ԾԱՂԻԿ ԵՒ ՊԱՏՈՒԱՍՏ

4. ԾԱՂԿԱՑԱՆԸ

Սկիզբը քիթին, բերանին շուրջը եւ ճակատին վրայ կարմիր բծիկներ կ՚երեւին: Եթէ մատով սեղմենք այս կարմրած տեղերը, բծիկները վայրկեանի մը համար կը կորսուին եւ դարձեալ կը նորոգուին: Այդ կը նշանակէ, որ տակաւին միայն արիւն լեցուած է այդ տեղերու մաշկին մէջ, մաշկը բծիկներու տակ քիչ մը ուռած է, կը քերուի եւ կ՚այրի:

Յաջորդ օրը բծիկները մուգ-կարմիր գոյն կը ստանան եւ միաժամանակ մանր կծիկներ-պզուկներ կը դառնան, որ կարելի է շօշափել, եթէ կամաց մը մատը վրայով անցընենք: Մէկ օր ետք, այսինքն՝ հիւանդութեան 6-րդ օրը, այս կծիկներուն գագաթը թափանցիկ պարզ հեղուկով կը լեցուի, կազմելով բշտիկներ: Հեղուկը երթալով կը շատնայ, յետոյ բշտիկներուն գագաթը կը պճի (փոս կ՚իյնայ) եւ ծաղիկին պորտը կը կազմէ, իսկ չորս կողմը մաշկը կը կարմրի: Ցանը երբեմն սաստիկ խիտ կ՚ըլլայ, ամբողջ դէմքն ու մարմինը այսպիսի ցանով ծածկուած են: Պզուկները կրնան իրարու միանալ, ձուլուիլ եւ այն ժամանակ դէմքը այլանդակ կը դառնայ, աչքերը չեն բացուիր, որովհետեւ կոպերը ուռած են: Միեւնոյն ձեւի բշտիկներ նաեւ դուրս կու տան քիթի եւ բերանի խոռոչներուն, ըմպանի եւ ուսոսկորի, շնչափողին վրայ, եւ այլն:

Միայն թէ մարմինը սկսի դուրս տալ, տաքութիւնը կը պակսի, նոյնպէս ցաւերը կը նուազին: Բայց այս բոլորը ժամանակաւոր է, եւ երբ բշտիկները թարախանալ կը սկսին, թէ՛ տաքութիւնը եւ թէ՛ միւս երեւոյթները դարձեալ կը սաստկանան:

Թարախաճումը ընդհանրապէս հիւանդութեան 9-րդ օրը կը սկսի:

Բշտիկներուն մէջի հեղուկը, որ մինչ այդ ամբողջութեամբ պարզ ու թափանցիկ էր, կը սկսի պղտորիլ եւ թարախ կը դառնայ: Բշտիկը թարախաբշտիկ կը դառնայ. բշտիկը կը մեծնայ, անոր չորս կողմը սաստիկ կը կարմրի ու կը բորբոքի, եւ թարախը ա՛յնպէս կը լեցնէ բշտիկը, որ վերը յիշածս փոսիկը (պորտը) կ՚ուղղուի:

Այսպէս ուրեմն, իններորդ օրէն ետք, ծաղիկը իր վերջնական ձեւը կը ստանայ, որ բոլորին յայտնի է: Հիմա ամբողջ դէմքն ու գլուխը փոքրիկ թարախակոյտիկներով ծածկուած են, որոնք շատ թէ քիչ խիտ կ՚ըլլան, երբեմն ալ այնքան խիտ, որ իրարու կը դպնան ու կը խառնուին: Այն ատեն հիւանդին դէմքը բոլորվին անճանաչելի կը դառնայ: Մատներուն վրայ եւս շատ դուրս կու տայ եւ հիւանդները սաստիկ այրոցք ու ցաւ կը զգան: Իսկ ձեռքերուն ափերն ու ոտքերուն տակի մաշկը ահաւոր հաստ ու ձգուած կ՚ըլլայ. անոնց վրայ բշտիկներ չեն գոյանար, այլ՝ միայն կարմրութիւնը կը մնայ:

Ի վերջոյ, 12-13-րդ օրերը բշտիկները չորնալ եւ կեղեւ բռնել կը սկսին:

Ատիկա երկու տեսակ կ՚ըլլայ:

Կամ բշտիկներուն մէջի թարախը կը քաշուի ու կը ծծուի, յետոյ կը չքանայ, տեղը կեղտոտ մուգ գոյնով կեղեւիկ մը ձգելով, կամ ալ բշտիկները կը պայթին, թարախը դուրս կը ձգեն, եւ նոյնպէս դեղնագոյն կամ մուգ կեղեւով կը ծածկուին:

Այս ընթացքին ալ տաքութիւնը կ՚իջնէ, հիւանդին ընդհանուր ինքնազգացումը կը լաւնայ, աչքերուն ու դէմքին ուռուցքները կը պակսին, մաշկի գոյնը քիչ-քիչ բնական կը դառնայ: Սակայն, այս շրջանին քորը հիւանդը շատ կը նեղացնէ, որ մարմինը կը քերէ, իսկ ատկէ խուցիկները կը բորբոքին, աւելի խոր կ՚իյնան եւ աւելի ուշ կը լաւնան:

Չորս-հինգ օր ետք կեղեւները թափիլ կը սկսին, տեղ մը շուտ, ուրիշ տեղ մը ուշ, եւ ընդհանրապէս 16-րդ օրը մարմինը կը մաքրուի, միայն բշտիկներուն տեղերը կը մնան, եւ քանի մը օր ալ կարմրաւուն բծիկներ, որոնք յետոյ կը սպիտակին: Իսկ այն տեղերը, ուր բորբոքումը սաստիկ եղած է, սպիներ կը գոյանան, որոնք չեչը կը կազմեն: Եթէ չեչերը չափազանց շատ են եւ իրարու կը ձուլուին, այն ատեն մեծ սպիներ կը գոյանան, որոնք դէմքը կը ծռմռեն եւ երբեմն չափազանց անդուրեկան արտայայտութիւն կու տան անոր:

Այսպէս կ՚ըլլայ մարմինին վրայ ցանը:

Բայց, ինչպէս ըսած ենք, ներսի (այն է՝ բերանի, որկորի, ըմպանի, շնչափողի) թաղանթներն ալ դուրս կու տան:

Տեսնենք, թէ ի՞նչ կը կատարուի այդ տեղերը:

Ընդհանրապէս թաղանթներուն վրայ դուրս տուած պզուկները բշտիկ չեն դառնար, քանի որ տաքութենէն եւ մշտական խոնաւութենէն (որ միշտ մեր ներսը կայ), այս պզուկներուն վրայ մաշկը կը հալի, վեր կու գայ եւ տեղը կը մնան փոքրիկ խոցիկներ, որոնք գորշագոյն կը դառնան: Խոցիկները իրարու կը միանան եւ բաւականին ընդարձակ խոցեր կը կազմեն: Քիթի ծակերէն եւ շրթունքներէն սկսած մինչեւ կոկորդը կրնան խոցեր դուրս տալ: Քիթը երբեմն ներսէն կ՚ուռի, այնպէս որ հիւանդը անկարող կը դառնայ ազատ շնչելու, իսկ լեզուն բերանին մէջ կը մեծնայ, բերանը կը լեցնէ, կը խոցոտի, նոյնիսկ բերանէն դուրս կ՚իյնայ: Այս դրութիւնը տաժանելի կը դառնայ հիւանդին համար, մանաւանդ որ բերանէն անընդհատ թուք կը հոսի:

Ծաղիկ ունեցողները յաճախ մեծ դժուարութեամբ կը կլլեն՝ սաստիկ ցաւերու պատճառով: Ատիկա կը նշանակէ, որ բշտիկներ դուրս տուած են նաեւ ըմպանին եւ որկորին մէջ: Իսկ եթէ ձայնը խռպոտած է եւ հազ կայ, պէտք է ենթադրել, որ կոկորդն ու շնչափողն ալ հիւանդացած են:

5. ԲԱՐԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Յաճախ նոյնիսկ ծանր ծաղկախտը թեթեւ կ՚անցնի եւ ո՛չ մէկ հետք կը ձգէ հիւանդին վրայ, բայց քիչ չի պատահիր նաեւ, որ հիւանդութիւնը կը բարդանայ, այսինքն՝ նոր երեւոյթներով կը ծանրանայ:

Յիշենք գլխաւոր բարդութիւնները:

Ականջի բորբոքում. քիթի քամակէն խողովակ մը կ՚երթայ մինչեւ ականջին խոր մասը: Ատիկա եւստախեան խողովակն է. անոր մէջ ալ կրնայ ծաղիկ դուրս տալ, որմէ խողովակը կը բորբոքի, յետոյ ականջն ալ կը բորբոքի: Այդ է պատճառը, որ ծաղիկով հիւանդները սաստիկ ականջացաւ կ՚ունենան եւ մի քանի օր ետք ականջին թաղանթը (թմբկաթաղանթը) կը պատռի եւ երկար ժամանակ (երբեմն ալ ամբողջ կեանքի ընթացքին) թարախ կ՚արտադրէ:

Կոկորդի բորբոքում. ծանր դէպքերու պարագային կոկորդին կոճիկները կը բորբոքին, կը փտին, թարախակոյտեր կը կազմեն եւ հիւանդը կը խեղդեն:

Թոքերու բորբոքում. երբեմն այնքան սաստիկ կ՚ըլլայ, որ թոքերուն մէկ մասը կը փտի (քաղցկեղ). նոյնպէս՝ թոքերէն արիւնահոսութիւն կը պատահի:

Երիկամները կրնան նոյնպէս բորբոքիլ, այն ատեն միզակապութիւն կը յառաջանայ, կամ մէզը շատ քիչ կ՚արտադրուի, երբեմն ալ արիւնալից կ՚ըլլայ:

Աչքերը. չափազանց յաճախ կը պատահին աչքերու վնասումներ: Մենք ըսած ենք, որ ծաղիկոտին աչքերը միշտ կարմրած եւ արտասուալից կ՚ըլլան, լոյսէն կը ցաւին: Յաճախ ալ կոպերը այնքան կ՚ուռին, որ աչքերը խուփ կը մնան եւ թարախը՝ կոպերուն տակ հաւաքուելով, անդադար կը բորբոքէ ու կը գրգռէ աչքին խնձորը: Բայց զարհուրելին այն է, որ յաճախ թափանցիկ եղջրային թաղանթի (բիբի) շուրջը՝ սպիտակուցին վրայ խոցիկներ կը գոյանան, որոնք կրնան խոր իյնալ, ուտել եղջրաթաղանթը եւ այն ատեն աչքը կը ծակի եւ կը դատարկուի. եթէ չծակի ալ, սպիտակ հատ կը մնայ: Այսպիսով ծաղիկը յաճախ յառաջ կը բերէ կուրութիւն, յաճախ ալ երկու կողմէն. կոյրերուն մէկ երրորդականը (երեքէն մէկը) ծաղիկէն կ՚ըլլայ (իսկ հազը աւելի եւս յաճախ):

Յիշատակելի է այն կորստաբեր ազդեցութիւնը, որ ծաղիկը յղիութեան վրայ կը գործէ: Առհասարակ ծաղիկը յղի կիներուն շատ աւելի սաստիկ եւ վտանգաւոր կ՚ըլլայ. վիժում եւ վաղաժամ ծննդաբերութիւն կը պատահին, իսկ եթէ երեխան առողջ ալ մնայ, երկու օր ետք ծաղիկով կը վարակուի, կամ ուղղակի կը ծնի՝ ծաղիկը վրան:

Կան ուրիշ բազմաթիւ բարդութիւններ, որոնց մասին աւելորդ է երկար խօսիլ: Միայն կ՚ըսենք, որ կրնան յառաջ գալ անդամալուծութիւններ, թուլութիւններ, նոյնիսկ հոգեկան հիւանդութիւններ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2 

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2022