ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ տեսակցեցաւ Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Քարամանի եւ գործակից ընկերներուն հետ։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ 3-4 դեկտեմբերի շաբաթավերջին պիտի կատարուի Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու յիշատակութիւնը, նաեւ տեղի պիտի ունենայ այս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։ Ուստի, Ենիգաբուի ներկայացուցիչները Պատրիարքարան փութացած էին Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու համար։

Զրոյցի տեւողութեան խորհրդակցութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ համայնքային ընտրութիւններուն շուրջ։ Թաղականները յայտնեցին, որ խորհուրդի այժմու կազմը որոշած է պաշտօնավարութիւնը շարունակել՝ պահպանելով իր կորիզը։ Յամենայնդէպս, յառաջիկայ շրջանին կազմին մէջ պիտի ընդգրկուի իգական սեռի չորս ներկայացուցիչ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ պիտի հովանաւորէ եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը, թաղականներուն յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ գործունէութեանց համար։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022