ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՆՈՐ ԴԷՊՔ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԴԷՊԻ ՆԻՒ ԵՈՐՔ

Երէկ գիշերուան ժամերուն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն դարձեալ բախումներու եւ լարուածութեան մասին լուրեր հասան։ Այսպէս, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ժամը 19.40-ին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները զանազան տրամաչափէ հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են սահմանի արեւելեան հատուածէն ներս տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ։ Բախումներուն հետեւանքով հայկական կողմը կորուստներ չէ ունեցած։

Ժամը 22.00-ի դրութեամբ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրադրութիւնը դարձած է յարաբերականօրէն կայուն։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2022