Սի­մո­նին «Որ­բին Կա­րօ­տը»

«Իմ հայրս՝ Ե­րուանդ Յա­կո­բեա­նը, քա­ռա­սուն որ­բե­րէն մէկն էր­…»:

Սի­մոն Յա­կո­բեա­նը ծնած է Ե­թով­պիա: Հայ­րը՝ Ե­րուանդ, մէկն էր Եղեռնէն ճո­ղոպ­րած այն քա­ռա­սուն որ­բե­րէն, զորս թա­գա­ւոր Հայ­լէ Սե­լա­սիէ 1924-ին Ե­րու­սա­ղէ­մէն բե­րաւ Ե­թով­պիա: Հայ­լէ Սե­լա­սիէի նպա­տակն էր փո­ղե­րա­խումբ մը կազ­մել այս որ­բե­րէն, ո­րոնք չորս տա­րի պի­տի նուա­գէին Ե­թով­պիոյ մէջ, որ­մէ  ետք դար­ձեալ պի­տի վե­րա­դառ­նա­յին, բայց վե­րա­դառ­նալ ո՞ւր, չէ՞ որ որ­բեր էին:

Բայց քա­ռա­սուն որ­բե­րու փո­ղե­րա­խում­բը գե­րա­զան­ցեց ինք­զինք իր ե­րաժշ­տա­կան կա­տա­րո­ղու­թեամբ եւ ի մաս­նա­ւո­րի՝ թա­գա­ւոր Սե­լա­սիէի պաշ­տօ­նա­կո­չու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան:

Այդ­պէ­սով, այս քա­ռա­սուն որ­բե­րը մնա­ցին Ե­թով­պիա, մաս կազ­մե­ցին ե­թով­պա­հայ գա­ղու­թին եւ ա­նոր զար­գաց­ման: Հոն կազ­մե­լով ըն­տա­նիք՝ կեան­քը շա­րու­նա­կուե­ցաւ Եղեռնէն ետք, ինչ­պէս էր պա­րա­գան մնա­ցեալ բո­լոր ողջ մնա­ցած հա­յե­րուն՝ սփիւռ­քի տար­բեր գա­ղութ­նե­րու մէջ:

«Հայրս դար­ձաւ ար­հես­տա­ւոր եւ ինք­նա­շար­ժի մե­քա­նի­քի վար­պե­տ», ը­սաւ Սի­մոն ու շարունակեց. «Իսկ հօ­րեղ­բայրս, որ դար­ձեալ քա­ռա­սուն որ­բե­րէն մէկն էր, դար­ձած էր տի­րա­կան ա­նուն ոս­կեր­չու­թեան ար­հես­տի մէ­ջ»:

Ե­րուանդ ա­մուս­նա­ցած է ե­թով­պա­ցի-ի­տա­լա­ցի կնոջ մը հետ եւ ու­նե­ցած է չորս զա­ւակ­ներ՝ եր­կու մանչ եւ եր­կու աղ­ջիկ: Սի­մո­նը ա­նոնց­մէ մէկն է: «Մայրս փոքր տա­րի­քիս մա­հա­ցաւ. այն­պէս որ, եր­բեք չեմ յի­շեր զին­քը», Սի­մոնն է պատ­մո­ղը:

Ե­րուանդ, որ ճա­շա­կած էր Եղեռնի ար­հա­ւիր­քը, դար­ձեալ ապ­րած է ցա­ւը, երբ իր կո­ղա­կի­ցը կա­նուխ մա­հա­ցած է, եւ ինք ա­ռան­ձին մնա­ցած է չորս զա­ւակ­նե­րուն հետ: Պատ­մու­թիւ­նը ինք­զի՞նք կը կրկնէ: Դար­ձեա՞լ որբ… «Հայրս մեծ դժուա­րու­թեամբ մեզ մեծ­ցու­ց», ը­սաւ Սի­մոն, «բայց ան եր­բեք չէր խօ­սեր Եղեռնի մա­սին­…», ըսաւ ան:

Ե­րուանդ «սեղ­մած է­ր» Եղեռնին «ցա­ւը» իր սրտին ու հո­գիին մէջ, հա­ւա­նա­բար որ­պէս­զի Սի­մո­նը մեծ­նայ ա­ւե­լի խա­ղաղ, բայց Սի­մոն պա­տաս­խա­նա­տու հայն է, որ, ինչ­պէս բո­լո­րը, չէր կրնար ան­գի­տա­նալ անոր յի­շո­ղու­թիւ­նը: Սի­մո­նը կրցած էր գտնել իր կեան­քի «խա­ղա­ղու­թիւ­նը», քա­նի որ ամ­բողջ կեան­քով կառ­չած էր Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ:

«Աս­տուած իմ կեան­քիս մէջ շատ օրհ­նու­թիւն­ներ տուած է: Եւ ես այ­սօր ու­րա­խու­թեամբ Աս­տու­ծոյ տունը կը հսկեմ եւ ա­նոր կը մա­տա­կա­րա­րե­մ», կը վկա­յէ Սի­մոն:

Սի­մո­նին հա­մար Աս­տու­ծոյ տու­նը Ս. Գէորգ ե­կե­ղե­ցին է, ան Ա­տիս Ա­պե­պա­յի հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ «պա­հա­պան հրեշ­տակ­ն» է կար­ծես:

«Այս ե­կե­ղե­ցին գա­ղու­թը հա­ւա­քեց եւ հայ պա­հե­ց»: Սի­մո­նին դէմ­քին վրայ ու­րուագ­ծուե­ցաւ պզտիկ ժպիտ մը, բայց նաեւ՝ խի­զախ ու հպարտ նա­յուածք: Եւ կար­ծես որ­պէս կտակ-պատ­գամ՝ դրաւ իմ առ­ջեւս որ­պէս ապ­րող ի­րա­կա­նու­թիւն:

Ես ապ­րե­ցայ այդ ապ­րող ի­րա­կա­նու­թիւ­նը:

Կի­րա­կի, 7 Յու­նի­սին, ապ­րե­ցայ «Սուրբ սուր­բ»ի­ն հետ հա­յուն պա­տա­րա­գը: Չկայ հո­գե­ւոր հո­վիւ եւ ա­ռաջ­նորդ սրբա­զան: Կան միայն աշ­խար­հա­կան սար­կա­ւագ եւ դպիր, ո­րոնք պա­տա­րա­գը ոչ ամ­բող­ջա­կան, բայց լսե­լի դար­ձու­ցին եւ ապ­րե­ցու­ցին հա­յուն հո­գե­ւոր նե­րաշ­խար­հին հարս­տու­թիւն­նե­րը:

Ութ­սուն­հինգ հո­գի­նե­րէ բաղ­կա­ցած հայ­կա­կան գա­ղու­թը տա­կա­ւին կ՚ապ­րի Ա­տիս Ա­պե­պա­յի մէջ: Ա­մէն Կի­րա­կի կայ պա­տա­րագ, նաեւ՝ շա­րա­կան եւ հո­գե­պա­րար եր­գե­ցո­ղու­թիւն: Ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կը ծաղ­կաս­տան է, ո­րուն գե­ղե­ցիկ ե­րանգ­նե­րը ե­թէ մէկ կող­մէ կու տան փայլք, բայց նաեւ կը հան­դի­սա­նան վկա­յու­թիւն, թէ հա­յը իր ե­կե­ղե­ցիով եւ պա­տա­րա­գով տա­կա­ւին կ՚ապ­րի, նոյ­նիսկ՝ նօս­րա­ցած թի­ւով…

Ռա­պէլ Բար­սե­ղեան տասն­վեց տա­րե­կան է, իսկ եղ­բայ­րը՝ Յո­վնան, ութ տա­րե­կան: Ա­նոնց մայ­րը ե­թով­պա­ցի է: Թէեւ հա­յե­րէն չեն խօ­սիր, բայց ա­մէն Կի­րա­կի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի կը յա­ճա­խեն, կը գի­տակ­ցին ի­րենց ինք­նու­թեան եւ ա­տոր պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան: Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին կը խնկար­կէ Ռա­պէ­լը, քա­նի փոքր տա­րի­քէն մեծ­ցած է հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ եւ՝ ա­նոր հո­գիով սնած:

«Եղեռնը պէտք է պատ­մել օ­տար­նե­րուն,- Ռա­պէլն է խօ­սո­ղը:- Նոյ­նիսկ ե­թէ ա­տի­կա հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ ե­ղած է, բայց այ­սօր պէտք է շա­րու­նա­կել պատ­մե­լ»: Ռա­պէ­լը կ՚ապ­րի զայն, քա­նի ա­մէն Կի­րա­կի ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կին մէջ կը տես­նէ յու­շա­կո­թող-խաչ­քա­րը՝ նուի­րուած զո­հե­րուն։

«Գա­ղու­թը հա­յա­խօս է,- Մես­րոպ Սար­գի­սեանն է:- Եւ մենք շատ բան կը պար­տինք հայ­կա­կան Գէոր­գով վար­ժա­րա­նին, որ հիմ­նուած է 1912 թուա­կա­նի­նե: Հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նը այ­սօր փակ է, բայց պե­տու­թիւ­նը փո­խա­րի­նած է զայն ու­րիշ կրթա­կան հաս­տա­տու­թեամբ մը, նոյն ա­նու­նով, ո­րուն մէջ, սա­կայն, հայ­կա­կան բա­ժին չկայ»:

Մես­րոպ ու­սա­նած է տե­ղա­կան հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ, որ­մէ ետք Կիպ­րո­սի Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան մէջ շա­րու­նա­կած է կրթու­թիւ­նը, ա­պա Հա­յաս­տան՝ մաս­նա­գի­տա­նա­լով որ­պէս ա­տամ­նա­բոյժ: Ա­մուս­նա­ցած է Հա­յաս­տա­նէն հա­յու­հիի մը հետ եւ կազ­մած՝ հայ­կա­կան օ­ճախ: «Հայ­կա­կան դպրոց չըլ­լա­լուն՝ հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւան­դու­թիւ­նը տու­նը ը­րինք մեր զա­ւակ­նե­րուն հա­մար: Ե­թէ Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը բաց ըլ­լար, ես զա­ւակ­ներս Կիպ­րոս պի­տի ղրկէի ու­սա­նե­լու­…ե: Մես­րո­պը ոչ միայն ջա­տա­գովն է ազ­գա­յին ա­ւան­դին, այլ նաեւ կը գի­տակ­ցի յա­ւե­լեալ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան՝ հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը պա­հե­լու հա­մա­րե:

Եւ դար­ձեալ՝ վե­րա­քա­ղը, ա­նոր հետ մեր ազ­գա­յին հիմ­նա­հար­ցե­րուն ախ­տա­ճա­նա­չում­նե­րը: Տա­կա­ւին քա­նի՞ .Մես­րոպ­նե­րուե պէտք էր հան­դի­պէի, ո­րոնք պի­տի խօ­սէին հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նի ան­փո­խա­րի­նե­լի դաս­տիա­րա­կու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին:

.Հա­լէ­պի կա­ցու­թեան այ­լեւս կա­րե­լի չէր տո­կալ: Ստի­պուած էինք դուրս գա­լե: Եւ դուր­սը Խա­չա­տուր Զար­կեա­նին հա­մար ե­ղած էր Ե­թով­պիան: Թէեւ կրցած էր ձեռք ձգել մուտ­քի ար­տօ­նա­գիր, բայց կը մնար առ­կախ կար­գա­վի­ճա­կի մէջ: Խա­չա­տու­րի դէմ­քին վրայ եւ ա­նոր աչ­քե­րուն մէջ կրցայ տես­նել կա­րօ­տի եւ յու­զու­մի խառն նա­յուածք­ներ: Եւ չու­շա­ցաւ ա­րագ մտա­հո­գու­թիւնս՝ Հա­լէ­պէն Ա­տիս Ա­պե­պա՞, իսկ յե­տո՞յ…

Բայց Սի­մո­նը տա­կա­ւին ու­նէր ը­սե­լիք: .Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ միշտ լաւ եւ ա­պա­հով կը զգամ: Հա­յը իր հա­ւատ­քը ա­մուր պա­հեց, նոյ­նիսկ երբ թուր­քը ջար­դեց զինք: Հա­յուն այս հա­ւատ­քը ա­պա­հո­վու­թիւն կու տա­յե:

Բայց  Սի­մո­նը այս իր .ա­պա­հո­վու­թիւ­նըե ժա­ռան­գած է: Իսկ ժա­ռա՞ն­գը:

Սի­մոն գրպա­նէն հա­նեց դրա­մա­պա­նա­կը եւ ա­նոր մէ­ջէն եր­կու փոք­րիկ դի­ման­կար՝ մին հօ­րը եւ միւ­սը մօ­րը: Ութ­սուն­հին­գա­մեայ ծե­րու­նին նախ նա­յե­ցաւ նկար­նե­րուն, ա­պա ցոյց տուաւ ին­ծի: Այդ նա­յուածք­նե­րուն մէջ սկսայ տես­նել Սի­մո­նին խո­րունկ կա­րօ­տը, կա­րօ­տը մօ­րը, զոր չէր ճանչ­ցած, կա­րօ­տը հօ­րը, որ իր .որ­բի ցա­ւըե ճզմած էր սրտին մէջ եւ այդ­պէս մեծ­ցու­ցած էր զինք: Սի­մո­նին մեծ­նա­լուն հետ մեծ­ցած, ա­ճած եւ խո­րունկ ար­մատ­ներ նե­տած էր իր մէջ .որ­բի­նե՝ իր հօ­րը կա­րօ­տը:

Եւ այդ կա­րօ­տով է, որ Սի­մո­նը շի­նած էր իր կեան­քը: Ե­րե­ւի՝ պարզ, փոք­րիկ եւ անն­շան կեանք, բայց՝ եր­բեք անն­պա­տակ, ո­րով­հե­տեւ .որ­բին կա­րօ­տըե եւ ա­նոր կոր­սուած հա­րա­զատ­նե­րուն, տան հո­ղին կա­րօ­տը վե­րա­ծուած էր ապ­րե­լու ու­ժի: Եւ այս ու­ժը ար­տադ­րած էր կեան­քի ար­ժէ­քը, ո­րուն գի­տակ­ցու­թեամբ Սի­մոն շի­նած էր իր .Հա­յաս­տա­նըե, նոյ­նիսկ երբ Հա­յաս­տան եր­կի­րը տա­կա­ւին չէ տե­սած: Սի­մո­նին Հա­յաս­տա­նը, իր ամ­բող­ջա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ, մէկ­տե­ղուած էր Սուրբ Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ՝ Ա­տիս Ա­պե­պա, եւ որ ի­րեն հա­մար ե­ղած էր ապ­րե­լու ուժ, բայց նաեւ՝ ա­պա­հո­վու­թիւն:

Եւ այս ու­ժով եւ ա­պա­հո­վու­թեամբ Սի­մոն ե­թէ կը յի­շէ իր հօր՝.որ­բին կա­րօ­տըե, բայց նաեւ կը պա­հան­ջէ: Այդ մաղ­թանքն է, որ ան ը­րաւ մեր բաժ­նուե­լէն ա­ռաջ: .Օր մը պա­պե­նա­կան հո­ղին վրայ կը հան­դի­պինք­…ե:

Սի­մո­նին կա­րօ­տը իւ­րա­քան­չիւր հա­յունն է, այս կա­րօ­տին մէջ ու ա­նոր մի­ջո­ցով հա­յը կը ստա­նայ իր ու­ժը եւ ա­պա­հո­վու­թիւ­նը: Այս ու­ժով եւ ա­պա­հո­վու­թեամբ է, որ հա­յը պի­տի յի­շէ եւ պա­հան­ջէ…

.Որ­բին կա­րօ­տըե Սի­մո­նին, բայց՝ իւ­րա­քան­չիւր հա­յու­նը…

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015