ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ՆՈՐ ԳԻՐՔ ՄԸ ՀՐԱՏԱՐԱԿԵՑ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի դասախօսներէն Դաւիթ Կիւրջինեանի «Հայոց լեզու. խօսքարուեստի դասագիրք» խորագրեալ ուսումնաօժանդակ ձեռնարկը՝ նախատեսուած հոգեւոր կրթական հաստատութիւններէ ներս գործածութեան համար։ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հիմնադրութեան 140-ամեայ յոբելեանին նուիրուած աշխատութեան մէջ մանրազննին կերպով կը ներկայացուին խօսքի արժէքները եւ թերութիւնները, պատկերաւորման եւ արտայայտութեան միջոցները, ինչպէս նաեւ ոճաւորումը։ Գրքի իւրաքանչիւր նիւթին կը յաջորդեն խորհուրդներ եւ տարաբնոյթ գործնական առաջադրանքներ։
Գիրքը տպագրուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ։