ՇՈՓԵՆՀԱՈՒԸՐ ՄԱՐԴՈՒ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ
Մինչ Արթիւր Շոփենհաուըր կը ձեւաւորէր իր միտքերը, անոր վրայ ազդած էին իր ժամանակաշրջանի բացասական պայմանները եւ անոր ստեղծագործութիւններու մէջ կը գերիշխէր յոռետեսութիւնը։ Այս իսկ պատճառով զինք կը բնութագրէին որպէս իր ժամանակաշրջանի ամենայոռետես փիլիսոփան։
Շոփենհաուըրի միտքերը, յատկապէս կեանքի մասին, շատ աւելի մեծ յոռետեսութիւն կը պարունակեն։ Անոր փիլիսոփայական միտքերը մարդակեդրոն են։ Ան գաղափարներ մշակած է մարդկային կեանքի իւրաքանչիւր կարեւոր նիւթի վերաբերեալ։ Շոփենհաուըրի փիլիսոփայութիւնը նաեւ կամքի փիլիսոփայութիւն է։ Ըստ իրեն՝ կամքը իր ամենակատարեալ ձեւն ու գործառոյթը կը բիւրեղացնէ մարդու մէջ։
Ինչպէս միւս փիլիսոփաները, նոյնպէս Շոփենհաուըր պատասխան փնտռած է այն հարցին, թէ «որո՞նք են մարդը ուրիշ կենդանի էակներէն զանազանող առանձնայատկութիւնները»։ Առհասարակ ան կեդրոնացած է մարդու գործողութիւնները այլ արարածներէն տարբերող հիմնական չափանիշներու վրայ։
Մարդկային կեանքի ամենակարեւոր խնդիրներէն մին եղած է մահը եւ մահուան վախը։ Մահուան նշանակութիւնը եւ մահուան վախը յաղթահարելու նման հարցերու մասին, ըստ Շոփենհաուըրի, միայն կարելի է մտածել եւ եզրակացութիւններու յանգիլ։ Շոփենհաուըր կը նշէ, որ մահուան նկատմամբ մարդու վերաբերմունքը հասկնալու համար պէտք է բացայայտենք այն կողմերը, որոնք զայն կը տարբերէ բոլոր կենդանի էակներէն, յատկապէս անասուններէն եւ այսպէսով համապատասխան եզրակացութիւններու յանգիլ։ Երբ կը նայինք մարդոց եւ այլ կենդանիներու միջեւ տարբերութեան, մենք կը տեսնենք, որ մարդիկ ունին ինքնագիտակցութիւն եւ վերացական մտածողութեան ընդունակութիւն՝ ինչպէս Շոփենհաուըր նշեց. մարդիկ միակ կենդանի էակներն են, որոնք կրնան վերացական մտածել եւ նայիլ իրենց անցեալին, անհանգստանալ ապագայի համար, ունենալ մտադրութիւններ եւ գործել ծրագրուած կերպով:
Միայն մարդիկ գիտեն մահուան ճշմարտութիւնը: Այլ կենդանիներ չեն կրնար յարաբերութիւն հաստատել իրենց եւ մահուան իմաստին միջեւ, ինչպէս մարդիկ կ՚ընեն։ Ինչպէս կ՚ըսէ Շոփենհաուըր՝ «միայն մարդը, վերացական հասկացութիւններու մէջ, կը կրէ իր մահուան ճշմարտութիւնը»: Միւս կողմէ, Շոփենհաուըր կը պնդէ, որ մահուան վախը ունին ո՛չ միայն մարդիկ, այլեւ կենդանիները: Կենդանիները կը փախչին մահէն՝ առանց հասկնալու, թէ այդ մէկը ինչ է, որովհետեւ այդ փախուստը բնազդային է:
Այն ամէն ինչ, որ կը ծնի, անոր հետ լոյս աշխարհ կու գայ նաեւ մահուան վախը։ Այս պատճառով «անհետացման» վախը բնորոշ է իւրաքանչիւր կենդանի արարածի, ինչպէս նաեւ իր տեսակը տեւականացնելու ջանքերը։ Ըստ Շոփենհաուըրի՝ կենդանիներու՝ իրենք եւ իրենց սերունդը բոլոր վտանգներէն պաշտպանելու ջանքերը ո՛չ միայն ցաւէն խուսափիլն է, այլեւ՝ մահուան վախը։ Մահը կը մատնանշէ անհետացումը եւ թէ՛ մարդիկ եւ թէ՛ կենդանիները կը փորձեն պաշտպանուիլ այս անհետացումէն: Շոփենհաուըրի կարծիքով՝ մարդոց ու կենդանիներու այս տեսակ վարքագծի պատճառն է ապրելու կամքը եւ մահուան դէմ ժամանակ շահելու ցանկութիւնը։ Հետեւաբար, քանի որ թէ՛ մարդիկ եւ թէ՛ կենդանիները ապրելու կամք ունին, անոնք կառչած են կեանքին:
Թէեւ Շոփենհաուըրի փիլիսոփայութիւնը մարդակեդրոն է, այդ մէկը նաեւ կամքի փիլիսոփայութիւն է: Կամքը ամէն ինչին հիմքն է։ Կամքը ապրելու փափաքն է, ինչ որ ունին բոլոր կենդանի էակները: Ըստ Շոփենհաուըրի՝ ապրելու կամքը մարդու ներքին աշխարհի էութիւնն է։ Այդ իսկ պատճառով, ան կը պնդէ, որ կամքը զուրկ է գիտելիքէն, նաեւ՝ կոյր, որովհետեւ կամքը ի ծնէ մեր իսկական ներքին բնոյթն է. գիտելիքներ կը քաղենք աւելի ուշ: Գիտելիքը խորթ է կամքին: Այդ պատճառով գիտելիքն ու կամքը կը հակասեն: Ըստ իրեն՝ մահուան վախը անկախ է գիտելիքէն։
«Չարիքներէն ամենամեծը, ամենավատը, որ կրնայ սպառնալ որեւէ տեղ, մահն է։ Ամենամեծ վախը մահուան վախն է։ Ոչինչ մեզ այնքան անդիմադրելիօրէն կը յուզէ, ոչինչ աւելի սարսափելի է՝ քան մահապատիժը», կ՚ըսէ Շոփենհաուըր։ Հետեւաբար, մահուան վախը հասկնալու համար պէտք չէ մահը հասկնալ եւ անոր գիտակցիլ: Որովհետեւ մարդոց մահուան վախի պատճառը անոնց բանականութիւնը կամ մահուան գիտակցումը չեն։ Ընդհակառակը, մահուան վախը բնածին է մարդոց՝ ինչպէս այլ բոլոր կենդանի էակներու մօտ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ