիկս անդրդուելի կը մնայ եւ կը ստիպուի, որ անպայման Քասքատ վերադառնանք նոյնիսկ ապարդիւն փորձի սիրոյն։
Մութ գիշեր է…։ Քասքատը տակաւին կը յորդի մարդոց ներկայութեամբ։ Կը մօտենանք նստածս վայրին։ Զոյգ մը տեղաւորուած են նստարանին։ Քիչ մը անդին կը յամենայ հաւատարիմ ակնոցս…։
Պարզապէս յուզման ուժեղ ցնցում կ՚ապրիմ։ Հարցը ակնոցին նիւթական արժէքին վերատիրանալը չէ, այլ իմ ժողովուրդիս պարկեշտ եւ պատասխանատուութեան բարձր զգացողութիւնն է։ Այն փաստը, որ տասնեակներով այցելուներ նստած են հերթաբար եւ թողած են, որ ակնոցին հարազատ տէրը վերադառնայ զայն վերցնելու՝ ինքնին բարոյական նուաճում է յանձինս քաղաքակիրթ իմ հայրենակիցներուս…։
Ակնոցս վերադարձուց ինծի լոյսը՝ աշխարհը վերստին դիտելու։ Իսկ այդ վերադարձը եղաւ լոյսի մեծ սկզբնաղբիւր, ազգիս զաւակներուն ձեռամբ։ Ընդ եղեգան փող լոյս ելանէր…։
ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ