ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Երէկ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի 3-րդ նիստը։ Երկու երկիրներու փոխ-վարչապետները՝ Մհեր Գրիգորեան եւ Շահին Մուսթաֆաեւ գլխաւորեցին բանակցութիւնները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մինչ յանձնաժողովի նիստին սկսիլը, Եւրոմիութեան Արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան ընդհանուր քարտուղար Սթեֆանօ Սանինօ ողջունեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնները, յաջողութիւն մաղթեց յանձնաժողովի աշխատանքներուն համար։ Ան վերահաստատեց Եւրոմիութեան պատրաստակամութիւնը՝ ապագային եւս օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։ Մհեր Գրիգորեան եւ Շահին Մուսթաֆաեւ, իրենց հերթին, ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան՝ երախտագիտութիւն յայտնելով Եւրոմիութեան խորհուրդին նկատմամբ այս հանդիպման լաւ կազմակերպման բերումով։ Հաշուի առնելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու մակարդակով զանազան ձեւաչափերու մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները՝ կողմերը շարունակեցին սահմանազատման հարցերու քննարկումը, անդրադարձան կատարման կազմակերպչական եւ ընթացակարգային հարցերու։

«Յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան իրաւական շրջանակներու ձեւաւորման նպատակով՝ կողմերը համաձայնեցան արձանագրել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի եւ Ատրպէյճան-Հայաստան պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի համատեղ գործունէութեան կարգի համաձայնեցման աշխատանքները», նշուած է երէկուան ժողովին կապակցութեամբ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Պրիւքսելի երէկուան հանդիպման ընթացքին կողմերը համաձայն գտնուեցան աշխատանքային կարգով որոշել յանձնաժողովի յաջորդ՝ 4-րդ նիստի վայրն ու թուականը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2022