ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ պիտի ըլլայ չարագործներուն աւարտը:

Պատասխան. Չարագործը իր անօրէնութիւններովը պիտի բռնուի ու անիկա իր մեղքին չուաններովը պիտի կապուի: Անիկա խրատի պակասէն կը մեռնի ու իր մեծ յիմարութիւններովը կը կորսուի (Առ 5.22-23):

• Աստուածաշունչին նկարագրութիւնները չարագործներուն՝ մեղաւորներուն աւարտին մասին շատ յստակ ու հասկնալի են: Մարդը, գիտակից մարդը, եթէ ուշի ուշով կարդայ Աստուածաշունչը, ապա իր աչքերուն առջեւ կը պարզուի մեղաւորներուն եւ արդարներուն սպասուած հատուցումը հանդերձեալ կեանքին մէջ, որովհետեւ հանդերձեալին մէջ մարդուն ունենալիք կարգավիճակը կախում ունի մարդուն այս աշխարհին վրայ ապրած կեանքէն ու բռնած ընթացքէն:

Առակացին վերոնշեալ տողերը կու գան առաւել յստակեցնելու մեզի, թէ ի՛նչ կը սպասէ մեղաւորներուն, չարագործներուն: Արդարեւ, Իմաստունը կ՚ըսէ, թէ չարագործը իր անօրէնութիւններով պիտի բռնուի ու անիկա իր մեղքին չուաններովը պիտի կապուի: Այսինքն՝ մեղաւորը ո՛չ թէ ուրիշի մը պատճառով պիտի բռնուի ու կապուի, այլ՝ ի՛ր իսկ գործած անօրէնութիւններուն եւ մեղքերուն պատճառով: Ճի՛շդ է, որ յաճախ մարդիկ կը մեղանչեն գայթակղելով ուրիշէ մը, բայց գիտակցելէ ետք իր գործած սխալին շարունակէ մնալ նոյն այդ սխալին մէջ, ապա ի՛նք կը դառնայ իր կորուստին պատճառը, քանի որ գիտակցելով հանդերձ, չփորձեց դուրս գալ իր այդ ինկած վիճակէն եւ շարունակեց ա՛լ աւելի խորանալ իր ինկած վիճակին մէջ:

Այս առումով վերյիշենք անառակ որդիին առակը: Գիտենք, թէ կար մեծահարուստ մը, որ երկու զաւակներ ունէր, փոքր զաւակը տարուելով աշխարհի հաճոյքներէն, կ՚որոշէ իր հօրմէն խնդրել իր բաժին ժառանգութիւնը, որ առնելով հեռու երկիրներ կ՚երթայ եւ այնտեղ կը վատնէ, կը մսխէ իրեն բաժին ինկած հարստութիւնը: Սակայն, երբ աղքատութեան ու թշուառութեան մէջ կը յայտնուի, կը գիտակցի իր անկեալ վիճակին, կ՚որոշէ վերադառնալ իր հօր մօտ ո՛չ որպէս զաւակ, այլ՝ որպէս սպասաւոր մը, ծառայ մը, նման իր հօր ունեցած սպասաւորներուն ու ծառաներուն: Երբ կը վերադառնայ, հայրը իր ուրախութենէն՝ վերագտնելու համար իր զաւակը, զինք որպէս զաւակ կ՚ընդունի եւ որպէս այդպիսին կը վարուի անոր հետ (կարդա՛լ Ղկ 15.11-32): Նոյնն է պարագան իւրաքանչիւր չարագործի-մեղաւորի, երբ մեղքի կեանքին մէջ իյնալով, մեղքի կեանք մը ապրելով, ժամանակ մը գայ երբ գիտակցի իր վիճակին եւ որոշում կայացնէ վերադառնալու, այլ խօսքով՝ զղջալով ապաշխարութեան գալու, ապա իր Երկնաւոր Հայրը, զինք սիրով կ՚ընդունի, որովհետեւ երկինքի մէջ մէկ մեղաւորի մը դարձը ուրախութիւն կը պատճառէ (տե՛ս Ղկ 15.7), եւ Աստուած կը ներէ այդպիսիին մեղքերը: Այս մասին Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ. «...Որովհետեւ, մեղքը, որ մարդ զղջումով կը գործէ եւ ապա կը փոշմանի ու կը խոստովանի, այդ մեղքը հիւանդութիւն էր, որովհետեւ խոստովանութեամբ դարձեալ առողջացաւ. իսկ մեղքերէն այն որ չի՛ զղջացուիր, այդպիսի [մեղքերը] մահ կը կոչուին, ինչպէս սատանան, որ անզեղջ կամքով կը մեղանչէ՝ թողութիւն չունի: Նոյնպէս չզղջացող մեղաւորը, թողութիւն չի՛ ստանար. թողութիւնը ըստ զղջման է. եթէ մարդ ամէն տեսակի մեղքեր գործէ ու զղջայ, խոստովանի, Աստուած այդ ամէնը կը ներէ ու թողութիւն կու տայ. սակայն, մարդ եթէ փոքր մեղք մը գործէ անզեղջ կամքով, եւ չխոստովանի այն, այդպիսիին թողութիւն չկայ»:

Անիկա խրատի պակասէն կը մեռնի ու իր մեծ յիմարութիւններովը կը կորսուի. այսինքն, չարագործը-մեղաւորը խրատ չընդունելու պատճառով է, որ կը մեռնի, այլ խօսքով՝ ինքզինք յաւիտենական կեանքէն կը զրկէ, եւ խրատ չլսելուն պատճառով գործած մեծ յիմարութիւններուն պատճառով է, որ կը կորսուի, այդ պատճառով մարդ պէտք է միշտ իր ականջները առողջ պահէ, մաքրէ զանոնք՝ լսելու խրատի ձայնը, որպէսզի յանկարծ եթէ օրին մէկը իր ոտքերը խոտորին, կարենայ դիւրութեամբ արդարութեան եւ ճշմարտութեան ճանապարհը գտնէ:

Արդարեւ, եթէ մեղանչենք, մի՛շտ գիտնանք, որ միայն զղջանք ու ապաշխարենք, ապա Ամենաբարին Աստուած պիտի ընդունի մեզ, պիտի բժշկէ ու մաքրէ մեզ մեր մեղքերէն ու կեղտոտութիւններէն: Կարեւորը մենք չյուսահատինք, ըսելով թէ այլեւս ազատում չունինք, ընդհակառակը, զղջանք, ապաշխարենք եւ մեր քայլերը ուղղենք դէպի Աստուած, որովհետեւ՝ «մեղքերուդ շատրութիւնը չի՛ կրնար Աստուծոյ ողորմութեան յաղթել, քու վէրքդ, քու հիւանդութիւնդ չի՛ կրնար այնպիսի վէրք, այնպիսի հիւանդութիւն ըլլալ, որ "իմաստուն եւ ճարտարապետ Բժիշկը" չկարենայ բժշկել: Հետեւաբար, մեղանչեցի՞ր, յոյսդ մի՛ կտրեր, Աստուած մարդասէր է» (Էմմանուէլ Քհնյ. Նազարեան):

Հ. Ի՞նչ կ՚ըսէ Աստուածաշունչը երաշխաւոր ըլլալու մասին:

Պ. Որդեա՛կ իմ, եթէ քու բարեկամիդ համար երաշխաւոր եղար, կամ օտար մարդու համար գրաւ դրիր, քու բերնիդ խօսքերովը որոգայթ ինկար, բերնիդ խօսքերովը բռնուեցար: Որդեա՛կ իմ. Պատուէրս կատարէ, որպէսզի ազատիս: Քանի որ դուն քու բարեկամիդ ձեռքը ինկար, գնա՛ քու բարեկամիդ խոնարհէ ու թախանձէ անոր: Աչքերուդ՝ քուն ու արտեւանունքներուդ մրափ մի՛ տար. ազատէ՛ քեզ, ինչպէս այծեամը որսորդին ձեռքէն, կամ թռչունը թռչնորսին ծուղակէն կ՚ազատի (Առ 6.1-5):

• Ոմանք այս համարները կարդալով եզրակացութիւն կու տան ըսելով, թէ Աստուածաշունչը կ՚արգիլէ մարդուն երաշխաւոր ըլլալ ուրիշի մը, սակայն այդպիսի բան չկայ այստեղ, այլ Սողոմոն Իմաստունը պարզապէս կը զգուշացնէ մարդուն, որպէսզի իմաստութեամբ վարուի, զգացմունքային չըլլայ, այլ՝ գիտնայ ի՛նչ բանի համար կամ որո՛ւն երաշխաւոր կը կանգնի:

Այսօրուան մեր կեանքին մէջ մարդիկ ընդհանրապէս երաշխաւոր կը կանգնին իրենց հպարտութենէն կամ եսասիրութենէն դրդուելով, այսինքն՝ իրենց մեծամտութիւնը, միւս կողմէ անձին փառքը զիրենք կը մղեն այդ քայլին: Մինչ, մարդ երբ ուզէ երաշխաւոր ըլլալ մէկու մը, ապա նախ պէտք է լաւապէս սերտէ, հասկնայ, ուսումնասիրէ իրավիճակը եւ նոր միայն երաշխաւորութեան իր համեմատութիւնը տայ: Այլապէս, Իմաստունը կը խրատէ, կը թելադրէ, որ մարդ անմիջապէս երթայ իր ընկերոջ մօտ՝ որուն երաշխաւոր կանգնած էր, նոյնիսկ խոնարհի անոր դիմաց, որպէսզի ինքզինք ազատէ այդ փորձանքէն, որովհետեւ սխալ երաշխաւորութիւնը աւերուածութիւններու եւ փորձանքներու դուռ կը բանայ:

Հրէական օրէնքով երբ մէկը երաշաւոր կենար ուրիշի մը եւ այդ ուրիշը չկարենար իր պարտաւարութիւններն ու խոստումները կատարել, ապա երաշխաւոր կանգնողը պարտաւոր էր հատուցել անոր փոխարէն, այլ խօսքով ինքզինք փորձանքներու եւ դժուարութիւններու մէջ կը ձգէր:

Նոյնն է պարագան նաեւ այսօրուան ընկերութեան: Եթէ ոեւէ մէկը ուրիշի մը երաշխաւոր կանգնի եւ այդ ուրիշը չակարենայ իր պարտաւորութիւններն ու խոստումները կատարել, ապա երաշխաւոր կանգնողը կը պարտաւորուի անոր փոխարէն փակելու անոր բաց ձգած պարտաւորութիւններն ու պարտքերը եւ այդպիսով վէճերու եւ երբեմն նոյնիսկ որճրագործութիւններու դուռ բանալով: Եւ այսօր ի՜նչքան շատ է թիւը նման պարագաներու, երբ մարդիկ՝ ընկերութեան, բարեկամութեան եւ մտերմութեան հիման վրայ երաշխաւոր կը կանգնին իրենց ընկերներուն, որոշ ժամանակ մը ետք կը յայտնուին բազմաթիւ դժուարութիւններու մէջ եւ երբեմն նոյնիսկ իրենց ունեցուածքէն զգալի մէկ մասը կը կորսնցնեն իրենց երաշխաւորութեան հետեւանաքով:

Սողոմոն Իմաստունը ահա ա՛յս իրավիճակներուն համար է, որ կը զգուաշացնէ մարդոց, թէ առանց մտածելու եւ սերտելու երաշխաւոր չկանգնիլ մէկը միւսին, այլ՝ իմաստութեամբ վարուիլ, հասկնալ բուն պատճառը եւ ապա միայն որոշում կայացնել երաշխաւոր ըլլալու կամ ոչ:

Երաշխաւորութեան թիւ մէկ միջոցը՝ գո՛րծնական միջոցը, մարդուն լեզուն է, որովհետեւ մարդ իր ներքին աշխարհին մէջ, իր մտածումներով եւ խորհուրդներով որոշում կայացնելէ ետք երեշխաւոր կանգնելու, իր լե՛զուն է առաջինը, որ հրապարակայնօրէն կու տայ այդ խոստովանութիւնը, թէ ինք երաշխաւոր պիտի կանգնի այսինչին, եւ ահա այստեղ է, որ մարդ պէտք է շա՜տ ուշադիր ըլլայ եւ հսկէ իր լեզուին, նախքան որեւէ մէկ բան արտաբերելը, որովհետեւ՝ «լեզուն, թէեւ փոքր անդամ մըն է, բայց մեծամեծ բաներով կը պարծենայ: Գիտէք, թէ պզտիկ կայծը հսկայ անտառ մը կրնայ հրդեհել: Լեզուն ալ կրակ է: Անիրաւութեան աշխարհ մըն է անիկա: Թէեւ պարզ մէկ անդամն է մարմնին, բայց ամբողջ մարդը կ՚ապականէ, եւ գեհենի կրակով բռնկած՝ մեր ամբողջ կեանքը կրակով կը վառէ» (Յկ 3.5-6):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 9

4 սեպտեմբեր 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2022