ԽԱՉԸ՝ ՃԱՆԱՊԱՐՀ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ
Հայ Եկեղեցւոյ հինգերորդ տաղաւա՛ր տօնն է Խաչվերացը։ Տարւոյ այս վերջին տաղաւարը նուիրուած է խաչին՝ կոչելով «Խաչվերաց»։
Եւ ինչպէս միւս տաղաւարներու, ասոր հիմքին մէջ կայ պատմական եղելութիւն մը։ 613 թուականին պարսիկներու Խոսրով շահը մեծ բանակով մը կը յարձակի Բիւզանդիոնի վրայ։ Ան կը հասնի Կոստանդնուպոլիսի դարպասներուն՝ ապարանքին, յետոյ ուղղուելով դէպի հարաւ կ՚արշաւէ Երուսաղէմ, կը գրաւէ այն եւ բազմաթիւ գերիներու հետ նաեւ կը գերեվարէ՝ գերի կ՚առնէ Քրիստոսի խաչափայտը՝ մեծ անարգանք հասցնելով քրիստոնեաներուն։
Տասնհինգ տարի յետոյ՝ 628 թուականին, Հերակլ կայսրը, մեծ բանակ մը կազմելով, կը յարձակի պարսիկներու երկրին վրայ եւ կը յաջողի գերութենէն ազատել Քրիստոսի խաչափայտը։ Ապա մեծ փառքով, շքախումբով եւ պատուով կը վերադարձնէ խաչը Երուսաղէմ ցուցադրելով քրիստոնեաներուն։ Հոս պէտք է յիշել նաեւ, որ Հերակլի բանակին միացած էր նաեւ հայոց բանակը՝ Մժեժ Գնունի իշխանի գլխաւորութեամբ։
Քրիստոնէութեան պատմութեան ամբողջ ընթացքին՝ խաչի իմաստը նոյնը եղաւ աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներու համար, յատկապէս նաեւ հայ ժողովուրդին համար։ Հայ ժողովուրդը, իր պատմութեան ամենաանյուսալի պահերուն ապաւինած է խաչի զարմանահրաշ զօրութեանը։ Եւ այդ զօրութիւնը անբաժան մնաց միշտ։ Խաչը եւ անով սրբագործուած հայուն հաւատքը, պահեց, պահպանեց եւ վերընձիւղեց՝ նոր ծիլ արձակեց եւ վերածնաւ հայ ժողովուրդին գոյապահպանման եւ գոյատեւման կենսական գործին մէջ։
Այսօր երբ վերստին կը խորհրդածենք խաչի մասին, կ՚անդրադառնանք այն ճշմարտութեան, որ խաչը մեր կեանքի անբաժան եւ միանգամայն ուղեկիցն է եղած, պիտի շարունակէ ըլլալ։
Երբ կը ներկայանան անհատական կամ հաւաքական ալեկոծութիւններ մեր կեանքին մէջ, ներքին խռովութիւններ անցեալէն փոխանցուած եւ կամ ներկային զանազան իրադարձութիւններու պատճառաւ եւ անձկութեամբ կը փնտռուի խաղաղութեն նաւահանգիստը եւ լուծումը արդար պահանջներու, գոյապահպանման եւ գոյատեւման մեծ եւ լուրջ պայքար մը կը մղուի։ Այս պարագային ո՞վ պիտի տայ մեզի «խաչի ցոլք»ը, որպէսզի կարողանանք անոր շնորհիւ փնտռել եւ գտնել ճշմարիտ ճանապարհը, խաչի լոյսով տեսնել մեր ապագան եւ իրականացնել մեր բոլոր երազները եւ նպատակները…։
Սխա՛լ է այն կարծիքը՝ թէ քրիստոնէութիւնը «նահանջի կրօն» է. տեղատուութեան եւ հաշտուողականութեան կրօն։
Քրիստոնէութիւնը՝ իր խաչով արդար պայքարի կրօն է. տեղատուութեան, եւ անիրաւութիւնը յանձնառութիւն չէ՛ քրիստոնէական հաւատով։ Արդարեւ, պատմութիւնը վկա՛յ է քրիստոնէական հերոսական դրուագներու՝ ապաւինելով եւ վստահելով խաչի զօրութեան։ Այս անշեղ հաւատով դիմադրած է ամէն նեղութեան, ամէն դժուարութեան եւ ամէն հալածանքի հաւատաւոր եւ հաւատացեալ քրիստոնեան՝ պահապան եւ պաշտպան ունենալով միշտ խաչը եւ անվարան ապաւինելով եւ հաստատակամ կերպով վստահելով խաչին եւ անոր հրաշակերտ եւ հրաշագործ զօրութեան։
Այս զօրաւոր հաւատով ներշնչուած քրիստոնեան՝ տոկալով ամէն նեղութեան, քաջութեամբ աւարտած է իր խաչի ճանապարհը։ Եւ Եկեղեցին ալ այս հաւատով գոյատեւած է որպէս հաւատի ամենաամուր եւ անսասան սիւնը։
Սիրելի՜ հաւատարիմ եւ հաւատացեալ բարեկամներ. խաչի զօրութեան գիտակցութիւնը յուսադրող եւ գեղեցիկ գիտակցութիւն է եւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կեանքին մէջ իր պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան չափով իր անձնական խաչը կը կրէ։ Ժողովրդական իմաստութիւնը շատ գեղեցիկ եւ հասկնալի եւ նոյնքան իմաստալից կերպով կ՚արտայայտէ խաչին եւ հաւատացեալին փոխյարաբերութիւնը երբ կ՚ըսէ. «Ամէն մէկ քրիստոնեայ եւ ամէն մարդ իր խաչը ունի այս աշխարհի վրայ»։ Ուստի ամէն մարդ խաչ մը կը կրէ իր կեանքի ընթացքին, ոմանք գիտակցաբար, ոմանք՝ անգիտակցաբա՛ր։ Այս կը նշանակէ, որ ամէն մարդ իր խաչը ունի իր ընտանիքի, իր սիրելիներու, իր ժողովուրդի, իր Եկեղեցւոյ, իր հայրենիքի եւ ամբողջ մարդկութեան հանդէպ։
Ո՛վ որ այս գիտակցութիւնը եւ զգացողութիւնը ունի իր ամենատարածուն, ամենաբովանդակալից, ամենալայն իմաստով, անոր ուսին դրուած խաչը միշտ ծա՛նր կ՚ըլլայ։ Այս առումով նաեւ ծա՛նր է ժողովուրդի առաջնորդներուն եւ հոգեւորականներու ուսին դրուած խաչը՝ որը պէտք է թեթեւցնենք մեր աղօթքներով։
Ահաւասիկ, այս իմաստով եւ ըմբռնումով, Խաչվերաց տօնը յիշատակն է որ կ՚ոգեկոչենք խաչի վերացման, գերութենէ անոր ազատագրման, այն Քրիստոսակիր խաչի, որ եղաւ մարդկութեան փրկութեան լաստը։
Խաչվերացի այս տօնին, մեր կեանքի առօրեայ մտահոգութիւնները եւ մտատանջութիւնները մոռնանք, մեր փառասիրութեան, ինքնասիրութեան նկրտումները մոռնանք, սրբենք մեր մտքէն ամէն ինչ որ կը տանջէ մեր միտքը եւ հոգին. թող մեր հաւատի, յոյսի եւ մանաւա՛նդ սիրոյ դռները լայն բացուին, անդրադառնանք եւ ճանչնանք մարդ արարածի կոչումը, պարտքը, պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը համայն մարդկութեան հանդէպ։ Վե՛ր հանենք մեր մտահոգութիւններու, մտատանջութիւններու կողմէ գերեվարուած խաչը եւ ճանչնանք անոր իսկական զօրութիւնը մեր կեանքին մէջ. Փա՜ռք Սուրբ Խաչիդ…։
Այս առթիւ լաւագոյն մաղթանքներով կը շնորհաւորենք Խաչվերացի տօնը եւ կը շնորհաւորենք այն բոլորը՝ որ Խաչիկ անունը կը կրեն. շնորհաւոր ըլլայ իրենց անուան տօնը եւ անպակաս՝ խաչը իրենց կեանքին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 3, 2022 Իսթանպուլ