ՀՈԳԵՒՈՐ ՄԵԾ ԿՈՐՈՎ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգը­ս-եան վեր­ջերս աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ ե­ղած է Ֆրան­սա­յի մէջ։ Այս շրջագ­ծով ան այ­ցե­լած է նաեւ Ֆրան­սա­յի Քանն քա­ղա­քը, ուր ներ­կայ գտնուած է «Մի­տէ­մ» մի­ջազ­գա­յին յայտ­նի ե­րաժշ­տա­կան փա­ռա­տօ­նի այս տա­րուան բաց­ման։ Հա­յաս­տան այս տա­րի պա­տուոյ հիւ­րի կար­գա­վի­ճա­կով մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած է սոյն փա­ռա­տօ­նին։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Հա­յաս­տան այս հե­ղի­նա­կա­ւոր փա­ռա­տօ­նին ներ­կա­յա­ցաւ լա­ւա­գոյն կեր­պով՝ յայտ­նուե­լով ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի կի­զա­կէ­տին:

 Կա­րե­ւո­րե­լով մշա­կոյ­թի եւ եր­գա­րուես­տի դե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­ցած ճա­նա­պար­հի եւ կեր­տած պատ­մու­թեան մէջ՝ Սերժ Սարգ­սեան Քան­նի մէջ ու­նե­ցած իր ե­լոյ­թին ժա­մա­նակ, ի մի­ջի այ­լոց ա­րուես­տի եւ մշա­կոյ­թի մա­սին մաս­նա­ւո­րա­պէս ը­սած է.

«Ոչ մէկ դա­ժա­նու­թիւն կրցաւ հա­յու հո­գիին մէջ սպան­նել քա­ղա­քակր­թա­կան ու բա­րո­յա­կան ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը, ապ­րե­լու ու ա­րա­րե­լու տեն­չը, ինչ­պէս նաեւ՝ հո­գե­ւոր, ո­գե­ղէն ու մշա­կու­թա­յին յա­ռա­ջըն­թա­ցը: Մե­զի յա­ռա­ջըն­թա­ցի ուժ կու տան թէ՛ ան­կում­նե­րը եւ թէ վե­րելք­նե­րը… Ար­տա­սո­վոր այս ու­ժը նա­խե­ւա­ռաջ հո­գե­ւոր կո­րով է, ո­ր կ­՚արթն­նայ, երբ կ՚ու­նե­նանք ընդ­հա­նուր ե­րա­զանք եւ կը ցան­կա­նք ի­րա­կա­նու­թիւն դարձ­նել զայն։ Այ­սօր այդ նոյն ար­տա­սո­վոր ուժն է, որ մե­զի կ՚օգ­նէ, որ­պէս­զի աշ­խար­հին ներ­կա­յա­նանք այն­պէս, որ Հա­յաս­տա­նը ըն­կա­լեն որ­պէս ար­ժէք­նե­րու եր­կիր։ Եր­կիր, ո­ր կ­՚ապ­րի մշա­կոյթ­նե­րու խաչ­մե­րու­կին վրայ եւ ա­ռանց վա­րա­նե­լու, ա­զատ ու վստա­հօ­րէն կը խօ­սի եւ կը յա­րա­բե­րի եր­կու աշ­խարհ­նե­րու՝ Ա­րե­ւել­քին ու Ա­րեւ­մուտ­քին հետ։

«Այս բո­լո­րին կեդ­րո­նը, ան­շուշտ, կայ մեր մշա­կոյ­թը, ո­ր հա­յու հա­մար դար­ձած է իր գո­յու­թիւ­նը, ինք­նու­թիւնն ու տե­սա­կը հաս­տա­տե­լու նպա­տակ ու մի­ջոց։ Ո՛ւր որ ալ ըլ­լայ հա­յը, ան չի վախ­նար ժա­մա­նա­կի հետ հա­մըն­թաց քա­լե­լէ, չ՚ե­րե­րար մեծ աշ­խար­հին մէջ իր մնա­յուն ներ­կա­յու­թիւնն ու ար­ժէ­քա­ւոր գո­յու­թիւ­նը հաս­տա­տագ­րե­լէ։

«Տա­կա­ւին մէկ դար ա­ռաջ իր ազ­գա­յին եր­գով Ֆրան­սա­յին ներ­կա­յա­ցաւ հայ մե­ծա­նուն եր­գա­հան Կո­մի­տա­սը։ Ան ըն­դունուե­ցաւ Ֆրան­սա­յի մէջ, ա­ւե­լին՝ ա­նոր առ­ջեւ ծուն­կի ե­կաւ ֆրան­սա­ցի մեծ ե­րաժշտա­հան Քլոտ Տե­պիւ­սի, իսկ ու­րիշ մեծ ֆրան­սա­ցի մը՝ Ռո­մէն Ռո­լա­ն Կո­մի­տա­սի հա­մեր­գէն յե­տոյ գրեց. «Հա­յը խորն է, ող­բեր­գա­կան եւ առ­նա­կան՝ նոյ­նիսկ իր ե­րազ­կո­տու­թեան մէջ... Ի՜նչ հրա­շա­լի ե­րաժշտու­թիւն է։ Եւ­րո­պա­կան ա­րուես­տը վաղ թէ ուշ կը կրէ այդ ա­րուես­տին ազ­դե­ցու­թիւ­նը»։

«Հա­յու յա­րա­տե­ւած մշա­կու­թա­յին ու հո­գե­ւոր տո­կու­նու­թեան օ­րի­նակ­նե­րը շատ են։ Ա­նոնց ա­պա­ցոյց­նե­րը այժմ կան նաեւ այս սրա­հին մէջ։ Նա­խորդ դա­րաս­կիզ­բին Մար­սէ­յլի մէջ խա­րիսխ նե­տած նա­ւե­րը Ֆրան­սա բե­րին այն­պի­սի հա­յոր­դի­նե­ր, ո­րոնց ժա­ռանգ­նե­րը այ­սօր կը զար­դա­րեն Ֆրան­սա­յի մշա­կոյ­թը՝ Շարլ Ազ­նա­ւուր, Ռո­զի Ար­մէն, Ա­լէն Թեր­զեան, Ա­լեք­սանտր Սի­րա­նո­սեան, Ռո­պէր եւ տի­կին Կե­տի­կեան­ներ… Այս ան­հա­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը այ­լեւս Ֆրան­սա­յի լիար­ժէք ու պա­տուա­ւոր քա­ղա­քա­ցի­ներն են, բայց, այ­նուա­մե­նայ­նիւ, ա­նոնց մէջ կ՚ապ­րի ի­րենց ազ­գի ժա­ռան­գու­թիւ­նը, պատ­մու­թիւ­նը, հա­ւատքն ու մշա­կոյ­թը։ Ի­րենց ան­ցեա­լի յի­շա­տակ­ներն ու ծագ­ման յի­շո­ղու­թիւնն են, որ իւ­րա­յա­տուկ հմայք կը հա­ղոր­դեն ա­նոնց ստեղ­ծած ա­րուես­տին, զա­նոնք կը պա­հեն հայ եւ միա­ժա­մա­նակ՝ հա­մաշ­խար­հա­յին ու հա­մա­մարդ­կա­յի­ն»:

Զա­նա­զան ձեռ­նարկ­նե­րու, դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րու, ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու եւ ծրագ­րե­րու կար­գին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը այդ փա­ռա­տօ­նի օ­րե­րուն, մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու ծի­րէն ներս Հան­րա­պե­տու­թեան տօ­նի առ­թիւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Պա­տուոյ շքան­շա­նը յանձ­նած է երգ­չու­հի Ռո­զի Ար­մէ­նին՝ հա­յա­պահ­պա­նու­թեան, հայ­րե­նիք-սփիւռք մշա­կու­թա­յին կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման գոր­ծին մէջ ներդ­րած նշա­նա­կա­լի ա­ւան­դի հա­մար եւ բե­մադ­րիչ, դե­րա­սան Ռո­պէր Կե­տի­կեա­նին՝ հայ-ֆրան­սա­կան մշա­կու­թա­յին կա­պե­րու զար­գաց­ման, հա­յա­պահ­պա­նու­թեան ամ­րապնդ­ման գոր­ծին մէջ ներդ­րած ա­ւան­դի հա­մար:

Այս անդ­րա­դար­ձով մենք կը ներ­կա­յաց­նենք Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի ձե­ռամբ շա­բաթ­ներ ա­ռաջ հայ­րե­նի­քի Պատ­ուոյ շքան­շա­նը ստա­ցած մեծ երգ­չու­հի Ռո­զի Ար­մէ­նը, ո­րուն ձայ­նը անսպառ է եւ կը հնչէ այն­քան, որ­քան կ՚ապ­րի հայ եր­գը:

Չորս տա­րե­կան հա­սա­կին այս հրա­շա­լի ձայ­նով եւ հե­տաքրք­րա­կան կեն­սագ­րու­թեամբ երգ­չու­հին, որ տա­կա­ւին մա­նուկ ե­րա­խայ էր, կե­ցած է դպրո­ցա­կան նուա­գա­խում­բին առ­ջեւ եւ ղե­կա­վա­րած է զայն: Այս ապ­շե­ցու­ցիչ ու զար­մա­նա­լի դրուա­գը միա­կը չէ մեծ երգ­չու­հիի կեն­սագ­րու­թեան մէջ։ Հե­տա­գա­յին ան, տա­կա­ւին տաս­ներ­կու տա­րե­կան, շրջած է հի­ւան­դա­նոց­նե­րու մէջ եւ հա­մերգ­ներ սար­քած է հի­ւանդ­նե­րուն հա­մար: Ա­մէ­նու­րեք փոք­րիկ երգ­չու­հին ըն­դու­նած են սի­րով, Ռո­զին դար­ձած է բո­լոր հա­մերգ­նե­րու սիրտն ու հո­գին: Պզտիկ տա­րի­քէն ան ո­րո­շած է, որ երգն է իր ընտ­րած ճա­նա­պար­հը եւ մին­չեւ այ­սօր ան­դա­ւա­ճան մնա­ցած է սիր­տեր գե­րող եւ հո­գի­ներ հմա­յող ա­րուես­տին:

Իր մա­սին ան ը­սած է՝ «Ես հա­յու սիր­տով ֆրան­սու­հի ե­մ»: Ի­րաւ, ան՝ անց­նող դա­րու ա­ռաս­պե­լնե­րէն մէ­կը, կրցաւ դառ­նալ միա­ժա­մա­նակ եր­կու ազ­գե­րու՝ ֆրան­սա­ցի­նե­րու եւ հա­յե­րու հպար­տու­թիւ­նը: Ռո­զի Ար­մէն եր­գած է բազ­մա­թիւ նշա­նա­ւոր աստ­ղե­րու հետ, օ­րի­նակ՝ Շարլ Ազ­նա­ւու­ր, Ժիլ­պէռ Պե­քօ, Մո­րիս Շէօ­վա­լիէ: Ա­նոր հա­մար եր­գեր գրած են նշա­նա­ւոր ե­րա­ժիշտ­ներ, օ­րի­նակ՝ Խու­լիօ Իկ­լե­սիա­ս: 1971 թուա­կա­նին Ռո­զի Ար­մէն Խու­լիօ Իկ­լե­սիա­սի հետ ձայ­նագ­րած է Gwendoline ալ­պո­մը, ո­ր մինչ այժմ կը հան­դի­սա­նայ երգ­չու­հիի այ­ցե­քար­տը:

Աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու նշա­նա­ւոր բե­մեր թնդա­ցած են նշա­նա­ւոր հա­յու­հի-ֆրա­նսա­ցիի եր­գէն: Ճիշդ է՝ ան վա­ղուց, ո­րե­ւէ մե­նա­հա­մերգ չէ սար­քած, բայց ա­նոր ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ­նե­րը, եր­գե­րը, ձայ­նագ­րու­թիւն­նե­րը կը մնան ձայ­նա­դա­րան­նե­րուն եւ յի­շո­ղու­թիւն­նե­րուն մէջ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք կը գնա­հա­տեն ա­նոր ան­ցեա­լի ո­րա­կեալ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, ո­ր եր­բեք չի դադ­րիր ժա­մա­նա­կա­կից ըլ­լա­լէ:

1943 թուա­կա­նին Փա­րիզ ծնած է գե­ղե­ցիկ ու ազ­նուա­զարմ այս հա­յու­հին: Ռո­զի Ար­մէն միշտ հրա­շա­գեղ ար­տա­քին ու­նի՝ հայ­ու տո­կուն ժա­ռան­գա­կա­նու­թիւնն ու ֆրան­սու­հիի նրբա­գե­ղու­թիւ­նը ի­րենց ազ­դե­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցած են եւ երգ­չու­հին, տա­կա­ւին կարճ ժա­մա­նակ ա­ռաջ, հա­կա­ռակ յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քին, կը փայ­լէր Քան­նի մէջ: Այդ մա­սին կը վկա­յեն լու­սան­կար­ներն ու տե­սա­ժա­պա­ւէն­նե­րը, ո­րոնց­մէ կը տե­ղե­կա­նանք Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Պատ­ուոյ շքան­շա­նի տու­չու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան մա­սին:

Ռո­զի Ար­մէ­նի ծնող­քը Ֆրան­սա գաղ­թած են 1920-ա­կան թուա­կան­նե­րուն: Ա­նոր հայ­րը Նա­խի­ջե­ւան ծնած Խուր­շուտ Յով­հան­նի­սեանն էր եւ մայ­րը՝ Ան­գա­րա­յի ա­րուար­ձան­նե­րէն մէ­կուն մէջ ծնած Նուարդ Ա­լո­զեա­նը։ Ա­նոնք Փա­րի­զի մէջ ի­րա­րու հան­դի­պե­լով՝ ըն­տա­նիք կազ­մած էին։ Ռո­զիի՝ Ռո­զի Յով­հան­նի­սեա­նի ծնող­քը կը փա­փա­քէին, որ ի­րենց դուստ­րը դառ­նար, սա­կայն տա­կա­ւին չորս տա­րե­կա­նին Ռո­զին իր ոտ­քը ա­մուր դրաւ եր­գա­րուես­տի մէջ եւ երբ հա­սուն տա­րի­քին վերջ­նա­կա­նա­պէս ընտ­րեց եր­գը, ինք­զինք կնքեց Ռո­զի Ար­մէն բե­մա­կան ա­նու­նով:

 

Ֆրան­սե­րէն, ս­­պա­նե­րէն, ի­տա­լե­րէն, գեր­մա­նե­րէն լե­զու­նե­րով եր­գող երգ­չու­հին, ո­րե­ւէ բե­մի վրայ եւ ո՛ւր որ ալ եր­գած է, ան­պայ­ման հա­մեր­գի ըն­թաց­քին եր­գած է նաեւ հա­յե­րէն՝ իր մայ­րե­նի լե­զուով: Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ան ֆրան­սա­կան դպրոց գա­ցած է, հրա­շա­լի կը խօ­սի հա­յե­րէն, ծա­նօթ է հա­յոց մշա­կոյ­թին եւ պատ­մու­թեա­ն։ Ան ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին հպարտ ե­ղած է իր հայ ըլ­լա­լով եւ եր­բեք չէ վա­րա­նած յայտ­նել այդ մա­սին ա­մէ­նուր, ուր որ գնա­հա­տած, ըն­դու­նած եւ պա­տուած են զինք: Յատ­կան­շա­կան դրուագ մը կայ ա­նոր կեն­սագ­րու­թեան մէջ. երբ Ռո­զի Ար­մէն ա­ռա­ջին ան­գամ եր­գած է Ի­րա­նի շա­հի պա­լա­տին մէջ, այն­քան գո­հու­նակ տես­քով շա­հը մօ­տե­ցած է ի­րեն ու հար­ցու­ցած՝ երգ­չու­հիի ծագ­ման մա­սին: Ռո­զին մեծ հպար­տու­թեամբ պա­տաս­խա­նած է. «Հայ ե­մ»:

2013 թուա­կա­նին երգ­չու­հին պար­գե­ւատ­րուած է Հա­յաս­տա­նի Ս­­փիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան «Կո­մի­տա­ս» մե­տայ­լով, իսկ ա­հա­ւա­սիկ Պատ­ուոյ շքա­նա­շա­նը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան բարձ­րա­գոյն պա­տիւն է, որ յանձ­նուե­ցաւ Ռո­զի Ար­մէ­նին:

1961 թուա­կա­նին ա­ռա­ջին ան­գամ թո­ղար­կուած է Ռո­զի Ար­մէ­նի սկա­ւա­ռա­կը, որ­մէ յե­տոյ ալ սկսած է ա­նոր շրջայ­ցը ար­տերկ­րի մէջ՝ Պել­ժի­ա, Ի­րան, Թուր­քիա, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Լի­բա­նան, Խորհր­դա­յին Միու­թիւն:

1960-ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րը ար­դէն Ռո­զի Ար­մէն մի­ջազ­գայ­նօ­րէն ըն­դու­նուած ա­նուն մըն էր: Ա­նոր ա­նու­նը յա­ճախ կը հնչէր Սիլ­վի Վար­դա­նի ա­նու­նին զու­գա­հեռ՝ այս ձե­ւով նշա­նա­ւոր եր­կու հա­յու­հին դարձ­նե­լով այդ ժա­մա­նակ­նե­րու Ֆրան­սա­յի իւ­րա­յա­տուկ խորհր­դա­նիշ­նե­րը: 1966 թուա­կա­նին Ռո­զի Ար­մէն Ֆրան­սա­յի տաս­ներ­կու լա­ւա­գոյն եր­գիչ­նե­րու կար­գին էր: Երգ­չու­հին «Օ­լիմ­փիա» հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ ֆրան­սա­կան եւ եւ­րո­պա­կան այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու եր­գե­րու կար­գին հնչե­ցու­ցած է նաեւ հայ­կա­կան դա­սա­կան եւ ժո­ղովր­դա­կան եր­գեր: 1968 թուա­կա­նին ան նոր կա­տա­րում­նե­րով շրջա­գա­յած է Եւ­րո­պա­յի խո­շոր քա­ղաք­նե­րու մէջ, մաս­նակ­ցած է մի­ջազ­գա­յին մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւն­նե­րու, ար­ժա­նա­ցած է ա­ռա­ջին մրցա­նա­կի:

1965 թուա­կա­նին երգ­չու­հին ա­ռա­ջին ան­գամ հան­դէս ե­կած է հայ հա­սա­րա­կու­թեան առ­ջեւ, իսկ յե­տոյ ար­դէն զինք ըն­դու­նած են մոս­կո­վեան ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րը: Մոս­կուա­յի մէջ Ռո­զի Ար­մէն ու­նե­ցած է տաս­ներ­կու հա­մերգ, ինչ որ այդ տա­րի­նե­րու հա­մար կը նկա­տուէր ան­նա­խըն­թաց մեծ յա­ջո­ղու­թիւն մը: Մոս­կուա­յի թեր­թերն ու հան­դէս­նե­րը կը գրէին տա­ղան­դա­ւոր հա­յու­հիին մա­սին, իսկ ան, տա­րի­ներ ետք Մոս­կուա­յի հա­մերգ­նե­րու մա­սին ը­սած է.

«Այս տաս­ներ­կու հա­մերգ­նե­րը այն­քան յա­ջո­ղ ան­ցած էին, որ ար­դիւն­քին ու­նե­ցայ քսա­նութ հա­մերգ: Այդ հա­մերգ­նե­րու ըն­թաց­քին իմ երկր­պա­գու­նե­րու կար­գին էին Տիգ­րան Պետ­րո­սեա­ն, Մար­շալ Յով­հան­նէս Բաղ­րա­մեան, Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեան, բա­նաս­տեղծ Եւ­կե­նի Եւ­տու­շեն­կօ: Կը յի­շեմ, թէ ինչ­պէս մեծն Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեան ա­մէն հա­մեր­գէ ետք կ­­ու գար զիս տես­նե­լու, որ­պէս­զի եր­թամ իր ըն­տա­նի­քին հետ ճա­շե­լու, եւ գրե­թէ մին­չեւ ա­ռա­ւօտ ան կը նուա­գէր իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը՝ ա­ռա­ջար­կե­լով ո­րե­ւէ մէ­կը ընտ­րել իմ եր­գա­ցան­կի հա­մար: Ա­նոնք ան­մո­ռա­նա­լի ե­րե­կո­ներ էի­ն»:

Ա­րամ Խա­չա­տու­րեան երգ­չու­հիին նուի­րած է իր «Սեւ կա­կա­չ» եր­գը: Ծա­նօթ է, որ ե­րաժ­տա­հան Ա­րամ Խա­չա­տու­րեան, մեծ թի­ւով եր­գեր չու­նի։ Ան ստեղ­ծա­գոր­ծած է այլ ե­րաժշ­տա­կան ժան­րե­րու մէջ, բայց ա­նոր հա­զուա­գիւտ եր­գե­րէն եր­կու­քը նուիրուած են Ռո­զի Ար­մէ­նին: Ո­գե­ւո­ր-ւած հայ երգ­չու­հիին ձայ­նով եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով, Ա­րամ Խա­չա­տու­րեան նուի­րած է նաեւ «Գա­րուն Ե­րե­ւա­ն» եր­գը:

Այդ յու­զիչ հան­դի­պում­նե­րէն շատ տա­րի­ներ անց, 1988 թուա­կա­նի երկ­րա­շար­ժէն յե­տոյ, Շարլ Ազ­նա­ւու­րը Ռո­զիին եւ կարգ մը այլ եր­գիչ­նե­րու ա­ռա­ջար­կած է ձայ­նագ­րել «Քե­զի հա­մար, Հա­յաս­տա­ն» եր­գը, ո­ր տա­սը շա­բաթ շա­րու­նակ ֆրան­սա­կան «TOP 50»ի մէջ գրա­ւած է ա­ռա­ջին հո­րի­զո­նա­կա­նը:

Հա­յե­րէն եր­գե­րէ կազ­մուած իր ա­ռա­ջին ալ­պո­մը՝ «Yerevan»ը, երգ­չու­հին թո­ղար­կած է 1972 թուա­կա­նին: 1979 թուա­կա­նին հա­մերգ­նե­րով ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցած է Մի­շէլ Լեկ­րա­նի հետ, ձայ­նա­գած է «Windmills of my heart» հան­րա­յայտ եր­գը: Իր ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ողջ ըն­թաց­քին երգ­չու­հին ձայ­նագ­րած է քա­ռա­սուն­հինգ ալ­պոմ:

1968 թուա­կա­նին Ռո­զի Ար­մէն տե­ղա­փո­խուած է Սպա­նիա, ուր բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած է տասն­հինգ տա­րի: Տա­կա­ւին մա­նուկ հա­սա­կէն երգ­չու­հին կը պաշ­տէր Սպա­նիան: Երբ ա­ռա­ջին ան­գամ զայն հրա­ւի­րած են Սպա­նիա որ­պէս երգ­չու­հի, ատ­կէ ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ շատ կա­րե­ւոր պայ­մա­նա­գիր մը ստո­րագ­րուած է։ Երգ­չու­հիին ա­ռա­ջար­կած են հա­մեր­գա­յին շրջա­գա­յու­թիւն­ներ կա­տա­րել Սպա­նիոյ եւ սպա­նա­խօս բո­լոր եր­կիր­նե­րու մէջ։ «Կը կար­ծեմ՝ այդ մէ­կը շատ կա­րե­ւոր փուլ մըն էր իմ գոր­ծու­նէու­թեան մէջ: Այդ շրջա­նին էր, որ բախ­տը ու­նե­ցայ հան­դի­պե­լու Խու­լիօ Իկ­լե­սիա­սին, որ սպա­նե­րէ­նի իմ ա­ռա­ջին ու­սու­ցիչն էր: Մատ­րի­տի հայ­կա­կան փոք­րիկ հա­մայ­քը ին­ծի հա­մար մեծ ըն­տա­նիք է­ր», սպա­նա­կան տա­րի­նե­րու մա­սին յի­շած է երգ­չու­հին:

Իր սի­րած գոր­ծին եւ հա­մաշ­խար­հա­յին փառ­քին զու­գա­հեռ, երգ­չու­հին ապ­րած է նաեւ ա­մուս­նա­կան կեան­քի եր­ջան­կու­թիւ­նը, ա­մուս­նա­նա­լով եւ ու­նե­նա­լով եր­կու որ­դի՝ Ար­մէն ու Րաֆ­ֆի: Մեծ զա­ւա­կը՝ Ար­մէն Պետ­րո­սեան, ըն­թա­ցած է իր մօ­րը ճա­նա­պար­հով, ե­րաժշ­տա­հան է եւ ա­ռա­ւել ծա­նօթ է շար­ժա­պատ­կե­րնե­րու հա­մար գրած ե­րաժշ­տու­թեամբ: Իսկ կրտսեր զա­ւա­կը ընտ­րած է իր հօ­րը ու­ղին եւ կը զբա­ղի գոր­ծա­րա­րու­թեամբ:

Րաֆ­ֆին ու Ար­մէ­նը հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն ստա­նա­լով՝ յա­ճախ կ­­՚այ­ցե­լեն Հա­յաս­տան:

Ռո­զի Ար­մէ­նի վեր­ջին հան­դի­պու­մը՝ հա­յաս­տա­նեան լսա­րա­նի հետ, ե­ղած է 2005 թուա­կա­նին, երբ երգ­չու­հին հրա­ւի­րած են մաս­նակ­ցե­լու 70-ա­կան­նե­րու ե­րաժշ­տա­կան Ե­րե­ւա­նին նուի­րուած հա­մեր­գի մը: Ճիշդ է, ան չէ եր­գած, ո­րով­հե­տեւ խնդիր­ներ ու­նէր ձայ­նին հետ, բայց հա­մեր­գի ըն­թա­ցին հնչած են իր եր­գե­րը: Իր հա­մեր­գա­յին փա­ռա­ւոր ան­ցեա­լի մա­սին Ռո­զի Ար­մէն տա­րի­ներ յե­տոյ ար­տա­յայ­տուած է հե­տե­ւեալ ձե­ւով.

«Իւ­րա­քան­չիւր բե­մի վրայ, հան­դէս գա­լով՝ ես իմ մէջս եր­կու զգա­ցո­ղու­թիւն կրած եմ։ Ես Ֆրան­սան կը ներ­կա­յաց­նեմ որ­պէս հայ երգ­չու­հի: Ես իմ երկ­րի քա­ղա­քա­ցին եմ, բայց դուստրն եմ ժո­ղո­վուր­դի մը, ո­ր աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րը իր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ու­նի: Հպարտ ե­ղած եմ միշտ, որ եր­կու եր­կիր ու եր­կու հայ­րե­նիք ներ­կա­յա­ցու­ցած եմ: Ան­բա­ցատ­րե­լի ու մեծ հպար­տու­թիւն է այդ մէ­կը»:

Եօ­թա­նա­սու­նը անց երգ­չու­հիին սիր­տը այ­սօր ալ կը բա­բա­խէ Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան հետ: Ան մեծ յուզ­մունք ապ­րած է Հա­յաս­տա­նի Պատ­ուոյ շքան­շա­նը ստա­նա­լու առ­թիւ: Թե­րեւս այդ մէ­կը դար­ձաւ երգ­չու­հիի բա­զում շքան­շան­նե­րէն ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը՝ իր կեան­քին մէջ, ո­րով­հե­տեւ կը կրէ իր սի­րե­լի հայ­րե­նի­քին ա­նու­նը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015