ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։ Վերջին օրերուն ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեկնած էր՝ մաս կազմելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութեան, որ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 77-րդ նստաշրջանի բացման փուլին։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Արմէն Գրիգորեան Ուաշինկթընի մէջ կ՚ունենայ շարք մը աշխատանքային հանդիպումներ։ Այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած իր ծրագրին շուրջ։

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը տեղեկացուցած էր, որ իր երկիրը կը շարունակէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ուղղել՝ ներգրաւուիլ խաղաղ գործընթացին, որովհետեւ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չի կրնար ունենալ։ Պլինքըն այս գրառումը կատարած է Փաշինեանի հետ կատարած վերջին հանդիպման լոյսին տակ։ Ան նշած է, որ քննարկած են Հայաստանի անվտանգութեան հարցերը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022