ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Անգամ մը կարդացած էի Առակաց գիրքին մէջ, թէ Աստուած վեց բանէ կը զզուի եւ Անոր Հոգիին առջեւ եօթ բաներ պիղծ են. կրնա՞ք յիշեցնել թէ ո՞ր գլուխին մէջ յիշատակուած են այդ բաները եւ որո՞նք են:
Պատասխան. Անշուշտ: Առակացի 6-րդ գլուխին մէջ կը խօսուի այդ բաներու մասին: Այսպէս.
Տէրը վեց բանէ կը զզուի ու Անոր Հոգիին առջեւ եօթը բան պիղծ են:
- Ամբարտաւան աչքեր,
- Ստախօս լեզու,
- Անմեղ արիւն թափող ձեռքեր,
- Չար խորհուրդ հնարող սիրտ,
- Չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր,
- Ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ,
- Ու եղբայրներու մէջ կռիւներ ցանող մարդ (Առ 6.16-19):
• Ահաւասիկ հարցուցածիդ պատասխանը, ո՜վ բարեկամ:
Եկուր հիմա առանձին-առանձին անդրադառնանք.
Ամբարտաւան աչքեր. Ամբարտաւան աչքեր ասութեամբ պէտք է հասկնանք հպարտութիւնը, այլ խօսքով՝ հպարտ ու ամբարտաւան մարդիկը, որոնք վերէն՝ տարբեր աչքով կը նային իրենց նմաններուն: Աստուած կը խորշի այդպիսի մարդոցմէ, որովհետեւ Աստուած բոլոր մարդիկը հաւասար ստեղծեց եւ բոլորին փրկութեան համար Իր Միածին Որդին որպէս զոհ տուաւ Խաչին վրայ, որպէսզի այդպիսով մեղաւոր մարդկութիւնը վերադարձնէ դէպի Իրեն, վերստին արժանացնէ զանոնք որդեգրութեան շնորհին:
Հպարտ մարդը, արդարեւ, կ՚անգիտանայ այս բոլորը եւ ինքզինք աւելի լաւ, աւելի տարբեր կը կարծէ քան միւս մարդիկը:
Հպարտութիւնը չարութիւններուն մայրն է, որ մարդուն տեսողութենէն՝ ֆիզիքական ու հոգեւոր կը զրկէ, եւ զինք կը վերածէ ջայլամի մը, որ իր գլուխը ինքն իր աշխարհին մէջ խրելով, ոչինչ կը տեսնէ, կամ կը նշմարէ իր չորսիդին: Հպարտութեան պատճառով էր, որ Արուսեակը՝ սատանան, փորձեց աստուածանալ, սակայն կործանուելով կործանուեցաւ (տե՛ս Ես 14.12-15) եւ մինչ օրս կը փորձէ մարդիկը կործանել…
Եկեղեցւոյ հայրերը իրենց գրութիւններուն մէջ յաճախ անդրադարձած են հպարտութեան մասին: Ահաւասիկ փունջ մը այդ մտածումներէն.
Սուրբ Անտոն Մեծ կը գրէ.
- Իր երկնային դիրքէն՝ հպարտութեան պատճառով վար ինկած սատանան, անդադար կը ջանայ ողջ սիրտով Տիրոջ մօտենալ ցանկացողներուն դէպի կործանում տանիլ այն նոյն ճամբայով, որով ինք ինկաւ, այսինքն՝ հպարտութեամբ եւ ունայն փառքի սիրով: Դեւերը մեզի ճիշդ ատով է, որ կը յաղթեն, ճիշդ ատով եւ ատոր նման ուրիշ բաներով կը մտածեն մեզ Աստուծմէ հեռացնել: Տակաւին, գիտնալով որ իր եղբայրը սիրողը կը սիրէ նաեւ զԱստուած, անոնք մեր սիրտերուն մէջ այնքան ատելութիւն կը դնեն իրարու նկատմամբ, որ ոմանք իրենց եղբայրը չեն կրնար տեսնել կամ անոր հետ մէկ բառ իսկ չեն կրնար փոխանակել:
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ.
- Հպարտութիւնը, նկատի ունիմ ինքզինք տեսնելը, աւելի զօրաւոր է քան անմարմին զօրութիւնները, այսինքն՝ սատանան, մինչ խոնարհ հոգին եւ մարդուն գիտակցումը իր գործած մեղքերուն, այնպէս ըրին, որ աւազակը առաքեալներէն առաջ դրախտ հասնի:
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ.
- Հպարտութիւնն ու նախանձն էր, որ սատանային մղեցին աստուածանալու ցանկութեան, ու հիմա ալ կը ջանայ բոլոր մարդոց կողմէ երկրպագուիլ:
Պօղոս Ադրիանապոլսեցի Պատրիարքը կը գրէ.
- Հպարտութենէն աւելի մեծ մեղք չկայ, քանի որ իր հետ շղթայուած ունի բոլոր մեծեամեծ մոլութիւնները: Որովհետեւ, հպարտը չ՚ուզեր, որ ուրիշ մէկը իրմէ աւելի բարձր ըլլայ, այդ պատճառով նախանձոտ կ՚ըլլայ եւ ուրիշներուն յաջողութիւնները չտանելով՝ բարկութեամբ կը վարուի, չկարողանալով անոնց յաջողութիւններուն արգելք ըլլալ՝ կը յուսալքուի եւ ծուլութեան մէջ կ՚իյնայ: Իսկ որովհետեւ ծոյլը այլեւս շահելու յոյս չունի, ագահ կը դառնայ: Ագահութեամբ ձեռք բերուած դրամը, կը գրգռէ անոր ուտելու-խմելու եւ անիկա որկրամոլ կը դառնայ: Եւ շատ կերակուրներէն ու խմելիքներէն ցանկութեան ախտը կը բորբոքի եւ ան բղջախոհ կ՚ըլլայ: Հետեւաբար, հպարտութիւնն է բոլոր մոլորութիւններուն մայրն ու դայեակը, անկէ կը յառաջանան մեղքերու անհաշուելի ծնունդները, որոնցմէ մէկն իսկ բաւարար է մարդը կորուստի հասցնելու: Ուստի, պէտք է փախչիլ հպարտութենէն, քան՝ մահաբեր թոյնէն:
Հետեւաբար, մարդ պէտք է ինքզինք հեռու պահէ հպարտութենէն եւ իր վրայ հագուի խոնարհութեան զգեստը, որ մայրն է բոլոր առաքինութիւններուն: Եւ ինչպէս Պաիսոսի Աթոսացին կ՚ըսէ. «Խոնարհութիւնը կեանքի զարդն է եւ բոլոր առաքինութիւններուն գեղեցկութիւնը: Արդարեւ ան մարդկային հոգիին համար անձրեւի նման է, որ չոր հողին վրայ կ՚իջնէ: Ցած հարթավայրերը բարեբեր ու բերքառատ են, մինչ բարձր լեռները ընդհանրապէս անջրդի կը մնան: Կանգուն մնացած հասկերը դատարկ կ՚ըլլան, մինչ չոքած հասկերը՝ ցորենի հատիկներով լեցուն կ՚ըլլան: Հետեւաբար, դուք եւս ձեռք ձգեցէք խոնարհ սիրտ մը, որով պիտի պտղաբերիք հոգեւոր պտուղներ, որոնք ձեր փրկութիւնը կ՚ապահովեն»: Իսկ Անանիա Նարեկացի Վարդապետը խոնարհութեան մասին այսպէս կը գրէ. «Խոնարհութիւն է, երբ մարդիկ քեզ կը փառաբանեն եւ պարգեւներ կու տան, սակայն դուն քու անձիդ արժանիքներուն չես վերագրեր, այլ՝ զԱստուած կը փառաբանես, Աստուծմէ կը գոհանաս եւ կ՚ըսես, թէ այդ Քու ողորմութենէդ է եւ ոչ ըստ իմ արժանիքներուս, ինչպէս որ Սողոմոնը կ՚ըսէ. "Ինչքան մեծութեան ալ հասնիս, դուն քեզ խոնարհ պահէ եւ շնորհք ու ողորմութիւն կը գտնես Աստուծոյ առջեւ"»:
- Ստախօս լեզու. յաջորդ բանը, որմէ կը զզուի Աստուած ըստ Առակագիրին, ստախօս լեզուն է: Ստութիւնը չարին՝ սատանային ամենէն զօրաւոր զէնքերէն մէկն է, որով ան կը պատերազմի մարդոց դէմ: Ստութիւններ հնարելով, ան կը փորձէ խաբել մեզ ու խաբելով՝ իր թակարդին մէջ ձգել, զրկելով մեզ Աստուծոյ մօտենալու եւ Աստուծմով մեր կեանքը ապրելու երանութենէն:
Ղեւատացւոց գիրքին 19-րդ գլուխը վերնագրուած է որպէս՝ «Սրբութեան եւ Արդարութեան օրէնքներ», ուր Աստուած Մովսէս մարգարէին միջոցով Իսրայէլի ժողովուրդին՝ եւ անոնց ընդմէջէն բոլոր ժողովուրդներուն կու տայ բազմաթիւ օրէնքներ ու կանոններ, որոնց գործադրութեան պարագային մարդ իր կեանքը կրնայ բարօրութեամբ եւ խաղաղ կերպով ապրիլ: 19-րդ գլուխին 11-րդ համարին մէջ այսպէս կը թելադրէ Աստուած. «Սուտ մի՛ խօսիք եւ իրար մի՛ խաբէք»: Կարճ, պարզ եւ յստակ: Իսկ այսօր, պահ մը նայինք մեր կեանքին, սուտերով եւ խաբեբայութիւններով լեցուն: Յատկապէս, Հայաստանէ ներս ստութիւնն ու կեղծիքը կարծէք առօրեայ սնունդի ու պահանջի վերածուած են, ամենէն տարրական բաներէն սկսեալ մինչեւ ամենէն կարեւոր բաներուն մէջ ստութիւնն ու խաբեբայութիւնը ներկայ են: Եթէ փորձենք պատասխան մը գտնել այս վիճակին, պարզ ու յստակ է. Աստուծմէ հեռու ապրուած մեր կեանքը, առանց Աստուծոյ զԱստուած պաշտելու մեր ընթացքը, Աստուծոյ անունը տալը առանց ճշմարտապէս զԱստուած ճանչնալը: Աւելին, որովհետեւ Աստուածաշունչ կարդալէ դադրած ենք եւ մենք մեզ տուած ենք ամէն տեսակի գիրքերու ընթերցանութեան, բացի Աստուածաշունչէն: Եթէ Աստուածաշունչ կարդացած ըլլայինք եւ կամ ամէն օր կարդայինք, ապա վերոնշեալ համարը կարդացած կ՚ըլլայինք, ինչպէս նաեւ «սուտ մի՛ խօսիք իրարու: Մոռցէ՛ք ձեր հին կեանքն ու նախկին գործերը, եւ նոր մարդ եղէք՝ ձեր Արարիչին պատկերին համաձայն նորոգուելով, որպէսզի կարենաք զԻնք ճանչնալ» (Կող 3.9-10):
Իսկ ստախօս մարդը կը նմանի ստութեան հօր՝ սատանային, որովհետեւ անոր օրինակն է, որ իր վրայ կը վերցնէ: Այս մասին մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս այսպէս կ՚ըսէ. «Ինչո՞ւ խօսքս չէք հասկնար: Անոր համար՝ որ չէք կրնար մտիկ ընել: Դուք ձեր հօր՝ սատանային զաւակներն էք եւ անոր ցանկութիւնները կատարել կ՚ուզէք: Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան կողմնակից չէ եղած բնաւ, որովհետեւ անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ: Երբ սուտ խօսի՝ իր նկարագիրը ցոյց կու տայ, քանի որ ստախօս մըն է եւ սուտին հայրը» (Յհ 8.43-44): Պօղոս առաքեալ Եփեսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ այսպէս կը թելարդէ. «Հետեւաբար ստախօսութենէն հրաժարեցէ՛ք: "Ամէն մարդ ճշմարտութիւնը թող ըսէ իր ընկերոջ", ինչպէս կ՚ըսէ Մարգարէն, որովհետեւ Քրիստոսի միացած ըլլալով՝ իրարու անդամներ ենք» (Եփ 4.25):
Հետեւաբար, կառչի՛նք ճշմարտութեան, ճշմարտութիւնը դաւանողները եւ խօսողներ ըլլանք, որովհետեւ «ճշմարտութնենէն որեւէ ստութիւն չի՛ ծնիր» (Ա. Յհ 2.21):
Կառչի՛նք ճշմարտութենէն, որովհետեւ «մարդ տկարութենէն սուտ կը խօսի եւ վախէն դրդուած կը խաբէ» (Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի), իսկ մենք ո՛չ տկար չենք, որովհետեւ Քրիստոսի արեամբ գնուած ենք եւ Քրիստոսով զօրացած ենք այլեւս:
Ճշմարտութիւնը եւ միայն ճշմարտութիւնը խօսինք, որովհետեւ «ով որ մարդ կը խաբէ, զԱստուած կը խաբէ, եւ այդպիսով Անոր պատկերը խաբած կ՚ըլլայ» (Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի), քանի որ մենք բոլորս ալ Անոր պատկերով եւ նմանութեամբ ստեղծուած ենք, հետեւեաբար երբ մէկս միւսը կը խաբէ, այդպիսով զԱստուած է, որ կը խաբենք:
Ի վերջոյ հեռո՛ւ մնանք ստութենէն յիշելով Առակագիրին ըսածը, թէ Աստուած ստախօս լեզուէն կը զզուի, կառչինք ճշմարտախօսութեան եւ պարզապէս մեր «Այոն Այո թող ըլլայ եւ Ոչը՝ ոչ», քանի որ «անկէ աւելին չարէն կու գայ» (Մտ 5.37):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 12
25 սեպտեմբեր 2022, Վաղարշապատ