ՍԵՒՑԱՒ - ՀՆԴԿԱԽՏ (ԽՈԼԵՐԱ)

ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍ

2. Ի՞ՆՉ Է ԽՈԼԵՐԱՆ ԵՒ ՄԱՐԴԻԿ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՎԱՐԱԿՈՒԻՆ

Խոլերան վարակիչ մեծ զօրութիւն ունի: Այս պատճառով ալ ան այդպէս արագ կ՚անցնի գիւղէ գիւղ, քաղաքէ քաղաք, եւ կարճ ժամանակուան ընթացքին սարսափելի համաճարակ կը դառնայ, այսինքն՝ կը հեղհեղէ համակ երկիրներ ու պետութիւններ:

-«Իսկ այդ հիւանդութիւնը ինչպէ՞ս կը տարածուի», կը հարցնէ ընթերցողը:

Ենթադրենք, թէ որեւէ մէկ տեղ, օրինակ, Ռէշտիի մէջ (Պարսկաստան) խոլերա կայ: Բոլորը գիտեն, որ այդ քաղաքէն նաւերով մարդիկ ու ապրանքներ կը բերեն Պաքու: Ահա՛ այդ նաւերէն մէկուն վրայ կու գայ խոլերայով հիւանդ մարդ մը եւ դուրս կու գայ Պաքու: (Սակայն ընդհանրապէս պէտք չէ, որ եկողը ի՛նք հիւանդ ըլլայ. բաւարար է, որ անոր պայուսակին կամ արկղին մէջ խոլերայով հիւանդի մը պատկանող իրեր գտնուին, օրինակ, անոր սպիտակեղէնը կամ հագուստը): Ենթադրենք, որ այդ եկուորը իր ազգականներուն կամ ծանօթներուն մօտ կ՚իջնէ եւ այնտեղ 2-3 օր կը մնայ եւ յանկարծ երրորդ կամ չորրորդ օրը սարսափով կը նկատեն, որ տնեցիներէն մէկը լուծ կ՚իյնայ, կը փսխէ եւ մահուան դուռը կը հասնի: Բժիշկ կը կանչեն եւ ասիկա կը յայտնէ, թէ հիւանդը խոլերա ինկած է:

-Ինչպէ՞ս թէ խոլերա, ուրկէ՞ եկաւ,- զարմանքով կը հարցնեն տնեցիները ու սարսափահար եղած, հազար ու մէկ կերպով կը բացատրեն, թէ ի՛նչպէս հիւանդացաւ այդ խեղճը: Բայց բժիշկը հարցուփորձ կ՚ընէ եւ կ՚իմանայ, որ վարակումը Ռաշտէն եկած է, ուր համավարակ կայ:

Ասիկա տակաւին բոլորը չէ: Հիմա աւելի հեռու երթանք: Յիշած հիւանդին մօտիկ մարդոցմէ մէկը ուղղակի Պաքուէն Պաթում կ՚երթայ առանց Թիֆլիզ կանգ առնելու եւ յանկարծ Պաթումի մէջ ալ խոլերայի դէպքերը կը յայտնուին: Ինչպէ՞ս պատահեցաւ ատիկա: Ահա՛ թէ ինչպէս: Այդ մարդը թոյնը Պաքուի մէջ առաջին հիւանդէն ստացած էր, բայց տակաւին այդ թոյնը այնքան ալ չէր աճած անոր մարմինին մէջ, որ հիւանդացնէր զինք. մի քանի օր պէտք է անցնէր: Այդ մի քանի օրուան ընթացքին ան առողջ մնացած էր, իսկ մինչեւ Պաթում հասնիլը վարակը (վարակիչ թոյնը) զօրացած էր անոր մէջ եւ հիւանդացուցած էր զինք: Յետոյ այս հիւանդէն ուրիշները կը վարակուին, ու այդ մարդուն շուրջ շարք մը խոլերային դէպքեր կ՚երեւին եւ այդպիսով Պաթում քաղաքին մէջ կը ծագի ու կը տարածուի խոլերային համաճարակը, թէեւ, կը կրկնենք, Պաքուի եւ Պաթումի մէջ ո՛չ մէկ հիւանդական դէպք պատահած է:

Կրնայ նաեւ այսպէս պատահիլ. ո՛չ մէկ մարդ եկած է վարակուած վայրէ մը այսինչ քաղաքը, բայց խոլերան դարձեալ կ՚երեւի: Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ այդ մէկը: Հետազօտեցէ՛ք եւ կ՚իմանաք, որ թէեւ ո՛չ ոք չէ եկած, բայց ատոր փոխարէն վարակուած վայրերէն այդ քաղաք բերուած են զանազան ապրանքներ եւ վարակիչ թոյնը ատոնց հետ ներս մտած է:

Այստեղէն պէտք է եզրակացնենք այն, որ եթէ տեղ մը խոլերա կ՚երեւի, պէտք է համոզուած ըլլանք, որ ան ինքն իրեն չէ ծագած, այլ՝ բերուած է կամ մարդոց եւ կամ ապրանքներու միջոցով:

Եւ, իրապէս, եթէ խոլերայի համաճարակներու ընթացքին հետեւինք, կը տեսնենք, որ այս հիւանդութիւնը երկաթուղիներու գիծերով, գետերու եւ ծովերու ափերով ալ կը տարածուի, եւ ընդհանրապէս հաղորդակցութեան ճանապարհներով (որոնցմով մարդիկ կամ ապրանքներ կը տեղափոխուին) եւ այդ տեղերէն միայն երկրի խորքերը կը մտնեն:

Մեր բոլոր ըսածները կ՚ապացուցեն այն՝ ինչ որ վերը ըսինք. այն է, խոլերան կը տարածուի անմիջական վարակումէն թէ՛ մարդոց եւ թէ՛ վարակուած իրերու միջոցով: Այդ բանին ապացոյցներէն մէկն ալ այն է, որ եթէ շղթայով շրջապատենք որեւէ մէկ գիւղ կամ քաղաք այնպէս՝ որ ո՛չ ոք ներս մտնէ, նոյնպէս եւ ո՛չ մէկ բան ընդունինք դուրսէն, այդ գիւղին ու քաղաքին մէջ ո՛չ մէկ մարդ կը հիւանդանայ, թէեւ խոլերան չորս կողմը կոտորած ընէ:

3. ԽՈԼԵՐԱՅԻ ՎԱՐԱԿԸ (ԹՈՅՆԸ) ԿԱՄ ՄԻՔՐՈՊԸ

Մենք յաճախ գործածած ենք վարակ, թոյն եւ վարակում բառերը: Հիմա տեսնենք, թէ ատոնք ի՞նչ կը նշանակեն:

Վարակը կենդանի թոյն մըն է, որ մեր մարմինին մէջ մտնելով, կը թունաւորէ մեզ:

Մենք բազմաթիւ թոյներ կը ճանչնանք. մկնդեղն ալ թոյն է, սնդիկն ալ, օփիումն ալ: Ասոնք բոլորը կրնան մեզ միայն այն ժամանակ թունաւորել, երբ անոնցմէ որոշ քանակութեամբ կուլ կու տանք, իսկ եթէ քիչ չափով ընդունինք, ո՛չ մէկ վնաս կը հասնի մեզի, նոյնիսկ ալ՝ օգուտ, որովհետեւ ատոնք որոշ հիւանդութիւններու դէմ դեղեր են:

Խոլերային թոյնը ատոնց պէս չէ: Անոր ամենէն չնչին մասնիկն ալ մեր կազմուածքին (մարմինին) մէջ իյնալով, կրնայ սարսափելի արագութեամբ աճիլ ու թունաւորել մեզ:

Ուրիշ զանազանութիւն մըն ալ կայ: Երբ հասարակ թոյներէն մարդ մը որոշ չափով ընդունի, ան կամ կը մեռնի եւ կամ ոչ, եւ վերջացաւ, այլեւս ուրիշներու վրայ ո՛չ մէկ ներգործութիւն կ՚ընէ: Ուրեմն, թոյնը կ՚անհետանայ, կը կորսուի առաջին հիւանդին մէջ: Սակայն, խոլերային թոյնը հիւանդին մեռնելէն ետք ալ չ՚անհետանար, եւ կրնայ անկէ անցնիլ (փոխուիլ) ուրիշներուն եւ սպաննել զանոնք:

Հետեւաբար, խոլերայի վարակը առանձին տեսակի թոյն մըն է, որ միշտ կը շատնայ, կ՚աճի հիւանդին մարմինին մէջ եւ մէկէն դուրս ելլելով ուրիշներն ալ կը վարակէ: Մէկ խօսքով, ասիկա կենդանի թոյն մըն է:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2 

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2022