ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԴԵՐԻ ԱՒԱ՞ՐՏ
Բոլորս գիտենք, որ յառաջիկայ ամիսները ճակատագրական պիտի ըլլան Հայաստանի Հանրապետութեան համար։ Գիտենք նաեւ, որ բաւական բարդ դրութեան առջեւ կանգնած է Հայաստան ո՛չ միայն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, այլեւ սեփական տարածքային ամբողջականութեան տեսակէտէ։
Ամիս մը առաջ Ատրպէյճանի զօրքերը 8.5 քիլօմեթր խորանալով ներթափանցեցին Հայաստանի տարածքը ու մինչեւ հիմա ալ կը մերժեն դուրս գալ։ Պատահածը ունէր նախընթաց, որովհետեւ աւելի վաղ՝ 2021 թուականի մայիսին, Ատրպէյճան յատուկ գործողութիւն մը կատարելով մուտք գործած էր Պարզ լիճի շրջանը ու այնտեղ տեղակայուած։
Այս բոլորի կողքին բաւական աշխոյժ քաղաքական գործընթացներ տեղի կ՚ունենան՝ հակառակ անոր, որ Հայաստանի համար գերագոյն խնդիրը կը շարունակէ (եւ յառաջիկային ալ այդպէս պիտի ըլլայ) մնալ սահմաններու անվտանգութիւնը ապահովելը, ինչ որ տարբեր պատճառներով կը մնայ խոցելի։ Իշխանութիւնը, որուն ամեհի սխալներուն հետեւանքով այս օրին հասաւ Հայաստան, սկսած է հասկնալ, թէ «Խաղաղութեան դարաշրջան» կոչուածը պղատոնական սիրոյ կը նմանի։ Այլ խօսքով, Ալիեւի առաջնորդած Ատրպէյճանը շատ լաւ գիտէ, որ հայկական կողմին համար մեծագոյն խնդիրն է անվտանգութիւնը։ Ուստի, օդին մէջ կը պահէ Հայաստանի կողմէ իրեն երկարած ձեռքը եւ կը շարունակէ իր հին-նոր հռետորաբանութիւնը գործի դնել։ Մինչ Երեւանի քաղաքական աւագանին սկսած է գիտակցիլ, թէ անցեալ շրջանի մօտեցումները այլեւս չեն աշխատիր, անդին Պաքու Հայաստանէն հնչած նախկին հռետորաբանութիւնը «նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» մօտեցումը դարձուցած է ամենօրեայ վրէժխնդրութեան հիմնառիթ։
Միւս կողմէ, աւելի քան յայտնի է, որ միջազգային բեմահարթակի ծանր զարգացումները եւ յատկապէս՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը, որ շուտով կը մօտենայ իր 10-րդ ամսուան, կը համարուին հիմնական պատճառներ, որպէսզի Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած գործընթացները անցնին արագ նոր փուլի մը։ Ալիեւ լաւագոյնս կ՚օգտուի իրեն տրուած առիթներէն, նաեւ գործի կը մղէ Թուրքիոյ ռազմաքաղաքական մեծ նեցուկը, այդպիսով ալ ապահովելով կարեւոր միաւորներ ո՛չ միայն իր իշխանութիւնը վերանորոգելու, այլ ձեւով մըն ալ օգուտ տալով Թուրքիոյ, այդպիսով նաեւ մեծ միաւորներ նուիրելով նախագահ Էրտողանին։
Այս բոլորէն անդին կայ շատ կարեւոր կէտ մը, որուն ականատես եղանք անցեալ ամիս եւ որ խորքային նոր փուլի մը բացումը կրնայ ըլլալ, եթէ, անշուշտ, հայկական կողմը կարողանայ լաւագոյնս իր օգտին ծառայեցնել ստեղծուած պատկերը։ Այդ կէտը կը մատնանշէ Ատրպէյճանի ուժերու կրած ծանր հարուածները, որոնց պատճառով Ալիեւ ստիպուած կ՚ըլլար «անսալ» Ուաշինկթընի կոչերուն ու դադրեցնել այն յատուկ գործողութիւնը, որուն հիմնական նպատակն էր բանալ դէպի Նախիջեւան ցամաքային ճանապարհը ու այդ կերպով ալ Հայաստանը մեկուսացնել ու կտրել իր դաշնակից հարեւանէն՝ Իրանէն։
Պատկերացուցէք, ինչպիսի մեծ միաւոր ստացած պիտի ըլլար Ալիեւ, եթէ բանար «համաթուրանական մեծ դուռ»ը, միեւնոյն ժամանակ անտեսելով թէ՛ Իրանի եւ թէ՛ Արեւմուտքի շահերը։ Այդպիսով նաեւ ապահոված պիտի ըլլար Ռուսաստան-Ատրպէյճան-Թուրքիա եռեակին միջեւ վարագոյրներու ետին պատրաստուած ծրագիրը, որուն մասին աւելի վաղ խօսած էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին։
Ատրպէյճանի նահանջի իրական պատկերը աւելիով շեշտաւորուեցաւ, երբ Փրակի մէջ, այս անգամ բացառապէս եւրոպական միջավայրի մը մէջ, Թուրքիոյ նախագահը հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի վարչապետին հետ։ Ալիեւ, որ այդ հանդիպումներուն ընթացքին ինչպէս միշտ հանդէս կու գար խրոխտ-յաղթողի դիրքերէ, վստահաբար ներքին տագնապ մը ապրած ըլլայ, որովհետեւ Ատրպէյճանի համար միշտ ալ մտահոգութեան դուռ կը բանան Թուրքիա-Հայաստան ուղղակի շփումները։ Հոս է նաեւ, որ կը ծագի մեծ հարցումը, թէ արդեօք Էրտողան-Փաշինեան հանդիպումը նոր սկիզբ մը կրնա՞յ դառնալ Կովկասի տարածաշրջանին համար, որուն նոր կարեւորագոյն խաղացողն է Թուրքիան։ Փաստ է նաեւ, որ Փաշինեանի դէպի Անգարա բացուելու քաղաքականութիւնը արգասիքն է Մոսկուայէն տրուած կանաչ լոյսի մը։ Հայաստանի կարեւոր, բայց արդէն ոչ-համոզիչ դաշնակիցը՝ Ռուսաստան երկար ժամանակէ ի վեր հետամուտ եղած է, որ Թուրքիա-Հայաստան «թէժ գիծ» մը բացուի։ Այժմ անոր վրայ ալ կամաց-կամաց մարմին կը ստանան ապագայ իրադարձութիւնները։ Գուցէ աւելի վաղ ալ եղած են նման միտումներ ու, բնականօրէն, Մոսկուա միշտ յայտնուած է այդ յարաբերութիւնները «տաքցնող»ի դերին մէջ։ Սակայն, բացառապէս այդ յարաբերութիւններուն մինչեւ որոշ կարմիր գիծերու հասնիլը կամ այլ խօսքով՝ մինչեւ այն կէտը, ուր կրնան վնասուիլ Ռուսաստանի մեծ դերն ու «հայրութիւն»ը այս տարածաշրջանին համար։ Այսօր, սակայն, այդ դերը ամէն օր կ՚ընթանայ դէպի տկարացում։ Ռուսաստան, որ ներկայ փուլին ո՛չ միայն մխրճուած է Ուքրայնայի պատերազմի ճահիճներուն մէջ, այլեւ ունի մեծ խնդիր Ուքրայնայի իր սահմանամերձ շրջանները պահպանելու։ Մոսկուա չունի երէկուան ներուժը՝ պահպանելու համար իր հեղինակութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ։ Եւ գուցէ այդ պատճառով՝ իր կողմէ տրուած կանաչ լոյսը ունի շատ աւելի մեծ եւ տարողունակ ազդեցութիւն՝ քան ինչ որ կար անցեալին։ Չմոռնանք, Մոսկուա միշտ գործի դրած է հայ-թրքական ատելութեան «աշխատող» զէնքը, տակաւին սովետական շրջանէն։ Այդպէսով կը փորձէ իր ձեռքերուն մէջ պահել հայ-թրքական թնճուկը՝ պատմականութեամբ եւ ահերով։ Այսօր, գուցէ, Ռուսաստանի կողմէ այդ ատելութեան հրահրումը չկայ, այդ մասին յաճախ խօսած է Փութին, բայց կան այդ ատելութեան կայծերը, որոնք աւելիով բոցավառիլ սկսան 2020 թուականի աղէտալի պատերազմի օրերուն եւ նոյնպէս այդ պատերազմի աւարտէն ու 9 նոյեմբերի՝ հայութեան համար «խայտառակ պարտութիւն» նշանակող փաստաթուղթի ստորագրումէն ետք։ Ուրեմն այս հաշուով կ՚ունենանք բաւականին թանձր ու մշուշապատ պատկեր մը, երբ «ծեծ կերած» հայկական կողմին կը պատուիրէ Քրիստոսի խօսքը. «Սիրէ թշնամիդ»։ Եւ այստեղ կը ծագի նաեւ բաւական մեծ հարցում մը, որ մասնաւորապէս կը վերաբերի Թուրքիոյ նոր դերին, որ ամբողջապէս պիտի բացայայտուի յառաջիկայ ամիսներուն։
Ի վերջոյ Թուրքիա ի՞նչ պիտի ուզէ իր նոր դերով կամ ինչի՞ պիտի յաւակնի՝ քանի ինքն ալ ունի բաւականին մեծ մարտահրաւէրներ, որոնք կը վերաբերին երկրի տնտեսութեան, Սուրիոյ տագնապին, Յունաստանի հետ խնդիրներուն եւ այլ թղթածրարներու, որոնք կրնան աւելիով շեշտուիլ յառաջիկայ փուլին՝ մեծ հաշուով Թուրքիոյ ընտրութիւններուն ընդառաջ։
Եթէ մէկդի դնենք միջացնքի հարցը, արդեօք Էրտողան Փաշինեանի հետ գործակցութիւն մը յառաջ տանելու փորձով պիտի ուզէ՞ Պաքուն հանդարտեցնել, Ատրպէյճանի ուժերը Հայաստանի սահմաններէն ետ քաշել տալ, գերիներու հարցը լուծել եւ այսպէսով բոլոր առումներով վառօդի տակառի վերածուած Հայաստանի հիւսիսային ամբողջ հատուածը հանդարտեցնել։
Այստեղ կայ նաեւ Իրանի գործօնը։ Թէեւ Իրան մինչեւ ատամները զինուած է, սակայն, մասնաւորապէս այս փուլին դժուար է պատկերացնել, թէ ան զինեալ միջամտութիւնով մը փորձէ զսպել Ատրպէյճանի նկրտումները՝ հայերու սիրոյն կամ նոյնիսկ յանուն իր շահերուն։
Ամէն պարագայի մեկնարկը 2020 թուականին արդէն իսկ տրուած էր։ Այդ մեկնարկը կը խօսի թրքական կարեւոր դերի մը մասին, որուն ականատեսը պիտի ըլլանք յառաջիկայ փուլերուն։ Աւելի քան պարզ է, որ Ռուսաստան այսօրուան պայմաններուն մէջ ամէն գնով պիտի ողջունէ այդ դերը, որուն ճամբով ալ պիտի փորձէ իր գլուխէն հեռու տանիլ փորձանք մը եւս, որ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր պատերազմի մը հրահրումն է եւ որուն գլխաւոր զոհը կրնայ ըլլալ Հայաստան, եթէ այս անգամ ալ սխալներ գործէ եւ օգնութիւն ակնկալէ դաշնակից համարուած կամ նոյնիսկ դաշնակից երկիրներէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան