ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Անթիլիասի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդունեց Պէյրութի մօտ Զուիցերիոյ դեսպան Ֆրանսուա Պարրասը։ Երկար հանդիպում մը տեղի ունեցաւ կաթողիկոսին եւ դեսպանին միջեւ, որու ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Զուիցերիոյ եկեղեցիներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործակցութեան հետ առընչուող հարցեր՝ այդ ծիրէն ներս ԱՐՄԷՆՕՖԱՍ-ի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ Սեպտեմբերին Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունենալիք Զուիցերիոյ եկեղեցիներու եւ ԱՐՄԷՆՕՖԱՍ-ի կազմակերպութեամբ 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները։
Նորին Սրբութիւնն ու զուիցերացի դիւանագէտը նաեւ արծարծեցին Լիբանանէ եւ տարածքաշրջանէ ներս տեղի ունեցող քաղաքական զարգացումները։