ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԵՐԵԿՈՅԹ

Հե­ղի­նա­կա­ւոր հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ ու հա­ղոր­դում­ներ ա­միս­նե­րէ ի վեր Տիգ­րան Հա­մա­սեա­նի մա­սին կը գրէին ու կը խօ­սէին՝ հան­րու­թիւ­նը նա­խա­պատ­րաս­տե­լով ե­րէ­կի հա­մեր­գին, որ կա­յա­ցաւ Ա­յա Ի­րի­նիի տա­ճա­րին մէջ։

«Լոյս ի լու­սոյ» նա­խա­գի­ծը հա­մեր­գա­շար մըն է. Հա­մա­սեան ու Ե­րե­ւա­նի պե­տա­կան սե­նե­կա­յին երգ­չա­խում­բը, Յա­րու­թիւն Թոփի­կեա­նի խմբա­վա­րու­թեամբ, կը շրջին տար­բեր եր­կիր­ներ, տար­բեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ հնչեց­նե­լով հա­յոց շա­րակ­նո­ցէն ըն­տիր նմոյշ­ներ։

Դէ­պի Պո­լիս ի­րենց ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան ա­նոնք սկսած էին Ա­նիէն ու Կար­սէն, անց­նե­լով Վա­նի Աղ­թա­մա­րէն, Տի­յար­պա­քը­րի Ս. Կի­րա­կո­սէն ու Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծած­նէն։ Հա­յոց Մեծ եղեռ­նի 100-ա­մեա­կը նշա­նա­ւո­րե­լու իւ­րա­յա­տուկ ձեւ մըն է այս ե­րաժշ­տա­կան ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը, որ տար­բեր համ մը կը հրամց­նէ ունկն­դիր­նե­րուն։ Ա­ւան­դա­կա­նի ու ար­դիա­կա­նի ձու­լում, ե­կե­ղե­ցա­կա­նի ու ժո­ղովր­դա­կա­նի միա­ցում, հնո­ճի ու նո­րո­ճի ա­գու­ցում ի­րա­րու։ Ա­րուես­տի սկզբնա­ւո­րում մը ա­մե­նա­նախ­նա­կան ձե­ւե­րուն մէջ, զոր պի­տի կա­րե­նար թե­րեւս միայն Տիգ­րան Հա­մա­սեա­նի նման ա­րուես­տա­գէտ մը գլուխ հա­նել։ Ա­յո, Թոփի­կեա­նի երգ­չա­խում­բը իր կա­տա­րե­լու­թեան գա­գաթ­նա­կէ­տին էր, ինչ­պէս միշտ նաեւ ե­րէկ ի­րի­կուն, սա­կայն Հա­մա­սեան կրցած էր իր կնի­քը դնել նաեւ ա­նոր վրայ, հա­մեր­գա­շա­րը վե­րա­ծե­լով իր ա­րուես­տի յաղ­թար­շա­ւին։

Ե­րաժշ­տա­կան յե­ղու­մի ա­նօ­րի­նակ փոր­ձար­կում մը, երբ միջ­նա­դա­րեան «Սիրտ իմ սա­սա­նի» տա­ղը կամ, օ­րի­նակ, Հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թեր­գը հիմք կը դառ­նան բա­նա­լու յան­կար­ծա­բա­նու­թեանց լայն դար­պաս մը, ուր­կէ Հա­մա­սեան կը մտնէ ա­զատ հա­մար­ձակ, բարձ­րա­նա­լու հա­մար կա­տար­նե­րը նա­խա­պէս իր­մով նուա­ճուած կա­տար­նե­րու։ Հոն ար­դէն ան կը սու­զի ե­րաժշ­տա­կան խո­րունկ ով­կիա­նը՝ կո­մի­տա­սի մը նման որ­սա­լու հա­մար շա­րա­կա­նի ձու­կը։ Ունկն­դի­րը այդ­տեղ յան­կարծ կը տես­նէ ա­րե­ւե­լեան ու ա­րեւմ­տեան կո­չուած­նե­րուն, հին ու նոր ը­սուած­նե­րուն ան­հե­թե­թու­թիւ­նը, քա­նի որ այն­քան միա­ձոյլ է ա­մէն ինչ, ժա­մա­նա­կէն ան­դին, մի եւ նոյն, խառ­նակ, սա­կայն ոչ տարտղ­նած։

Կա­րե­ւոր էր վայ­րը նաեւ։ Ա­յա Ի­րի­նի՛ն, Պո­լի՛­սը, ուր ան ե­կած էր պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի օ­դը հա­զիւ շնչած։ Իր հետ չէինք նա­խորդ հա­մերգ­նե­րուն հետ հա­մե­մա­տե­լու հա­մար այս մէ­կը, սա­կայն պատ­մա­կան Բիւ­զան­դիո­նի միջ­նա­բեր­դը Վանն ու Ա­նին, Ան­տիոքն ու Տիգ­րա­նա­կեր­տը կը ճանչ­նայ վա­ղուց, ու շա­րա­կա­նով նե­տուած այս կա­մուր­ջը իւ­րօ­րի­նակ պատ­գամ մըն է, ո­րուն գաղտ­նիք­ներն եւս Հա­մա­սեան մե­զի փո­խան­ցել ջա­նաց հա­ւա­նա­բար ե­րէկ ի­րի­կուն։

Տա­ճա­րը բե­րնէ բե­րան լե­ցու­ցած ունկն­դիր­նե­րը, հե­թա­նոս ա­րա­րո­ղու­թեան մը մաս­նա­կից հա­սա­րա­կու­թեան մը նման վե­րա­ցած ու մագ­նի­սա­ցած էր։ Հա­մեր­գէն, լաւ է ը­սել «ա­րա­րո­ղու­թե­նէն» ետք յոտն­կայս ծա­փե­րուն տա­րա­փը սրտանց շնոր­հա­կա­լու­թեան մը եւ գնա­հա­տան­քի մը թարգ­մանն էր։

Հա­մա­սեան այս ի­րի­կուն պի­տի նուա­գէ նաեւ «Ճե­մալ Ռե­շիթ Ռէյ»ին մէջ, ներ­կա­յաց­նե­լով իր վեր­ջին ալ­պո­մը, Mockroot-ը։ Այս մէկն ալ տար­բեր վա­յելք մը պի­տի ըլ­լայ ան­կաս­կած ե­րէ­կի հա­մեր­գէն ետք։ Մե­զի կը մնայ միայն վայ­լել եւ վե­րա­նալ իր­մով։

Ս. Տ.

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015