ԵՐԵՔ ՔԵՐԹՈՒԱԾ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ
ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ
Արձագանգին մէջ հոր մը կայ
Եւ հորին մէջ՝ արձագանգը,
Իսկ սահմանը չէզոք ու մոխրագոյն կ՚երեւի:
Կարծես պատերազմ չէ պատահած
Կամ երէկ պատահեցաւ
Եւ վաղը կրնայ պատահիլ...
Արձագանգին մէջ հոր մը
Եւ հորին մէջ՝ արձագանգը,
Մինչ ես,
Ապարդիւն,
Երկուքին միջեւ կ՚որոնեմ
Ձայնին ակունքը:
ՆԱԽԱԲԱՆԸ
Երբ ետեւ կը նայիմ այս գիշեր՝
Ծառերուն տերեւներուն
Եւ կեանքի տերեւներուն,
Ջուրին եւ աւազին յիշողութեան,
Չեմ տեսներ
Այս գիշերուան վերջաւորութենէն բացին:
Ժամացոյցին զարկերը կեանքս կը կրծեն՝
Երկվայրկեան առ երկվայրկեան,
Կը նուազեցնեն նաեւ գիշերուան կեանքը:
Գիշերուան եւ ինծի ժամանակ չմնաց
Բանի մը համար պայքարելու,
Բայց գիշերը իր գիշերուան կը վերադառնայ,
Իսկ ես կ՚իյնամ ստուերին փոսը...
ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ՄԱՍԻՆ
Բերանը շղթաներով կապեցին,
Ձեռքերը՝ մահուան ժայռով,
Ապա ըսին.
-Դուն ոճրագո՛րծ ես:
Առին ճաշը, հագուստները, դրօշները
Եւ նետեցին զայն մահուան զնտանը,
Ապա ըսին.
-Դուն գո՛ղ ես:
Վտարեցին զայն բոլոր նաւահանգիստներէն,
Առին իր փոքրիկ սիրուհին,
Ապա ըսին.
-Դուն գաղթակա՛ն ես:
Գիշերը անցողիկ է.
Ոչ կալանքի սենեակը մնայուն է,
Ոչ ալ շղթաներու խշշիւնը:
Ներոնը մահացաւ,
Հռոմը՝ ոչ...
Իր աչքերով պատերազմեցաւ:
Հասկի մը հատիկները կ՚իյնան,
Բայց հովիտը հասկերով կը լեցուի...
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան