«ՔՆԱՐ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ»
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պատրիարքարանը լոյս ընծայած է «Քնար Արեւագալի» գիրքը, որ կը բովանդակէ երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի անտիպ բանաստեղծութիւնները։ Այսպէս, Պատրիարքական Աթոռոյ «Արմաշ» մատենաշարէն որպէս 11-րդ հատոր լոյս տեսաւ արմաշական հայրերէն երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի՝ մեծանուն Տրապիզոնցիի «Քնար Արեւագալի» խորագրեալ անտիպ բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն։
Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք իր բանաստեղծութիւնները հաւաքած է ձեռագիր փոքրիկ տետրակի մը մէջ, որ մաս կը կազմէր Պատրիարքական Աթոռոյ հաւաքածոյին։ Տետրակի բնագիրը կը բաղկանայ 12x19.3 սմ., չափերով, դեղնորակ թուղթով, 83+1 էջերէ, գրուած՝ մանր, շատ կանոնաւոր ու ընթեռնելի ձեռագրով։ Այսօր ահա այդ տետրակն է, որ հրատարակելով կը յանձնը-ւած է ընթերցող հասարակութեան ուշադրութեան։
Սրբազան Հեղինակը սոյն բանաստեղծութիւնները գրի կ՚առնէ 28 Յունիս 1918-2 Հոկտեմբեր 1924 թուականներուն, Տրապիզոնի, Դամասկոսի, Երուսաղէմի, Երեւանի, Ալեքսանդրէթի, Միջերկրականի վրայ նաւու, Լաւոդիկէի (Լաթաքիա), Սուրիոյ Տրիպոլիսի մէջ։
Սոյն հատորը կը բաղկանայ 200 էջերէ եւ կ՚ընդգրկէ բացի տետրակի բնագրէն, Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի գրի առած նախաբանը, Շնորհք Պատրիարքի եւ հանգուցեալ բանասէր Յակոբ Ճ. Սիրունիի հեղինակի ու անոր գրչի վաստակին մասին գրութիւնները, Սրբազան հեղինակին Տրապիզոնի առաջնորդութեան օրերուն աշխատանքի պահուն նկարուած անտիպ նկարը, կենսագրութիւնը, իր ձեռագրէն նմոյշներ, տետրակին մաս չկազմող երեք երկարաշունչ բանաստեղծութիւններ, ինչպէս նաեւ բնագրի մէջ առկայ նուազ ծանօթ կամ անծանօթ բառերու ընդարձակ ցանկ մը եւայլն։ Սոյն «բառարան»ը բազմաթիւ բառարաններէ քաղելով պատրաստուած է Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի եւ Մարիա Շահպազ-Տիգրանեանի կողմէ։
Հատորը լոյս տեսած է խմբագրութեամբ՝ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի, իսկ շքեղ կողքը պատրաստուած է Արիս Քարաֆիլի կողմէ։
Սոյն հատորը լոյս տեսած է Ս. Խաչ Դպրեվանքի սաներէն եւ նոյն վարժարանի այժմու հիմնադրի ներկայացուցիչ՝ Վարուժան Պուլկանի մեկենասութեամբ, ի յիշատակ իր հօրեղբօր՝ Խորէն Պուլկանի։
Փափաքողներ կրնան հատորէն ունենալ դիմելով Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն։