ՔԱՂԱՔԱԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ ՉԵՄ ԶԲԱՂԻՐ

Մաստակի վերածած են այս արտայայտութիւնը: Ես ալ նոյնպէս քաղաքականութեամբ չեմ զբաղիր, թէպէտ իմ ստացած համալսարանական կրթութիւնը ինծի թոյլ կու տայ զբաղելու վերջինովս:

Առաւել եւս մինչեւ 2020 թուականի սահմռկեցուցիչ պատերազմը, ես չէի հետաքրքրուեր քաղաքականութեամբ, քանզի այն ինծի համար խրթին  էր ու գլխապտոյտ կը պատճառէր: Արցախի դաւադրաբար յանձնումը սթափեցուց զիս եւ պահանջ ներկայացուց տէր կենալ իմ հայրենիքին, իմ հող ու ջուրին, իմ աստուածատուր երկրին: Իսկ հայրենիքի շնչուղիները կ՚անցնին քաղաքականութեան նեղ միջանցքներով: Սա հրէշին պատճառաւ է, որ դարեր շարունակ կը յաղթենք զէնքով՝ կը յանձնենք գրիչով: Քաղաքականութիւնը հայը չի սիրեր, կամ հակառակը. հայը կը խորշի քաղաքականութենէն:

Յայտնի խօսք մը կայ, որ այսօր եկած է ապացուցելու իր կենսունակութիւնը հայերուս. «Եթէ նոյնիսկ դուն չզբաղիս քաղաքականութեամբ, քաղաքականութիւնը պիտի զբաղի քեզմով»: Մասնաւորապէս հայաստանցիներուն անտարբեր հատուածը, որ կը կազմէ զգալի թիւ մը, որպէս վահան ինքզինքը իր հայրենիքէն, իր ապրելու իրաւունքէն, կը պաշտպանէ այս նշանաւոր արտայայտութեամբ: Կ՚ըսէ, ու կ՚երթայ: Այլեւս գտած է դէպի անդունդ տանող արահետը:

Ես ալ մինչեւ այսօր չեմ զբաղիր քաղաքականութեամբ, ես կը զբաղիմ իմ հայրենիքով, որ կը գտնուի մեծ վտանգի մէջ եւ ունի մեզմէ իւրաքանչիւրի օգնութեան, աջակցութեան կարիքը: Եւ երբ այդ հայրենիքը կը ձայնէ ինծի, ես զինուորի պէս՝ կազմ ու պատրաստ կը կենամ իր կողքին: Նոյնիսկ կանխատեսելով տուեալ քայլի անարդիւնաւէտութիւնը՝ կը համալրեմ հայրենապաշտպաներու շարքերը, մինակս չէ՝ ընտանիքիս, զաւակներուս հետ միասին: Չէ՞ որ հիւանդ ժամանակ մենք կը ջանանք հետեւիլ բժիշկի բոլոր ցուցմունքներուն: Եթէ ապաքինումի նշոյլ մը անգամ ըլլայ, կը գործածենք բոլոր նշանակուած դեղերը: Առաւել հակիրճ՝ յանուն մեր մարմիններու փրկութեան, կը կառչինք բոլոր հնարաւոր փրփուրներէն: Անթաքոյց, այս է առողջ ուղին:

Չկայ չարիք՝ առանց բարիքի:

Այսօր մենք հնարաւորութիւն ունինք թերթելու հայոց պատմութեան էջերը կենդանի օրինակով: Պատմութիւնը կը կրկնուի: Գիրքեր թերթելու պահանջ այլեւս չէ մնացած: Մենք ամէն օր ու ժամ կ՚ապրինք այդ պատմութիւնը: Անհրաժեշտ է դասեր քաղել հայոց պատմութենէն, սակայն, ինչպէս հազարամեակներ շարունակ, այս անգամ նոյնպէս մեր ժողովուրդը կը թերանայ: Փրկիչ Աստուածը ձգած, ամէնուր կը փնտռէ փրկիչներ: Կ՚ուզէ, որ անպաճոյճ մէկը զինքը պաշտպանէ, իրեն օգնէ: Միայն թէ ինք այդ ընթացքին նստի ձեռքերը ծալած:

Մէկ ուրիշ ազգ, ժողովուրդ մը կը ճանչնա՞ք, որ պատրաստ է միշտ զիջելու իր հայրենիքը: Ամէն դարի հոլովոյթին ա՛լ աւելի կը փոքրանայ, կը թուլանայ: Նիկոլը նորութիւն մը չէ մեզի համար: Ան հայ ժողովուրդի արատաւոր հատուածի մէկտեղումն է անձի մը մէջ: Ան հայու դաւաճան կերպարն է: Վերջինիս իշխանութեան գալով մենք բացայայտեցինք մեր մէջի արատները: Ան պարզապէս ջուրի երես հանեց մեր կեղտոտ սպիտակեղէնը: Պէտք է խոստովանիլ, թէ այսօր մեր երկիրը դէպի կործանում տանողը ոչ թէ Նիկոլ Փաշինեանն է, այլ վերջինիս անվերապահօրէն վստահող ու երկրպագող անգիտակից, տգէտ հատուածը: Վարչապետի պաշտօնը զաւթածը վերջիններս կնքած է ժողովուրդ անուամբ, իսկ ինքզինք՝ այդ ժողովուրդին ծոցէն ծնած զաւակ մը: Եւ պարզորոշ կերպով կը գործէ այդ ժողովուրդի անունով:

Հայութեան գիտակից հատուածը խիստ քննադատութեան կ՚արժանացնէ հայոց պետականութիւնը վտանգողները, տալով զանազան պիտակաւորումներ՝ ժեխ, անհայրենիք, անողնաշար, տգէտ, անգրագէտ...

Ամէն բառի մէջ կայ ճշմարտութիւնը, սակայն իրավիճակին ճիշդ գնահատական տալու համար կու գան մոլորութիւն ու հիւանդութիւն բառերը: Այսօր մեր հասարակութիւնը հիւանդ է, շատ հիւանդ, նոյնիսկ անբուժելի:

Երբ մարդ կը հիւանդանայ, զայն բուժելու կը ջանան, ոչ թէ մեղադրելով ու ծաղրելով կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ հիւանդացար: Քու կարճ խելքէդ հիւանդացար, ուրեմն կրնաս մեռնիլ: Այո՛, մեր հասարակութիւնը հիւանդ է ընդ որում՝ ոչ այնքան իր խելքէն, որքան՝ վերջինս հիւանդացուցած են յատուկ ջանքերով, յստակ թեքնոլոժիներով: Կրնանք ըսել, թէ առհասարակ վարակած են:

Իսկ ամէն մարդ հիւանդ չի կրնար բուժել, այդ գործը կը պարտինք բժիշկներուն: Նոյնը հասարակութիւններու պարագային է, զանոնք պէտք է բուժեն այն մարդիկ, ուժերը, որոնք ունին համապատասխան փորձ ու գիտելիքներ, այսինքն տուեալ հիւանդութեան նեղ մասնագէտ են: Բժիշկը այդ կրնայ ընել դեղերով, հասարակութեան պարագային այդ մէկը թեքնոլոժին է:

Հասարակութիւնը հիւանդ ըլլալուն պատճառաւ ո՛չ թէ մեղադրել, ատել, տրորել, ծանակել, այլ՝ բուժել: Իսկ եթէ հիւանդութիւնը անբուժելի է, նորէն պէտք չէ մեղադրել: Պէտք է փորձել մեղմել մահը: Իսկ մեր հասարակութիւնը ծանր հիւանդ է: Անհրաժեշտ է անյապաղ զբաղիլ վերջինովս:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2022